Նամակ երկրէն
ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿԸ ՍԿՍԻ ՈՒ ԿԸ ՎԵՐՋԱՆԱՅ ԱԶԱՏ ՔԱՂԱՔԱՑԻԻ ԱՐԴԱՐ ՔՈՒԷՈՎ
Մի քանի օրէն պաշտօնապէս պիտի սկսի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւը, այսպէս ըսուած campaign-ը։ Անպաշտօն ընտրապայքարը սկսած էր արդէն այն օրէն, երբ որոշուեցաւ ընտրութիւններու օրը։ Եւ բոլո՛ր ուժերը, անխտիր բոլոր ուժերը, անպաշտօն քարոզարշաւի մէջ էին նոյնիսկ շատ աւելի շուտ։
Ընտրական քարոզարշաւը շատ բուռն ու թէժ պիտի ըլլայ։ Ճիշդն ու սուտը իրար պիտի խառնուին, ֆէյքերը պիտի ակտիւանան, փոխադարձ ցեխարձակումները՝ նոյնպէս։ Եւ բոլո՛րը, անխտիր բոլորը մաս պիտի կազմեն այս գործընթացին, եւ բոլո՛րն ալ, անխտիր բոլորը պիտի ըսեն՝ «մենք մաքուր ենք, միւսներն են աղտոտ պայքար տանողները»։
Ինծի համար ամէնէն կարեւորը ազատ եւ արդար ընտրութիւններ ունենալն է։ Ընտրակաշառքը, ճնշումները, վարչական եւ այլ լծակներու օգտագործումը այլեւս պէտք է անցեալի անհաճոյ յուշ մնան։
Անձերն ու քաղաքական ուժերը կրնան օր մը շատ, յաջորդ օրը աւելի շատ կամ՝ քիչ ու աւելի քիչ ժողովրդականութիւն եւ քուէ ունենալ։ Մարդիկն ու կուսակցութիւնները կրնան օր մը իշխանութիւն ըլլալ, ուրիշ օր մը՝ ընդդիմութիւն։ Ամէն ինչ փոփոխական է, նոյնիսկ Տը Կոլի եւ Չըրչըլի նման պատմութիւն կերտած ղեկավարները վերիվայրումներ ունեցած են իրենց քաղաքական ասպարէզին եւ ժողովրդականութիւնը պահելու պայքարին մէջ։
Մեր պանծալի յեղափոխութեան նպատակներէն մէկը քաղաքացիի քուէին ազատագրումն էր։ Սերժի եւ իրեն ծառայողներու օրերուն՝ բոլորը հաշտուած էին «ինչքան ուզենք այդքան քուէ կը խփենք»ի ամօթալի ընտրական մշակոյթին հետ։ Այլեւս վե՛րջ։ Ժողովուրդի քուէն ծախու պիտի չ՚ըլլայ այլեւս։ Պետական պաշտօնէութիւնն ու մեծ բիզնեսներու աշխատաւորները ստրուկի պէս պիտի չենթարկուին իրենց «տէր»երու ճնշումներուն, տասնեակ հազարաւոր զինուորներու եւ ոստիկաններու, ԱԱԾի եւ դատաիրաւական համակարգերուն մէջ աշխատողներու քուէները պիտի չուղղորդուին այս կամ այն ուժին տոկոսը դէպի վեր «խբելու» համար։
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով սկսած, Քոչարեանի օրով զարգացած եւ Սերժի հովանաւորութեամբ կատարելագործութեան հասած ընտրակեղծիքներու, ընտրակաշառքի եւ վարչական լծակներու չարաշահման մեքենան պիտի կազմաքանդուի մէկ անգամ եւ ընդմիշտ։
Հայ քաղաքացին ի՛նք պիտի ընտրէ, ազատ եւ արդար ընտրական միջավայրի մէջ, իր իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը։ Երկուքն ալ՝ ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն, մաս կը կազմեն պետական համակարգին եւ իրաւ ժողովրդավարական երկիրներու մէջ՝ երկուքն ալ հաւասարաչափ կարեւոր են։
Հայ քաղաքացիին ազատ քուէն, ազատ կամարտայայտութիւնը այս հրաշալի երկրի՝ մեր հայրենիքի կայունութեան եւ զարգացման երաշխիքն է։ Ամէն ինչ կը սկսի եւ ամէն ինչ կը վերջանայ ազատ հայ քաղաքացիի որոշումը յարգելով։ Երեք նախագահները եւ իրենց ծառայող ուժերը ոչ միայն չկրցան երաշխաւորել, այլ ամենայն անարգանքով եւ լկտի պահուածքով ոտնակոխ ըրին հայ քաղաքացիի հիմնական այս իրաւունքը։
Հիմա եկած է ընտրական նոր մշակոյթ ձեւաւորելու ժամանակը։ Երեւանի քաղաքապետարանի ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական կառավարական մարմիններու ընտրութիւնները ընտրական առողջ մշակոյթի լաւ նախընթաց էին։
Ազգային ժողովի ընտրութիւնները պէտք է ամրագրեն եւ ամրապնդեն ընտրական առողջ այս մշակոյթը։ Այդ ատեն միայն յաջողած կ’ըլլանք մեր պանծալի յեղափոխութեան կարեւորագոյն նպատակներէն մէկուն՝ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կազմակերպումին մէջ։
Մնացեալը, ինծի համար, երկրորդական է։ Քաղաքացին այսօր, վաղը եւ միւս օրը թող ընտրէ ա՛յն ուժը, որ վստահութիւն կը ներշնչէ իրեն։ Այդ ուժը այսօր կրնայ ըլլալ իշխանութիւն, միւսներն ալ՝ ընդդիմադիր: Ապագային՝ դերերն ու տեղերը կրնան փոխուիլ։ Եւ սա ժողովրդավարութիւն է։ Եւ ժողովրդավարութեան հիմքը՝ քաղաքացիի ազատ եւ արդար քուէն է։
Ուրեմն՝
Բարի ընտրութիւններ մեր հայրենիքին եւ հազար փառք մեր ժողովուրդի փայլուն յեղափոխութեան, ու հազար շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ընտրական նոր մշակոյթի ստեղծման հիմնաքարը կը դնեն այսօր։
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com