Ամօ՛թ Մեզի

Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ ենք, ցմրուր ճաշակած ենք տարագրութեան դառնութիւնները, տառապանքը, եւ առյաւերժ երախտագիտութեամբ լեցուած ենք նկատմամբ բոլոր անոնց, որոնք մեր սովահար բռնագաղթեալներուն ապաստան տուին, վերապրելու կարելիութիւն ստեղծեցին:

Այսպիսի ժողովուրդի մը զաւակները չե՛ն կրնար զգայուն չըլլալ կրակի մէջէն իրենց ընտանիքները փրկել ջանացողներուն հանդէպ, ի՛նչ ազգի ալ պատկանին անոնք:

Առաւել եւս, զգայուն եւ նրբանկատ չեն կրնար չըլլալ ճակատագրակից ազգի մը զաւակներուն հանդէպ՝ ասորի կամ արաբ:

Ուրեմն, ինչպէ՛ս կրնանք ամօթանք չտալ մենք մեզի եւ բոլոր այն պատասխանատուներուն, որոնք պաշտօնականութեան, օրէնքի կամ այլ նկատառումներու դրդումով, «Զուարթնոց» օդակայանէն արտաքսեցին հայկական հողի վրայ ժամանակաւոր կամ երկարատեւ ապաստան փնտռող սուրիական քաղաքացիութիւն ունեցող ասորի ընտանիքի մը անդամները:

Չենք կրնար հաւատալ նաեւ, որ հանրային յարաբերութիւններու տարրական գիտակցութիւնը կը բացակայի մեր քաղաքական ղեկավարութեան մօտ, այնքա՛ն, որ մեր երկիրի մարդասիրական դիմագիծը քարոզելու այսպիսի ոսկէ առիթ մը կրնան փախցնել: Չենք կրնար մոռնալ, որ ինչպէ՛ս մեր ցեղասպան կառավարութեան ժառանգորդ, նոյն ցեղասպանական քաղաքականութիւնը այսօր ալ վարող թրքական իշխանութեանց ներկայացուցիչները, ամէն գնով աշխարհին կ՛ուզեն ներկայանալ իբրեւ մարդասէրներ՝ հիւրընկալելով հազարաւոր փախստականներ:

Այդ թուրք քաղաքագէտները այնքա՛ն հեռու կ՛ուզեն երթալ՝ իրենց «մարդկայնութեան» թոզը փչելով միջազգային հանրութեան աչքերուն, որ չեն ամչնար յատուկ ուշադրութեան արժանացնելու Սուրիոյ հայ համայնքը: Ի՞նչ ըսենք, ի՞նչ խորհուրդ տանք մեր հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարներուն:

Այս խայտառակ հակադրութիւնը կ՛ամչցնէ մեզ: Միակ ելքը՝ ներողութիւն խնդրելն է արտաքսուած ընտանիքի անդամներէն:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Souce: Asbarez.Com

Comments

comments