Գալուստ Արխանեան

19րդ դարավերջին թափ առած հայոց յեղափոխական ըմբոստացման առաջին ծիծեռնակներէն եղաւ մնձուրեցի այս հայորդին, որ Տերսիմի Քեռիին (Ռուբէն Շիշմանեան) հետ, 1890ին նորակազմ Դաշնակցութեան միանալով, Փոքր Հայքի տարածքին գործող ֆետայական խումբերը ի մի բերին եւ կազմակերպ հունով յառաջ մղեցին։

Կարճատեւ եղաւ ֆետայական գործունէութիւնը Երզնկա նահանգի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը ամուր հիմերու վրայ դրած Հայկական Ազատամարտի այս զոյգ ծիծեռնակներուն։ Բայց կրակի միեւնոյն մկրտութեամբ գաղափարի անբաժան ընկերներ ու մարտիկներ դարձած դաշնակցական առաջին գործիչներու այս երկեակը հանդիսացաւ անվիճելի ապացոյց մը պատմական այն ճշմարտութեան, որ նոյնինքն հայ ժողովուրդի տառապանքէն ծնունդ առաւ մեր Ազատամարտը։
Ինչպէս որ Գալուստ Արխանեանի հայրենակից ու հայ ազատագրական շարժման անզուգական կենսագիր Գաբրիէլ Լազեան իրաւացիօրէն կը նշէ՝ «Հայ յեղափոխութիւնը ոչ թէ դուրսէն հրահրուած, այլ ժողովրդական ինքնաբուխ շարժում մըն էր, ինչպէս որ կը վկայէ Գալուստ Արխանեանի կեանքը»։

Գալուստ Արխանեան Երզնկայի հայկական հինաւուրց գաւառի՝ Մնձուրի Արմտան գիւղի ծնունդ էր։ Լոյս աշխարհ եկած էր 1860ին, մեծատուն Արխանեաններու յարկին տակ։ Պատանի տարիքէն կորսնցուցած էր հայրը եւ պանդուխտ գացած էր Պոլիս, ուր երզնկացիները հռչակ հանած էին իբրեւ լաւ փռապաններ։ Գալուստ միացած էր Պոլսոյ մէջ պանդուխտ երիտասարդներու կազմած ինքնազարգացման խումբերուն, որոնք հայ յեղափոխական շարժման գաղափարական կազմաւորման հնոցներ էին։
1890ին, արդէն երեսուն տարեկան պարթեւահասակ երիտասարդ, Գալուստ Արխանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Յուլիսին բռնկած Գում Գափուի մեծ ցոյցերուն, որոնք կատաղեցուցին Համիտեան բռնակալութիւնը եւ պատրուակ ծառայեցին հայ յեղափոխականներու դէմ համատարած հալածանքի կազմակերպումին։
Արխանեան կրցաւ խոյս տալ թուրք ոստիկանութեան հետապնդումներէն եւ վերադարձաւ իր ծննդավայրը։ Հայրը մահացած էր արդէն, մայրը կ’ապրէր, Գալուստ ամուսնացաւ եւ ընտանիք կազմեց, բայց ոչ մէկ հանգիստ օր ճանչցաւ, որովհետեւ ամբողջ էութեամբ համակուած էր ընդվզումով եւ ցասումով՝ ի տես անզէն ու խաղաղասէր իր ժողովուրդին դէմ գործադրուող թրքական խժդժութիւններուն, որոնք անպատասխան կը մնային եւ աւելիով կը սաստկանային։

Պոլսոյ մէջ Արխանեան արդէն ծանօթացած էր Հնչակեան կուսակցութեան, իսկ Երզնկայի մէջ մօտէն շփում ունեցաւ նորաստեղծ Դաշնակցութեան կողմէ շրջանը առաքուած առաջին գործիչներուն հետ։ Միացաւ Դաշնակցութեան եւ ձեռնարկեց իր սեփական խումբը կազմելու եւ, այդ ճամբով, շրջանի հայութեան զինման գործը յառաջ մղելու եւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու աշխատանքին։ Իր կազմակերպական տաղանդին եւ անվեհեր նկարագրին բերումով՝ Գալուստ Արխանեան շուտով դարձաւ Ակնի, Տիվրիկի, Արաբկիրի եւ Երզնկայի տարածքին արագօրէն կազմուող յեղափոխական խմբակները շաղկապող գլխաւոր դէմք մը, որ Տերսիմի Քեռիին (Ռուբէն Շիշմանեան) հետ՝ նախակարապետը եղաւ Փոքր Հայքի հայութեան ազատագրական պայքարի շղթայազերծումին։ Երկուքով՝ անոնք կազմեցին ամբողջ շրջանի հայ ըմբոստ երիտասարդները համախմբող ֆետայական խումբեր, ծառացան թուրք ոստիկաններու եւ աւազակաբարոյ խուժանի հակահայ կեղեքումներուն ու հարստահարութիւններուն դէմ, պատուհասը դարձան հայ մատնիչներուն եւ դաւաճաններուն, մարտունակութիւն եւ պայքարի կորով ներշնչեցին բազմաչարչար մեր ժողովուրդին եւ, անհաւասար ուժերով կռուի դաժան ճակատագրով, բանտային պայմաններու մէջ իրենց երիտասարդ կեանքը նուիրաբերեցին հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան բագինին։

Թրքական իշխանութիւնները ամէնուր հետապնդումի տակ առած էին հայ յեղափոխականներու շարժումները, իսկ հայանուն լրտեսներ ու մատնիչներ կը վխտային ամէն կողմ։ Այդ պայմաններուն մէջ, Հոկտեմբեր 1891ին, Արմտանի մէջ ահաբեկուեցաւ տխրահռչակ լրտես մը՝ Էօմար Փէհլիվան անունով։ Թուրք ոստիկանութիւնը խուճապի մատնուեցաւ եւ ձեռնարկեց հայ երիտասարդներու ձերբակալութեան։ Կանխատեսելով իր ձերբակալման մօտալուտ վտանգը, Արխանեան որոշեց իր խումբով բարձրանալ լեռները եւ ամբողջապէս նետուիլ ֆետայական կռուի մէջ։ Իր գլխաւոր զինակիցներն էին ակնցիներ Սահակ Ժամկոչեան եւ Ղուկաս Ճանիկ, իսկ արմտանցիներ Խորէն Շիշմանեան (Տերսիմի Քեռիին եղբայրը) եւ Գէորգ Վէվէյեան։
Գալուստ Արխանեան եւ իր խումբը ոչ միայն պատուհասը դարձան թուրք եւ քիւրտ ասպատակներուն ու հայանուն լրտես-մատնիչներուն, այլեւ եղան սեփական ժողովուրդին ինքնավստահութիւն ներշնչող ու մարտունակութիւն ջամբող առասպելատիպ հերոսներ։ Փոքր Հայքի բարձրաբերձ լեռները ապաստանած էր նաեւ Տերսիսի Քեռին եւ հոն է, Սեպուհ լերան վրայ է, որ Արխանեան եւ Քեռի միացուցին իրենց ուժերը ու մեծ թափով յառաջ մղեցին թշնամիներու պատուհասման եւ մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան իրենց յաղթական կռիւները։
Բայց թրքական բանակի 3րդ զօրաբաժնի հրամանատարութիւնը, որուն յանձնուած էր Երզնկայի նահանգը, վճռած էր ամէն գնով ձեռք ձգել զոյգ յեղափոխականները։ Քանի մը անգամ թուրք զօրքը կրցաւ, լրտես¬մատնիչներու օգնութեամբ, գտնել Գալուստ Արխանեանի խումբին հետքը, պաշարել զանոնք, բայց միշտ ալ հայ յեղափոխականները կրցան յաղթանակ տանիլ թշնամիի անհամեմատօրէն մեծաթիւ ուժերուն դէմ։

1893ի Դեկտեմբերին տեղի ունեցան ճակատագրական մատնութիւնն ու պաշարումը։ Գալուստ իր հինգ ընկերներով ապաստանած էր Արմտանի մերձակայ լերան մը քարայրը, որուն մասին հայ մատնիչներ տեղեկացուցին թուրք զօրքին։ Աւելի քան 400 զինուորներ պաշարեցին քարայրը, բայց չկրցան ձեռք անցընել հայ ֆետայիները։ Երեք-չորս օր Գալուստ եւ իր ընկերները անվհատ կռիւ մղեցին, դիմադրեցին եւ ձախողութեան մատնեցին քարայր մուտք գործելու թրքական փորձերը, բայց չկրցան ճեղքել պաշարման օղակը։ Օրհասական պահը կը մօտենար, որովհետեւ զինամաթերքն ու սննդեղէնը կը հատնէին…

Նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ հայ յեղափոխականները վճռեցին մինչեւ վերջին շունչ շարունակել կռիւը եւ անձնատուր չըլլալ։ Այդ պատճառով ալ թշնամին դիմեց նենգութեան։ Պարտադրեց Գալուստի մօր, որ քարայր մտնէ եւ Գալուստն ու ընկերները համոզէ՝ անձնատուր ըլլալու, խոստանալով որ անոնց դէմ ոչ մէկ բռնութիւն պիտի գործադրուի։ Այդ փորձը քանի մը անգամ կրկնուեցաւ եւ ի վերջոյ հայ յեղափոխականները անձնատուր եղան թուրք զօրքին։ Թուրք հրամանատարը իր խոստումը չյարգեց Խորէնի պարագային եւ սպաննեց զայն անձնատուութեան պահուն, իսկ Գալուստն ու միւսները նետեց բանտերը։
Գալուստ Արխանեան դատապարտուեցաւ մահապատիժի, որ յետոյ վերածուեցաւ ցկեանս բանտարկութեան։ 12 տարի ան տաժանակիր բանտարկութիւն կրեց։ Եղաւ ժամանակ, որ բանտի մէջ շղթայակապ առանձնացուեցաւ, որովհետեւ ոչ միայն մերժեց, ծեծի տակ անգամ, խոստովանութիւններ կատարել, այլեւ՝ բանտի թուրք թէ քիւրտ աւազակներու դէմ կռիւ մղել եւ հայ բանտարկեալներուն պաշտպան կանգնիլ։
12 տարուան բանտարկութենէ ետք, Գալուստ Արխանեան բռնուեցաւ բանտարկեալները վարակած ժանտատենդէ, որ մահացու եղաւ ու վերջակէտ դրաւ առիւծասիրտ հայ յեղափոխականի 45ամեայ կեանքին։
Գալուստ Արխանեան հայ ժողովուրդին կտակեց «Ազատութեան Որդիի» իր անմահ օրինակը, որուն հայ մեծանուն գրող Վրթանէս Փափազեան նուիրեց «Հաջի Բէկ» գործը, իսկ Աբիկ Վարդապետեան՝ «Մնձուրի Առիւծը» մենագրութիւնը։

Comments

comments