Դաշնակցական Հսկային Քանդակուած Ժպիտը

Անդրադարձ` ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէութեան Նախաձեռնութեան Առիթով.

Երկիւղած հայեացքի մը ներքեւ տեղի ունեցաւ մեր առաջին հանդիպումը Ռոստոմի կիսանդրիին հետ, որուն ամբողջացման լծուած էր վաստակաւոր քանդակագործ Վարդան Աւեսեան:
Շաբաթներ առաջ պատահական այցելութեամբ մը կը գտնուէինք արուեստագէտին աշխատանոցը: Զգալի էր Վարդանի այդ օրերու խռովքը, ալեկոծ ներաշխարհը, անհանդարտ դիմագիծն ու յորդ զգայնութիւնը:

Վայրկեանուան մը համար ինծի անհասկնալի կը թուէր այս բոլորի պատճառը, որովհետեւ մեր տեսողութենէն վրիպած էր արուեստանոցին մէկ անկիւնը ժամանակաւոր պատուանդանի մը վրայ կը հանգչէր, դաշնակցական հսկային կիսանդրին,տակաւին կիսաւարտ…
Քիչ ետք, արուեստագէտը ցոյց տուաւ իր ստեղծագործութիւնը` աւելցնելով, թէ իր ամէնէն դժուար գործերէն մէկն է, սակայն անոր` Ռոստոմի ունեցած հմայքն ու տիտան գործունէութիւնը զինք մղած էին թափանցելու անոր հզօր կերպարին եւ շաբթուան մը տառապալից, տքնաջան եւ տիւ ու գիշեր աշխատանքէ ետք լոյսին բերած էր անոր մեծահոգի անհատականութիւնն ու հրաշակերտ դիմագիծը:

Իրօք, քանդակագործ վարպետը յաջողած էր իր յոյժ պատասխանատու գործին մէջ. եւ այդ միջոցին, թէեւ անաւարտ, սակայն Ռոստոմի քանդակը կը շնչէր հեզահամբոյր ժպիտով, ազնուական կեցուածքով ու հայրենասէրի վեհ դիմագծութեամբ կը դիմաւորէր դիմացը կանգնողը:
Այսօր, երբ իրականութիւն է դարձած Ռոստոմի կիսանդրիին զետեղման արարողակարգի թուականը (վաղը` կիրակի օր) անհամբեր է դաշնակցական ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ, տեսնելու եւ վերապրելու հիմնադիր երրորդութեան այս տիտանին լուռ ժպիտը, ծանրախոհ կերպարը, կենդանի գործին հանդէպ անոր ցուցաբերած անսահման հաւատամքը, ազնուասիրտ եւ գաղափարապաշտ բարեմասնութիւնը, մտաւորական բարձրաթռիչ ունակութիւնը, սրբազան գործին փարելու անոր հուժկու կարողութիւնը, անհատականութիւններ կերտելու ի վերուստ շնորհը, հայրենասէրի բացարձակ ընկալումը, ժողովուրդի ծառայութեան եւ փրկութեան լծուելու անոր եզակի պատրաստակամութիւնը, հոգիներ եւ մտքեր կախարդելու ներզօր ուժը, գիտականութեամբ յագեցած անոր կուռ մտածողութիւնը, ընկերասէրի բացառիկ հմայքը, խորհրդաւորութեամբ շէնշող կենսակերպը, կրթական դաստիարակը, ազգային եզակի գործիչն ու ազգանուէր յեղափոխականը:

Այս պատեհ առիթով ընդգծելին կը մնայ այն, թէ դաշնակցական պատմագրութիւնը թէեւ լիարժէքօրէն արձանագրած է իւրայատուկ այս հիմնադիրին գործունէութեան բազմաշերտ ու բազմակողմանի տիպականութիւնը, այդուամենայնիւ, իրերայաջորդ սերունդներ միշտ ալ ուզած են վկայակոչել անոր կենդանի ներկայութիւնը` իբրեւ ներշնչման աղբիւր եւ ինքնաճանաչման պանթէոն:

Այս իմաստով, շնորհակալ եւ երախտարժան մտայղացումն մըն է այս նախաձեռնութիւնը, դաշնակցական լիբանանեան ընտանիքի մը համանուն կոմիտէութեան կողմէ, որ, շրջանի հիմնադրութեան նշումին եւ ժողովրդային տան բարեզարդումին ձեւով մը պսակադրումը կը կատարէր` արժանաւորապէս ակումբին մէջ զետեղելով ՀՅԴաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի կիսանդրին:
Հաստատենք, որ կոմիտէին այս մօտեցումը վաւերականօրէն կը զգենու դաշնակցականավայել արարքի իւրայատկութիւն, որով հպարտանալու է գաղութահայ մեր իրականութիւնը` յանուն ազգային կեանքի ուժեղացման եւ առաւել պայծառացումին:
Փաստօրէն, քարակերտ այս ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆԻՆ ներկայութիւնը եթէ մէկ կողմէ յարգանքի արտայայտութիւն է, ապա միւս կողմէ, անոր պարփակած նշանակութիւնը կ՛ընդգրկէ բազմերես խորհուրդներ:

Յայտնապէս, Ռոստոմի քանդակին վեհավառ ներկայութիւնը մեր կառոյցներէն եւ կազմակերպական կեանքէն ներս աւելի քան պարտաւորեցնող է, ինքնավստահօրէն շնչելու, արիաբար ղեկավարելու, տոկալու եւ դիմակայելու, շրջանցնելու ամէն դժուարութիւն, սանձելու թշնամի ոտնձգութիւններ, շրջելու ամէն պարտադրուած իրավիճակ, առանձնապէս լծուելու ժողովուրդի ծառայութեան, խոր հայրենասիրութեան եւ ազատասիրութեան ցոլքերը փոխանցելու նորահաս սերունդներու, լաւագոյնս կազմակերպուելու եւ առանց յեղյեղուկ վարքագծերու` ստանձնելու ազգային ճակատագրի եւ շրջապատի անվտանգութեան տնօրինումը:

Աւարտին, դաշնակցական երիտասարդութեան պարտքն է հոգեզինուիլ Ռոստոմաւանդ արժանիքներու մեծութեամբ, յիշել ու շեշտել այս մեծ ղեկավարին անպարագծելի անհատականութիւնն ու հզօր կամքը, այլապէս ներշնչուիլ, զօրանալ եւ նոր թափ տալ ազգային պահանջատիրական ամէն գործընթացի:
Բի՜ւր յարգանք անոր գերազանցապէս ժողովրդանուէր եւ դաշնակցականակերտ գաղափարական կերպարին:

Source: Aztag Daily

Comments

comments