23 Ապրիլ 1985ի առաւօտեան ժամը 8:15-ին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկեր Սարգիս Ազնաւորեան զոհը գնաց դարանակալ ուժերու կողմէ նիւթուած դաւադրութեան մը, այն պահուն երբ լիբանանահայութիւնը միասնական ձեռնարկներով կը պատրաստուէր ոգեկոչելու Հայկական ցեղասպանութեան 70 ամեակը։
Վատոգի արարքը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մայր ճամբան Սին Էլ Ֆիլի մայրուղիին կապող անկունադարձին մօտ։ Անծանօթ զինեալներ կրակ բացին ընկեր Ազնաւորեանի ինքնաշարժին վրայ, ապա՝ խոյս տուին, կորսնցնելով իրենց հետքը։ Ընկեր Ազնաւորեան զոհ գնաց քանի մը փամփուշտ ստանալով։
Խօսք՝ Սարգիս Կիրակոսեան
Երժշտ.՝ Զարեհ Քէշիշեան
Նենգ ու դաւադիր ձեռքերը վարձկան
Փորձեցին խեղդել ձայնըդ առնական,
Բայց անոնք միայն մարմինիդ հասան
Եւ սարսափահար` ընդմիշտ հեռացան:
Կրկներգ` Կաղնիները սէգ կը մեռնին կանգուն`
Իբրեւ պայքարի կտրիճ տրիբուն,
Եւ գաղափարի խոյանքով անհուն
Քամիներուն դէմ կը պոռթկան ցասում:
Դուն ինկար հպարտ, յաղթեցիր մահուան
Եւ սրտերու մէջ ծնար յաղթական
Արշալոյսն ահեղ ուխտին արամեան,
Երբ նոր Սարգիսներ վրէժ արթնցան:
Կրկներգ` Կաղնիները սէգ կը մեռնին կանգուն`
Արթնցան վրէժ, տեղացին կրակ
Եւ փոթորկեցին սրտերը հայոց,
Եղան պայքարի անձնուրաց տղաք
Եւ տաք արիւնէդ ծլած ուխտ ու բոց:
Կրկներգ` Կաղնիները սէգ կը մեռնին կանգուն`
Հաւատքըդ ըրած նիզակ ու վահան`
Ոտքի հանեցիր բիւր հայդուկներ քաջ,
Սոսկաց ազերի թշնամին դաժան
Եւ Արցախն անխոց յաղթական ցնծաց:
Կաղնիներն անվախ միշտ կ’ապրին կանգուն`
Իբրեւ պայքարի ուխտեալ տրիբուն,
Եւ գաղափարի շանթերով արթուն
Վարձկաններուն դէմ կը պայթին ցասում:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ