Հայ Մարդուժը Ո՞ւր Է – Պարոյր Աղպաշեան

Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, 15 Դեկտեմբեր 2010

Մարդո՜ւժ:

Ահաւասիկ շատ ընդհանրական հասկացողութեամբ, բայց խիստ մասնաւորական իմաստաւորումով բառակապակցութիւն մը, որուն մէջ ներպարփակուած է ամբողջ իրականութիւն մը, որ կը վերաբերի այսօրուան, վաղուան հաշւոյն:

Այս օրերուն, որքա՜ն կը խօսուի մարդուժի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան, աշխատունակութեան եւ ադրիւնաւէտութեան, մեր պարագային, հայ մարդուժին, հայ մտաւորական մարդուժին մասին:

Շատեր խիստ լրջութեամբ կը մօտենան հայ հարցին, ուրիշներ՝ թեթեւամտութեամբ, ոմանք ալ՝ անտարբերութեամբ, սակայն, ինչո՞ւ այս հեռաւորութիւնները, անյարիրութիւնները կամ հակասութիւնները:

Պատասխանները կրնան ըլլալ այլատեսակ կամ բազմաբնոյթ, սակայն իրենց հրատապութենէն ոչինչ կը կորսնցնեն, այնքան ատեն որ հայ մտաւորական մարդուժին կենսունակութիւնն ու նպատակասլացութիւնը, հայ իրականութեան կու տան վերանորոգութեան ու բարեկարգութեան լիցք ու մղում, միանգամա՛յն:

Պէտք է ըլլալ արդար եւ առարկայական:

Այսօր հայ մտաւորական մարդուժի, չափազանցած չենք ըլլար, զգալի նուազում կամ անկում կայ, բոլոր մարզերէն ու կալուածներէն ներս, որ կրնայ ըլլալ ենթակայական, պարագայական, պարտադրական եւ, ինչո՞ւ ոչ, կամայական:

Նախ՝ յստակացնե՛նք:

Ո՞ւր չկայ մտաւորական մարդուժի տագնապ:

Ստեղծագործողներո՞ւ մօտ:
Մանկավարժներո՞ւ մօտ:
Ազգային գործիչներո՞ւ մօտ:
Մամուլի ծառայողներո՞ւ մօտ:
Կազմակերպութիւններո՞ւ մօտ:
Արուեստի մասնագէտներո՞ւ մօտ:

Այս բնագաւառներէն ներս (նաեւ այլ եւ յարակից) կա՛յ մարդուժի մտահոգիչ պարապութիւն մը, ոչ թէ անոր համար, որ չկան կամ չունինք այդ ասպարէզներէն ներս մասնագէտ, արհեստավարժ ու կարող ուժեր, այլ՝ մե՜նծ ԲԱՑԱԿԱՆԵՐ, ինչպէս՝

– Հովանաւորութիւն (տուեալ միաւորին)
– Հոգատարութիւն (պատկան կազմակերպութեան)
– Պաշտօնակոչութիւն (յարմարագոյն թեկնածուին)
– Վարձատրութիւն (գոհացուցիչ ընտրանքին)
– Անաչառութիւն (զօրակցելու լաւագոյնին)
– Պատրաստութիւն (հերթափոխի սերունդին)

Եթէ այս թուարկումները կ՝ընդգծուին վերոյիշեալ բաժանումներով ու պայմանական են, պարզապէս անոր համար, որ հայ իրականութեան մէջ, երիտասարդ մարդուժը ինչպէ՞ս պիտի պատրաստուի, ո՞ւր պիտի գործէ եւ ի՞նչ արդիւնաւէտութեամբ:
Անգամի մը համար, պէտք է նայիլ մեր չորսդին, հոս կամ հոն, նոր սերունդին, համալսարանաւարտ սերունդին, ի՞նչ օրինակ կը մատուցուի անոր, ի՞նչ երաշխիք կը տրուի, ի՞նչ ապագայ կը խոստացուի, որ ան հրապուրուի հայ ազգային կեանքին մէջ ներդրուելէ, նետուելէ ու … ներխուժուելէ:

Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը պատրաստուին հայ մարդուժի նուիրեալները, իրենց մասնագիտութեամբ, արհեստավարժութեամբ ու կարողականութեամբ, երբ՝

– Ստեղծագործողները կը խամրին
– Մանկավարժները կը նօսրանան
– Ազգային գործիչները կը շահագործուին
– Մամուլի ծառայողները կ՝անգօսնուին
– Կազմակերպութիւնները կը տժգունին
– Արուեստագէտները կը լուսանցքուին

Սխա՞լ են այս մատնանշումներն ու վերագրումները:

Հակառակը փաստող որեւէ տրամաբանական գործօններ հազիւ թէ գտնուին:

Ինչո՞ւ այս բացարձակախօսութիւնը եւ բարձրախօսութիւնը:

Շա՜տ պարզ:

– Հայ ստեղծագործական միտքը կը քաջալերուի՞:
– Հայ մանկավարժը կը գնահատուի՞:
– Հայ ազգային գործիչը կը վարձատրուի՞:
– Հայ մամուլի ծառայողը կը պատրաստուի՞:
– Հայ կազմակերպութիւնը կը վերանորոգուի՞:
– Հայ արուեստագէտը կ՝արժեւորուի՞:

Այս բոլորի փոխարէն, գիտէ՞ք ինչեր կ՝արձանագրուին.

– Միջակութիւններ (կը դեգերին)
– Հաճոյախօսներ (կը շրջագային)
– Անցողիկներ (կը նշմարուին)
– Արկածախնդիրներ (կը գործեն)
– Պատեհապաշտներ (կը պարզուին)
– Ցեցեր (կը յայտնուին)

Ասկէ վերջ, ո՞ւր պէտք է փնտռել մարդուժը, մտաւորական թէ գործող մարդուժը, որ հայ իրականութեան պիտի տայ ապրելու ու վերապրելու, գործելու ու վերագործելու, արդիւնաւորելու եւ վերարդիւնաւորելու վերելք մը:
Ներկայ դրութեամբ, մտայնութեամբ ու հոգեբանութեամբ, վստահ պէտք է ըլլայ, յոյժ դժուար է, որովհետեւ՝

– Գրողները ո՞ւր պիտի արժեւորուին
– Մանկավարժները ո՞ւր պիտի հիմնաւորուին
– Ազգային գործիչները ո՞ւր պիտի գործեն
– Մամուլի ծառայողները ո՞ւր պիտի ձեւաւորուին
– Կազմակերպութիւնները ո՞ւր պիտի վերականգնին
– Արուեստագէտները ո՞ւր պիտի արտադրեն

Հարցադրումներ ու մտահոգութիւններ, ճիչեր եւ տագնապներ, մարդուժի պոռչտուք, աղաղակ, բայց, վերջին հաշուով, ո՞ւր է եւ ի՞նչ է լուծումը, երբ արտերկրի հայագաղութները սկսած են (վաղո՜ւց արդէն) տառապիլ աւանդականութեան (ան)աւանդականութենէն:

Բայց ովքե՞ր են այս անկումայնութեան պատճառ եղողները, եթէ ոչ՝

– Ստեղծագործական մարզը անտեսողները
– Ուսուցչական ասպարէզը ստորագնահատողները
– Ազգային գործը արհամարհողները
– Մամուլի դաշտը փետրաթափողները
– Կազմակերպութիւնները ամայացնողները
– Արուեստագիտական աշխարհը թերագնահատողները

Իսկ այս բոլորին պատասխանատունե՞րը.

Ամէն ոք թող փնտռէ իր շրջապատի, միջավայրին ու գաղութի ԱՆՀԵՌԱՏԵՍ (ան)պատասխանատուներու ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼԻ (ան)պատասխանատուներու մօտ, որովհետեւ՝

Մարդուժի մասին գեղգեղումներ շատ կան, բայց կարելի՞ է գործող սովորամոլութեամբ մարդուժ պատրաստել եւ անոր վստահիլ մարդուժային հայկականութիւն:

Ո՛վ որ այլահնարք ունի, խնդրե՛մ, թող իր տարբերակը ներկայացնէ, սկսած…:

Comments

comments