Ճանչցողները գիտեն որ վերջին երկու-երեք տարիներուն, որքան մտահոգ եղած եմ մեր ազգային-քաղաքական իրականութեան մէջ բանականութեան վրայ հիմնուած խօսքի արձանագրած նահանջին ուղղութեամբ: Մտահոգութիւնս եղած է այն որ քաղաքական բանավէճներուն և տարբերութիւններուն արտայայտութեան որակն ու ձևը սկսած են փոխուիլ, կեղտոտիլ, և նոյնիսկ` չարանալ: Այս մասին այնքան խօսած ու արտայայտուած եմ որ ընկերներէս ոմանք նոյնիսկ կէս կատակ-կէս լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են ըսելով` որ սկսած եմ արդէն հոգևորականի յատուկ սիրոյ պատգամներ բաժնել աջ ու ձախ: Այս իմաստով, գուցէ ըսածներս կամ գրածներս ոմանց քաղաքական «էրքէկութեան» չափանիշներուն կը հակադրուին, ըստ որոնց ճզմելու և մինչև վերջ ճզմելու ու վերջացնելու հոգեբանութիւնը պէտք է տիրական ըլլայ:
Իրականութիւնը այն է թէ նոյնիսկ եթէ մեր ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած են անհանդուրժողականութեան և ատելութեան երևոյթներ, անոնց աւերիչ յատկանիշը վերջին տարիներուն է որ աւելի զգացած եմ, ահազանգած եմ: Գուցէ տարիքի՞ս հարցն է, չգիտեմ. բայց կը կարծեմ թէ վերջին տարիներուն քննադատութիւնները սկսած են հատել ամէն տեսակի սահման, և սուր ու անխնայ քննադատութեան – որուն անվերապահօրէն համաձայն եմ – փոխարինած են անձնական վիրաւորանքները, ատելութեան խօսքերը, հեգնանքը: Կամ թերևս ալ ես ինքս անձամբ աւելի հարաճուն թիրախ եղած ըլլալով կազմակերպուած թունաւոր արշաւանքի, սկսած եմ հասկնալ մեր իրականութեան մէջ վերոյիշեալ հոգեմտաւոր աւերի տարողութիւնը:
Բայց փաստը կը մնայ այն որ երբ քաղաքական և հանգիստ բանավէճ մը կը հասնի հեգնանքի, կամ հոս-հոն օտարի գործակալ գտնելու ծիծաղելի, բայց քանդիչ գործին` պարզ է որ առողջ երկխօսութիւնը արդէն դադրած կ`ըլլայ գոյութիւն ունենալէ և ամլիչ մղումներու հարթակն է որ կը տիրէ: Աւելին, օրէ օր ականատես եղած եմ ազգային-քաղաքական-կազմակերպական կեանքի մէջ ազնւութեան նահանջին: Քիչ մը անկարողութեան զգացումէ մեկնած , քիչ մըն ալ կեղտէն բարձր մնալու մտադրութեամբ խորհած եմ որ օրերը կը փոխուին, բանականութիւնն ու տրամաբանութիւնը վերստին կը գերիշխեն օր մը` աւելի շուտ քան ուշ:
Սակայն կարծէք իրավիճակը բարելաւուելու տեղ կը շարունակէ վատթարանալ: Յետ-յեղափոխական միջավայրն ու սրած քաղաքական իրավիճակն ալ կացութեանը չեն նպաստեր: Վատթարացումը այն իմաստով է որ անհատներու արտայայտած թոյնին սկսած են միանալ արդէն աւելի լայն ուժեր, և կազմակերպուած քարոզչական ճիգեր, մեքենաներ: Պարզ (չեմ ուզեր օգտագործել շատ քաշքրտուած և շատ ենթակայական «առողջ» ածականը) քննադատութիւնը արդէն տեղ տուած է լիցքաւոր հերհիւրանքներու: Միջակութիւնները և քարոզչական անհամբերութիւնը կը հաւատայ թէ ազդեցիկ ըլլալու համար պէտք է ըլլալ վիրաւորական: Շատ ազդեցիկ ըլլալու համար` շատ թունաւոր և շատ վիրաւորական: Անշուշտ, քարոզչական քաղաքականութեան ծանօթ որևէ մասնագետ կը հասկնայ թէ բացասականին ազդեցութիւնը ինչքան ժամանակաւոր է և երկսայրի: Բայց ամէն մարդ մասնագետ չէ, պէտք ալ չ`ունի ըլլալու:
Վերջերս կը նկատեմ որ ընկերներէս ոմանք ալ գուցէ արդէն ճարահատ, իրենք ևս սկսած են հեգնական գրառումներ ընել և թունաւոր ոճ օգտագործել: Ամենէ մտահոգիչը այն է թէ աւելի երիտասարդներն ալ կը ներքաշուին անեթեթութեան և ատելութեան տարածք, և կարծես կը համոզուին թէ աւելի գործնական կամ ազդեցիկ խօսք է վիրաւորականն ու հեգնականը: Սուր խօսքը կը շփոթեն անկիրթին և վիրաւորականին հետ: Լաւ չէ: Լաւ չէ մանաւանդ եթէ վիրաւորական, հեգնական խօսքը նկատուի համարձակութեան և քաջութեան չափանիշ: Լաւ չէ, որ քաղաքական բանավէճի մակարդակը այսքանով քանդուի:
Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպէ՞ս բարեփոխել այս տարածուող վիճակը: Անկեղծ ըլլալու համար` չգիտեմ: Գիտեմ թէ ցանկութեամբս իրականութիւն չի փոխուիր:
Գիտեմ նաև որ մէկուն որոշումով կամ հրահանգով ալ բան չբարեփոխուիր: Վատը աւելի վատով յաղթելու տրամաբանութիւնը երբէք չէ յաջողած:
Բայց վստահ եմ որ սրբագրութեան սկիզբը պէտք է ըլլայ այն որ մենք բոլորս, և դուք այս տողերը ընթերցողներդ առաջին հերթին` բոլորս բարձրացնենք խօսակցութեան մակարդակը, և հեգնանքն ու ատելութեամբ լեցուն խօսքը անպատասխան ձգենք:
Որքան պիտի փափաքէի որ ընկերներս ըլլան այս վեհանձնութեան դրօշակակիրները, և երիտասարդները ըլլան ազնւութեան արտայայտիչները: Այնքան ապուշ չեմ յուսալու որ կարելի է մեր կեանքերէն ընդհանրապէս դուրս բերել թոյնը, խանդը, և նենգութիւնը: Բայց որքան պիտի ուզէի որ կատարեալապէս և ամբողջականօրէն թաղենք թոյնն ու ատելութիւնը մեր ազգային-կազմակերպական-քաղաքական կեանքէն: Թերևս, թերևս որոշ ժամանակ վերջ և մեր բոլորին հետեւողական ճիգերուն որպէս հետեւանք, վիրաւորականն ու թունաւորը անսակարկ մերժուին, և ուրեմն դադրին ըլլալէ ընդունուած մեթոտներ:
Մենք այս կետէն սկսինք, թէկուզ ըլլալով առաջին խրփոները:
Վիգէն Յովսէփեան