Առանց աւելորդաբանութիւններու – Լիզպոնի հինգ

lisbon 5

Ինչպէս ամէն տարի՝ Յուլիս ամսուն աւարտին, Լիզպոնի հինգի գործողութեան առիթով, հաւանական է, որ այս տարի ալ հրապարակային մեծ-մեծ լոզունքներ ու գեղարուեստական պոռոտախօսութիւններ լսենք ու կարդանք :

Մեր՝ մարտիրոսացած արդարութեան հնգեակը իր անձնազոհութեամբ էր, որ հայրենիքի ու ազգութեան հանդէպ իր սէրը արտայայտեց՝ պայթեցնելով արդէն շատոնց խլացած արեւմուտքին ականջի թմբուկը: Անոնց գործողութեան պատգամը եթէ մէկ կողմէն՝ ուժի ցուցադրութիւն էր, միւս կողմէն՝ սուրբ դատի մը , սուրբ գաղափարի մը հաւատալու արտացոլացումն էր :

lizbon5Արդեօք ո՞ւր է այդ սրբութիւնը այսօր: Ո՞ւր է ամէն ինչ գերադասող՝ հայրենիքի ու ազգութեան սէրը : Միայն պատերազմի ու վտանգի տա՞կ արդիւնք կու տայ անիկա:

Լիզպոնի տղաքը չնահատակուեցան , որպէսզի համատարած հատուածապաշտ մտայնութիւնը միմիայն Յուլիս 27-ի գիշերը՝ զգաստութեան գալով, սեւ շապիկներով՝ հերոսներու պաշտամունքի արարողակարգով փոխարինուի:
Դաշնակցութեան դիցարանի հնգեակը իր արարքով անխիղճ էր՝ ուրիշին համար, բայց բոլորանուէր ու գթասիրտ՝ մեզի համար:

Հիպոկրիտական հնչողութիւն կ՛ունենայ գթասրտութեան ու բոլորանուիրութեան հակադրուող վարքի տէր անձանց փառաբանական ելոյթը այս առիթին: Հետեւաբար՝ քուէապաշտ, հատուածապաշտ, լոզունքապաշտ, աթոռապաշտ, շահամոլ, սմսեղուկ ու լիրբ բանբերները թո՛ղ խնայեն իրենց դաստիարակիչ ու հռետորական տողերը :

Եկէք՝ մոմ վառելով, նահատակաց ուխտը անձայն վերանորոգելով ու աւելորդաբանութիւններէ զերծ մնալով նշենք Արդարութեան հինգ մարտիկներուն նահատակական պսակը :

Comments

comments