ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ
Հայաստանի անկախացման հերոսամարտներու օրերուն, Համօ իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցաւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին, որու ընթացքին զոհուեցաւ իր Մոնիկ որդին։
1919-ին անկախ Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9-րդ Ընդհանուր Ժողովին ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, իր մեծ օժանդակութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին-դիւանագիտական կապերու ընդլայնումին եւ ամրապնդումին։
Մայիս 1920-ին, գլխաւորեց Բիւրօ-կառավարութիւնը՝ անոր վարչապետութիւնն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստանձնելով։
1928-ին Համօ Օհանջանեան հիմնադիր մասնակցութիւն ունեցաւ Համազգային Մշակութային եւ Կրթական Ընկերակցութեան կազմութեան աշխատանքներուն։ Ընտրուեցաւ նորակազմ միութեան նախագահը եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ մահ՝ իր կեանքի վերջին քսանամեակին կարեւոր ներդրում ունենալով Ճեմարանի հիմնադրութեան եւ ուժեղացման աշխատանքներուն մէջ։
Սագօ Գասապեանի դիմատետրի էջէն
https://hairenikweekly.com/2017/08/01/32722
https://azator.gr/?p=5884
https://www.gov.am/am/prime-ministers/info/97/Սագօ Գասապեանի էջէն