Համբարձում Կէլէնեան

Համբարձում Կէլէնեան «Համաստեղ» (1895 – 26 Նոյեմբեր 1966)

Հայ հողին ու գիւղին, հայ գիւղացիին եւ տոհմիկ հայութեան, ակամայ պանդխտութեան եւ հայրենահան սփիւռքի մէջ յայտնուած մեր ժողովուրդին, մեծ աշխարհին հետ քայլ պահելու արժանաւորութեամբ արարող հայոց փոքր ածուին, բարի եւ ազնուասիրտ հայուն, մէկ խօսքով՝ Հայ Հոգիին իմաստուն երգիչը եղաւ Համաստեղ։
Յետ-Եղեռնեան շրջանի հայ ժողովուրդին տարագիր բազմութիւնները, աշխարհի ո՛ր ծագին ալ յայտնուեցան, հայրենի իրենց արմատներուն եւ ազգային յիշողութեան տէր կանգնելու ամէնէն հարազատ եւ վաւերական կանչը ստացան Համաստեղի գրականութենէն։
Տարեց թէ պատանի, հայրենամերձ գօտիները ինկած թէ հեռաւոր ափեր տարտղնուած հայու բեկորները իրենց սրտին երգը, մտքին լոյսը եւ հայկականութեան համն ու հոտը գտան Համաստեղի բանաստեղծութիւններուն եւ պատմուածքներուն մէջ։ Սիրեցին ու կապուեցան անոր եւ, իրերայաջորդ սերունդներով, հայ գրականութեան ամէնէն ժողովրդական տաղանդի պատուանդանին արժանացուցին Համաստեղը։

Աւազանի անունով Համբարձում Կէլէնեան կը կոչուէր։
Ծնած էր Խարբերդի մեծ գիւղերէն Փերչէնճի մէջ, 1895ին։ Ինչպէս որ հետագային իր ինքնակենսագրութեան մէջ Համաստեղ պիտի շեշտէր, Փերչէնճի հողն ու երկինքը, մարդիկն ու անասունները իրենց նմանը չունէին որեւէ այլ տեղ. իւրայատուկ եւ անկրկնելի էին…
Գիւղական դպրոցը աւարտելէ ետք, Համաստեղ իր ուսումը ստացաւ Խարբերդ նահանգի մեծ քաղաքներէն Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով հայ գիւղագրութեան հիմնադիրներէն Թլկատինցիի եւ հայ բանաստեղծաշունչ արձակի վարպետներէն Ռուբէն Զարդարեանի, որոնք Համաստեղի մէջ ցանեցին բարձրորակ ու արգասաբեր սերմերը նրբաճաշակ հայերէնի եւ գեղարուեստական ճաշակի։

1911ին աւարտեց Կեդրոնականը, տարի մը ուսուցչութիւն ըրաւ իր ծննդավայրի գիւղական դպրոցին մէջ եւ 1913ին մեկնեցաւ Մ. Նահանգներ՝ միանալու համար տարի մը առաջ հոն պանդուխտ գացած հօրը։ Այնուհետեւ մինչեւ մահ Համաստեղծ ապրեցաւ ու ստեղծագործեց Նիւ Եորքի մէջ, որու բազմազգեան մեծ քաղաքի խայտաբղէտ ու խաժամուժ մթնոլորտը չկրցաւ կլանել հայրենի հողին ուջուրին, հայ գիւղացիին եւ անոր պարզ ու վճիտ բարութեան պաշտամունքով եւ անմար յիշողութեամբ բաբախուն Համաստեղի սիրտն ու միտքը։
Ինչպէս որ իր մտերիմները եւ կենսագիրները կը վկայեն, նոյնինքն Նիւ Եորքի մէջ Համաստեղ ստեղծեց իր «Հայաստան»ը, տան պարտէզը մշակեց եւ հողագործութիւնը դարձուց կեանքի վայելքներէն մէկը։ Գտաւ նաեւ իր աշխարհայեացքն ու հայու յուզաշխարհը լիովին կիսող կեանքի ընկերը՝ Սրբուհի Համաստեղը, որուն հետ աւելի քան երեսուն տարի իրենց կեանքը լեցուցին հանրանուէր գործունէութեամբ՝ իրենց երկու դստրերուն ալ վարակելով հայաշունչ առօրեայով։

Համաստեղի գրական տունը դարձաւ Պոսթընի «Հայրենիք»ը, որուն էջերուն՝ օրաթերթ եղած ժամանակ, 1917ին, լոյս տեսան Համաստեղի առաջին բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները։ Իսկ 1922էն ետք, երբ Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրութեամբ սկսաւ «Հայրենիք Ամսագրի» հրատարակութիւնը, Համաստեղ դարձաւ անոր մնայուն աշխատակիցը՝ միաժամանակ ամէնէն աւելի կարդացուող ու փնտռուած ստորագրութիւնը։

Ինչպէս որ իր գրականութեան մէջ իրաւ արժէքներու անդաւաճան փարած հեղինակը մնաց, այնպէս ալ ազգային¬հանրային կեանքի մէջ, երիտասարդ իր տարիքէն, Համաստեղ եղաւ Դաշնակցութեան հաւատաւոր գործիչներէն, որ իր լայնախոհութեամբ եւ ազնուականութեամբ սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ նաեւ հակադաշնակցական շրջանակներու կողմէ, նոյնիսկ այն տարիներուն, երբ միջ-կուսակցական վէճերն ու հակադրութիւնները անշնչելի դարձուցած էին հայ իրականութիւնը։
Համաստեղ անխոնջ ստեղծագործող էր եւ «Հայրենիք»ներու թէ հայ մամուլի այլ պարբերականներու էջերուն լոյս տեսած իր գործերը աւելի քան եօթը մեծադիր հատորներ կը կազմեն։ Իր առաջին գործերը՝ «Գիւղը», «Անձրեւ»ը եւ «Քաջն Նազար եւ 13 պատմուածքներ» հատորները 1920ականներու վերջերուն արդէն հրատարակուած էին՝ հետագային արժանանալով մէկէ աւելի վերահրատարակութեանց։ Իր մեծագոյն երազն էր ամբողջացնել 1920ականներուն սկսած «Սպիտակ Ձիաւորը» երկհատոր վէպը, որ 1950ականներու վերջերուն իրականութիւն դարձաւ։ Բանաստեղծական իր ժառանգութեան յիշարժան գործերը կը հանդիսանան «Այծետոմար» եւ «Աղօթարան» հատորները։ Իսկ իր կեանքի վերջալոյսին, ծննդեան 70ամեակի յոբելեանին առիթով, Համաստեղ ամբողջացուց եւ «Համազգային»ը լոյս ընծայեց «Առաջին Սէրը» վիպակը։

Պէտք է կարդալ եւ ըմբոշխնել Համաստեղի գրականութիւնը՝ լիարժէք պատկերացում կազմելու համար հայ գրականութեան այս անզուգական ասպետին արժանաւորութեան մասին։
Համաստեղի տարաբախտ վախճանը արագացաւ, երբ 1965ի Մարտին կորսնցուց իր կեանքի ընկերը՝ Սրբուհին, որուն մահուան պատճառած վիշտը ուղղակի հիւանդացուց Համաստեղի սիրտը։ Արդէն քանի մը անգամ թեթեւ ուժգնութեամբ սրտի կաթուածներ անցուցած էր այնուհետեւ, երբ յոբելինական տարուան հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուելու համար շրջագայեցաւ տարբեր նահանգներ, մինչեւ որ Նոյեմբեր 26ին, Քալիֆորնիոյ յոբելինական հանդիսութեան աւարտին, բեմին վրայ իր արտասանած խօսքը չկրցաւ ամբողջացնել եւ այդպէս, յանկարծակի, վերջին հրաժեշտը տուաւ իր պաշտած ժողովուրդին։

Մեր ժողովուրդը անխառն պաշտամունքով սիրեց ու փարեցաւ Համաստեղի գրականութեան եւ հայոց մեծամեծ անմահներու համաստեղութեան մէջ լուսաւոր աստղի անմար փայլքին արժանացուց Համաստեղ անունն ու ժառանգութիւնը բարի եւ ազնուասիրտ Հայու իմաստուն երգիչին։

Comments

comments