Սփիւռքի նախարարութեան կայքէջին վրայ 22 Հոկտեմբերին տեղադրուած է կոչ-յայտարարութիւն մը, որուն առաջին բաժինը եթէ անխառն ուրախութիւն կը պատճառէ, աւելի վար տեղ գտած արտայայտութիւն մը անխառն զայրոյթի ու ընդվզումի աղբիւր է։
Կոչը կ՛ըսէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձու խորհուրդի նախագահութիւնը որոշած է ձեռնարկել Սուրիոյ տագնապահար հայութեան նպաստի հանգանակութեան, այդ նպատակով բացած է դրամատնային հաշիւ, ուրեմն, հրաւէր կ՛ուղղուի հայութեան, որ այդ հաշիւին ճամբով մասնակցի հանգանակութեան. կ՛ըսուի նաեւ, որ գոյացած գումարները պիտի փոխանցուին Սուրիոյ ազգային իշխանութեան, որպէսզի անոր հովանիին տակ կազմուած համակարգող մարմինը կատարէ նպաստի բաշխումը՝ ըստ յարմարութեան։
Ո՞ր հայը չ՛ուրախանար, որ հայրենի կառավարութիւնը գործնական քայլով մը կ՛աջակցի տագնապահար գաղթօճախի մը, որ դեռ երէկ բարօր ու ինքնաբաւ վիճակ ունէր, իսկ հիմա, քանի մը ամիսէ ի վեր, իր կամքէն անկախ, ինկած է ահաւոր տագնապի մը գիրկը։
Դժբախտաբար, սակայն, կոչը այսքանով չի բաւականանար ու, բազմաթիւ այլ կաֆերու (վրիպումներու, սայթաքումներու-Խմբ.) նման, ահաւոր կաֆով մը կը հարստացնէ իր «վաստակը»։ Կոչին մէկ պարբերութիւնը կ՛ըսէ, որ տարբեր պետութիւններու մէջ «տարերային դրամահաւաք» տեղի կ՛ունենայ, իսկ այդ ճամբով հաւաքուած գումաները «կրնան փոշիանալ» (յայտարարութիւնը կարելի է կարդալ Սփիւռքի նախարարութեան կայքէջին վրայ, «Նորութիւններ» ենթախորագիրին տակ)։
Շարունակե՞նք… Անպայմա՛ն։
Թող ոչ ոք վաղը ինքնարդարացումի դիմէ, թէ յիշեալ տողերը ինչպէ՞ս կամ որո՞ւ կողմէ արձանագրուած են, փորձ կատարուի պատասխանատուութենէ խուսափելու։
Ո՛չ նախագահը, ո՛չ նախարարը, ոչ ալ որեւէ հոգաբարձու խորհուրդ իրաւունք ունի կասկածի տակ առնելու ամբողջ հայութեան անվերապահ նուիրաբերումը հաւաքագրող հանգանակութիւնները, որոնք սկսան Սուրիան քանդումի ու տնտեսական-ընկերային ծանր տագնապի մատնող զինեալ զարգացումներուն հետեւանքով։ Ի՞նչ իրաւունքով, տրամաբանութեամբ եւ փորձառութեամբ կ՛արձանագրուին «տարերային դրամահաւաք» բառերը, կամ փոշիացման վտանգի ենթակայ կը սեպուին հանգանակուած գումարները։
Անգիտութիւնն ալ չափ ու սահման ունի։ Հայութիւնը արդեօք առաջին անգա՞մն է, որ նման հանգանակային արշաւներու կը ձեռնարկէ, առանց կասկած ունենալու, որ իւրաքանչիւր հայու, իւրաքանչիւր ընտանիքի տրամադրած լուման պիտի չփոշիանայ, այլ տեղ պիտի հասնի անվտանգ։ Երկրաշարժին առիթով ու անկէ ետք, Հայաստանին ու Արցախին համար հանգանակուած գումարները փոշիացա՞ն, թէ ծառայեցին իրենց նպատակին։ Այդ օժանդակութիւնները ո՛չ մէկ ատեն եղան «տարերային», այլ եղան, այսօ՛ր ալ կ՛ըլլան լիարժէքօրէն կազմակերպուած, արհեստավարժութեան բարձր մակարդակով։
Իսկ եթէ տեղ մը փոշիացում տեղի ունեցաւ, անիկա «տարբեր պետութիւններում» տեղի չունեցաւ, այլ տեղի ունեցաւ, ցաւ ի սիրտ ու դժբախտաբար, մեր հայրենիքի՛ երկինքին տակ, իշխանութիւնը յափշտակողներու եւ անոնց մանկլաւիկներուն ձեռամբ, ինչպէս որ փոշիացան ու այսօ՛ր ալ կը շարունակեն փոշիանալ Հայաստանի տնտեսական ենթակառոյցները, նոյնինքն ժողովո՛ւրդը՝ արտագաղթի հեւքին լծուած։ Ա՞յս հոգեբանութեամբ կը դիտուին ու կը դատուին «տարբեր պետութիւններում» կատարուող հանգանակութիւններն ու ազգօգուտ աշխատանքը։ Արդեօք կա՞յ այն մտածումը, որ Հայաստանի վերնախաւին մօտ տիրապետող՝ կողոպուտի, շահամոլութեան, «շուկայական» տրամաբանութեամբ կը շարժին նաեւ ամբո՛ղջ աշխարհը, «տարբեր պետութիւններում» ազգային պարտականութեան լծուած նուիրեալները…
Ո՛չ ոք իրաւունք ունի նման շուկայիկ ենթադրութիւններով վիրաւորանք հասցնելու տարբեր երկիրներու մէջ հանգանակութիւն կատարող մարմիններուն։ Ո՛չ ոք թող ինքն իրեն պերճանքը ընծայէ մոռնալու, թէ այդ մարմինները կազմուած են հոգեւոր իշխանութիւններու, կուսակցութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչ-պատասխանատուներէ. նախագահ, նախարար կամ ընկերակիցներ մանաւանդ իրաւունք չունի՛ն ժողովուրդի միտքը պղտորելու՝ զրպարտութիւն քողարկող ենթադրութիւններով, երբ ժողովուրդը, առանց յարանուանական, գաղափարական ու որեւէ տեսակի պատկանելիութեան խտրութեան՝ արդէն քանի՜ ամիսէ ի վեր ոգի ի բռին լծուած է օժանդակութեան աշխատանքին։
Տակաւին, ո՛չ ոք իրաւունք ունի հայութեան աշխարհին մէջ վարկ ու յարգանք վայելող «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին անունը շահագործելու նման «նախաձեռնութեան» մը համար, այն պահուն՝ երբ հայաշխարհը կը պատրաստուի դարձեա՛լ նուիրաբերելու Արցախին ու Հայաստանին ի խնդիր. ո՛չ ոքի միտքէն անցած է, որ այս ճամբով հաւաքուած գումարները փոշիանալու վտանգին ենթակայ են։
Նման վիրաւորական ենթադրութեամբ հրապարակ եկողներու՝ անգամ մը եւս կ՛ուզենք ըսել. կա՛մ այն է, որ կը մնաք կատարեալ անծանօթներ Սփիւռքի հայութեան եւ անոր ազգային-հայրենասիրական ոգիին, կամ ալ այն՝ որ գիտակցաբար կը դիմէք կործանարար ու վնասաբեր արտայայտչաձեւերու, կը փորձէք «քաղաքականութիւն խաղալ» դաշտի մը մէջ, օժանդակութիւններո՛ւ կալուածին մէջ, որ վեր է ու պէտք է վեր պահուի ամէն տեսակի մանրուք հաշիւէ։ Ա՛յն մանրուքներէն՝ որոնք, դժբախտաբար Հայաստանի իշխանաւորներու մեծ մասին մտածողութեան ու հոգեբանութեան ողն ու ծուծը դարձած են։
Այս պաշտօնատարները գիտե՞ն արդեօք, թէ հանգանակային այս աշխատանքը, հաւաքուած օժանդակութիւնները, նախատեսելի ու աննախատեսելի ամէն դժուարութիւն հարթելով՝ ճշդուած օրինական միջոցներով տեղ հասցնելը կ՛ըլլան ԿԱՄԱՒՈՐ, անվճար ծառայութեամբ, ոչ իսկ լումա մը փոշիացած տեսնելու նախանձախնդրութեամբ ու կամքով, վստահութեան մթնոլորտի մէջ։
Երբ մէկը կը բնակի ճաթռտած ապակիներով կառուցուած բնակարանի մը մէջ, պէտք է հազար անգամ մտածէ ուրիշի քարաշէն տան քար նետելու մասին։ Հարկադրաբար Հայաստան ապաստանող տագնապահարներուն նկատմամբ չարաշահական, շահամոլական կիրարկումներու մասին շատ բան կ՛ըսուի ու կը գրուի վերջին ամիսներուն։ Աւելորդ է անոնց կրկնութիւնը։ Սակայն երբ Հայաստանն ու անոր կարողականութիւնները իսկապէ՛ս ու փաստացի կերպով փոշիացնողներու շրջապատէն կու գան վերագրումները, կարելի չէ լուռ մնալ։
Քողարկեալ զրպարտութիւն արձակողներուն կը մնայ մէկ բան. ներողութիւն խնդրել «տարբեր պետութիւններում» հանգանակային աշխատանքի լծուած բոլոր նուիրեալներէն, մեր ամբո՛ղջ ժողովուրդէն։
Այս տողերուն մէջ զայրո՞յթ կայ։ Բնականաբար. եւ այդ զայրոյթը անձնական չէ, այլ ամբողջ հայաշխարհինն է։
Այո՛, որովհետեւ կարգ մը սահմանազանցումներ աններելի են։
Ս.Մ «Ասպարեզ»