Radio yan-ի հիմնադիրներէն, սփիւռքահայ ուսանող Ասպետ Հարմանտայեան կը գրէ.
Արդէն իսկ հասած ենք այնպիսի հերթական հանգրուանի մը, երբ «մաքուր» տեսակի բնաջնջումը, ժողովուրդը խեղկատակի տեղ դնելը դարձած է պարզունակ երեւոյթ:
Ներքին զայրոյթս այնքան բարձր էր այս վերջին տարիներուն ընթացքին, որ այս անգամ այլեւս պայթեցաւ:
Սունեաց Քաջարան, պայքարող Թեղուտ, հանրային տարածքներու սեփականաշնորհում, կեղծուած ընտրութիւններ…. Իսկ այժմ եւս մէկ ոճրագործութիւն:
Ընկեր Հրաչ, վստա՛հ եղիր, որ դուն միացար այն փաղանքին, որ մեզի օրական ուժ կու տայ եւ կը գօտեպնդէ հայրենասիրութեամբ, հայրենադարձութեամբ ու նուիրուածութեամբ:
Կեղծ հայրենասէրները, անկուշտ նիւթապաշտները, որոնք հեգնաժպիտով կը հայաթափեն մեր հայրենիքը, ստրուկի պէս կը վերաբերին արժանապատիւ մեր Հայաստանի ժողովուրդին, մեզ ձգեցին առանց քեզ, եւ ասիկա անյանդուրժելի է մեզի համար:
Անկաշառ, ինքնուրոյնօրէն ղեկավարող, հայրնասէր, արժանապատիւ, ժողովուրդին խնդիրները լուծող մարդ էիր, իսկ իրենց համար՝ յղի վտանգ: Աւելի ճիշդ՝ իրենց «Ապահով»ութեան աղէտ էիր:
Դուն այն եզակիներէն էիր պետական ծառայութեան պաշտօնին, որ վստահութիւն կը ներշնչէիր:
Պռոշեանը զարգացման ապահով ուղիի վրայ դրիր ու դարձուցիր ինքնորոյն զարգացման բարձր օրինակ ամբողջ Հայաստանին: Եւ ահա ինչ էր քու ճակատագիրդ: Հաւանաբար սփիւռքահայը Հայաստանէն կը վերադառնար գինով անարդարութեան հոտը բերնին, բայց Պռոշեան այցելելով կը վերադառնար հակարակ մտապատկերով, արդարութեան շունչով:
Մարտնչեցիր Արցախի մէջ, զարկ տուիր շուն թուրքին, ու յաղթանակած բայց սրտացաւ ընկերներդ կորսնցուցած վերադարձար գիւղդ: Եւ ահա ինչ էր քու ճակատագիրդ:
Իմացէ՛ք, Հրաչի նման հազարներ պիտի ծնին: Պռոշեանցին, Հայ ազգը, ընդմիշտ պիտի տոկայ, եւ վստահ եղէք՝ իր տեսլական Հայրենիքը իրականութիւն պիտի դարձնէ:
Ահեղ փռունցք դարձիր սփիւռքահայութիւն, հայ ժողովուրդ:
Անձնական կոչ չէ ասիկա, այլ Կարօտի, Պետոյի ու Հրաչի կոչն է: Հասարակ Պռոշեանցիի կոչն է:
Այս է տաղը մեր սրտերուն:
Ասպետ Հարմանտայեան 02/04/2013