«Այլեւս ամչցէ՛ք…» Գրուած 29 սեպտեմբեր 2009-ին (բայց մինչ օրս ուժի մէջ)

Այլեւս ամչցէ՛ք…

Այո ժողովուրդ, բառին բուն իմաստով՝ թող ամչնան:
Թող ամչնան, որովհետեւ իրենք՝ աշխարհասփիւռ հայութեան յոյսն ու ապաւէնը հանդիսանալու կոչուած Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները, նոյնիսկ եթէ անգիտակցաբար, բայց փաստօրէ՛ն կը նպաստեն Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան եւ անոր աջակից կ’ըլլան:

Թող ամչնան, որովհետեւ իրենց անձնական փառասիրութիւններն ու «առասպել» դառնալու յաւակնութիւնները կը գերադասեն ազգային պետական շահերէն:

Թող ամչնա՛ն, որ իրենք, սահմանի բացման համար, որ անօրէնութեամբ փակուած էր թուրքիոյ կողմէ, միակողմանի եւ ի նպաստ Թուրքիոյ ազգային շահերուն զիջումներ կ’ընեն:

Թող ամչնա՛ն, որ Հայաստանի մէջ 21-րդ դարուն տակաւին կան մարդիկ, նաեւ՝ քաղաքական գործիչներ, որոնք հրապարակաւ եւ յամառօրէն կ’ընդունին ներկայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բիրտ ուժով գծուած՝ անարդա՛ր սահմանները:

Թող ամչնա՛ն, որովհետեւ արդէն կասկածի ու տարակոյսի տակ դրած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ համաձայն գտնուելով նախաստորագրուած այդ արձանագրութիւններուն մէջ գլխաւոր եւ հիմնական տեղ գրաւած՝ յայտնի «պատմական իրադարձութիւնները ուսումնասիրելու» միջ-կառավարական յանձնաժողովի ստեղծման:

Այլեւս ամչցէ՛ք, որ մի քանի ամսուան ընթացքին ջուրի պէս կը շոգիացնէք Հայ Դատի տասնամեակներ տեւած յաջողութիւնները եւ կը խափանէք ու կը դժուարացնէք Հայ Դատի եւ մեր իրաւունքներուն միջազգային հետապնդումը: Լսեցէ՛ք Հայ ժողովուրդին, սփիւռքահայութեան եւ Հայ Դատը հետապնդող կազմակերպութիւններու զայրոյթին, եւ մի՛ բաւարարուիք միջազգային հանրութեան, մանաւանդ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դրական արձագանգներով: Այլեւս սկսած ենք նախանձիլ թրքական քաղաքականութեան, իսկ զզուիլ ու հիասթափուիլ վերջերս մեր նոր իշխանութեան որդեգրած արտաքին քաղաքականութենէն: Զայրացած ու հիասթափուած է ամբողջ սփուռքը:

Զայրացած է այն հայը, որուն համար առաջնահերթ է ազգային շահը ու պահանջատէր է Թուրքիոյ նկատմամբ: Իսկ անբարոյ է այն հայը, որ ազգային-պետական մեր շահերը, մեր հողային պահանջատիրութիւնը, Ղարաբաղի անկախ հանրապետութիւնն ու մեր անկեղծ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը քաղաքական առեւտուրի առարկայ կը դարձնէ:

 

Հարմանտայեան Ասպետ
29 Սեպտեմբեր, 2009
Source: Azator.gr & Facebook

Comments

comments