Աքսորի Երգեր
Հալածուած ենք Հայաստանի լեռներէն,
Ո՞վ չի վախնար հուրով-սուրով մեռնելէն։
Արեւին տակ մեռնիլն, Աստուած իմ, վատ է,
Պուտ մը ջուրի մեր շրթունքը կարօտ է։
Ո՞ւր է մայրիկ, ո՞ւր է իմին հայրիկը,
Չես գիտեր, որ վատ է թուրքին դանակը։
Ո՞ւր է մայրիկ, Ո՞ւր է անոր դիակը,
Արցունքն իջաւ մինչեւ սրտիս յատակը։
Կոյս աղջիկներ իրարու ձեռք բռնեցին,
Իրենք զիրենք Եփրատ գետը նետեցին։
Մոխիր դարձան այն պատուական տուները,
Արիւններով ներկուեցան քարերը։