Դէպի Գերագոյն Նպատակ…

Կը գրէ Րաֆֆին. «Արդեօք գալո՞ւ է մի օր ժամանակ տեսնել Մասիսի գլխին մի դրօշակ… եւ ամէն կողմից պանդուխտ հայ ազգիք, դիմեն դէպի իրենց հայրենիք»:

Հայ ժողովուրդի գերագոյն նպատակն է ունենալ ազատ, անկախ, ժողովրդավար եւ միացեալ Հայաստան մը` հայ ազգի պատմական հայրենիքի հողերուն վրայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ անոր գերագոյն նպատակն է վերադառնալ հայրենի հող, այն հողը, որ շաղախուած է մեր նախահայրերու արիւնով եւ քրտինքով: Սակայն այս գերագոյն նպատակին իրողական պահպանումն ու իրագործումը ինչպէ՞ս կարելի է ծրագրել ու իրականացնել: Մենք` հայերս, շատ լաւ ժողովականներ ենք, բայց դժբախտաբար` միա՛յն ժողովականներ: Այսօր, ինչպէս միշտ, մեր գերագոյն նպատակին ուղին լի է խոչընդոտներով, եւ մենք կը դիմագրաւենք շատ մը մարտահրաւէրներ, բայց տակաւին կարելի է յաջողութեամբ պսակել մեր գերագոյն նպատակը: Այս վերջինը իրականացնելու համար պէտք է ամբողջացնենք հետեւեալ պայմանները. ըլլալ դիւանագէտ ու հեռատես` ընտրելու համար լաւագոյն միջոցը կամ ուղին, լաւապէս ծրագրել, թէ ինչպէ՛ս նուազագոյն կորուստով պիտի քալենք այդ ուղիին վրայ եւ, վերջապէս, պատրաստել մարդուժ, որ պիտի կարենայ իրականացնել այս բոլորը ու պահպանել զանոնք:

Լաւագոյն ուղին ընտրելու համար պէտք է համակերպինք մեր ժամանակաշրջանի իրականութիւններուն, պայմաններուն եւ միջոցներուն. միաժամանակ պէտք է ունենանք ապագայի պայծառ ու յստակ պատկերացում: Դարերու մեր պայքարը կը մնայ անկատար, մինչեւ որ հասնինք մեր մեծ Մասիսին ու իրականացնենք Րաֆֆիի երազը:

Պատմութեան ընթացքին հայութիւնը իր պայքարը սկսած է ճակատամարտերով, ինչպէս` Աւարայրի ճակատամարտ, ապա դիմած է յեղափոխութեան, ֆետայական շարժումներու, գոյամարտերու, ինչպէս` 1918¬ի անկախութեան գոյամարտը, վերջապէս, ան մղած է ազատամարտեր, ինչպէս` Արցախի ազատագրական պայքարը: Ուստի պատմութեան ընթացքին միշտ ալ փոխած ենք մեր պայքարին ձեւը. եւ ահա այսօր հասած է պահը` կրկին փոխելու զայն: Այս ծիրին մէջ Ռոստոմ կ՛ըսէ. «Յեղափոխութիւնը կանգ չի առնի ո՛չ մի խորտակիչ ուժի առաջ, քանի գոյութիւն ունեն կեանքի տանջանքները, նա միայն կը փոխի իր ձեւը` յարմարելով նոր պայմաններին եւ երբեք` իր էութիւնը» (1):

Ներկայիս հասած է պահը մեր պայքարին «հագցնելու» քաղաքականութեան եւ լոպիինկի հագուստը: Սակայն այսօր մեր իրականութեան մէջ կան երկու հիմնական կարծիքներ կամ ռազմավարութիւններ, որոնք կը համընկնին իրենց գերագոյն նպատակին մէջ, սակայն կը տարբերին միջոցներու ընտրութեամբ:

Առաջինին համաձայն, պէտք է ամէնէն արագ միջոցին կազմակերպել զանգուածային ներգաղթ, ու Հայաստանը ողողել հայերով, այսպիսով ձերբազատելով սփիւռքահայութեան դէմ յանդիման կանգնած սպիտակ ջարդին ու ձուլման սպառնալիքին: Սակայն Հայ դատի հետապնդման տեսանկիւնէ այս միջոցը բաւարար արդիւնաւէտ չէ:

Երկրորդ միջոցն է օգտագործել սփիւռքը իբրեւ ճնշիչ ուժ` միջազգային ընտանիքին մէջ, որովհետեւ 21-րդ դարուն Հայ դատի հետապնդման ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը դիւանագիտական ու քաղաքական ճնշումի միջոցն է: Սակայն այս երկրորդ միջոցը սփիւռքահայութիւնը կ՛ենթարկէ սպիտակ ջարդի ու ձուլումի, նկատի ունենալով, որ համաշխարհայնացման փոթորիկը արդէն իսկ կը փչէ:

Եթէ մեր գերագոյն նպատակը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանն է, ապա առաջին ռազմավարութիւնը շատ մեծ հաւանականութեամբ դատապարտուած է ձախողութեան` հետեւեալ պատճառներով.

ա) Որքանո՞վ կարելի պիտի ըլլայ սփիւռքահայութիւնը փոխադրել Հայաստան: Անոր քանի՞ տոկոսը պիտի հետեւի այդ ծրագիրին: Եւ եթէ նպատակը ձուլումէ պաշտպանուիլն է, ապա սփիւռքահայ պարպուած ու տկար գաղութներու մէջ ապրող հայերուն ձուլումը անխուսափելի պիտի ըլլայ:

բ) Երբ Հայաստանի ժողովուրդին թիւը կրկնապատկուի, շատ հաւանաբար գործի կարելիութիւնները պիտի պակսին ու անգործ հայերուն թիւը պիտի աւելնայ: Լաւագոյն պարագային ներկայ տնտեսական տագնապը պիտի շարունակուի` հրաւիրելով սահմանակից Թուրքիան, որ ամօթալի նախապայմաններով տնտեսական համաձայնութիւններ կնքէ ի նպաստ իրեն: (Ինչ որ նախորդ տարիներուն պիտի ըլլար, եթէ սփիւռքահայութիւնը չճնշէր Հայաստանի կառավարութան ամօթալի քաղաքականութեան վրայ):

գ) Հայ ազգի քաղաքական ուժի միջազգային գետնի վրայ շատ պիտի նահանջէ, լոպիինկը պիտի տկարանայ եւ նոյնիսկ չքանայ, եւ վերջապէս, սփիւռքը, իբրեւ քաղաքական ճնշիչ ուժ, պիտի անդամալուծուի:

դ) Եթէ առաջին միջոցը նպատակ ունի ռազմական ուժով շահիլ դատը, ապա այդ ալ ձախողութեան դատապարտուած է պարզ այն պատճառով, որ 4 միլիոն կամ 8 միլիոն հայ ներկայ պայմաններով չի կրնար ճակատիլ 90 միլիոն թուրքի դէմ:

ե) Հայութիւնը համախմբել ներկայ Հայաստանի սահմաններուն մէջ` կը նշանակէ զայն լճացնել թրքացեղ ժողովուրդներու միջեւ, եւ երբ այդպիսի Հայաստան մը սփիւռքէ զուրկ է, անոր ճակատագիրը կը դառնայ աղօտ, որովհետեւ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան պիտի խեղդեն Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը` տնտեսական ու ռազմական գետնի վրայ: Անոնց համար շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ պայքարիլ իրենց թշնամիին դէմ, երբ ան իրենց ափերուն մէջ ամփոփուած է, եւ ոչ մէկ միջազգային ճնշում կը բանեցուի իրենց վրայ:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ ռազմավարութեան, անիկա կը համապատասխանէ ու կը համընկնի ներկայ պայմաններուն, եւ կարելի է այդ ճամբով շատ աւելի մեծ յաջողութիւններ արձանագրել դէպի մեր գերագոյն նպատակը: Օրինակ` Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին տասնամեակին հայկական լոպին շատ աշխուժ կերպով կը գործէ, եւ ան յաջողած է Հայկական հարցը վերածել միջազգային քաղաքական հարցի մը: Ուրիշ օրինակ մըն է նաեւ Ֆրանսայի պարագան, որ վերջին շրջանին շատ մեծ աղմուկ բարձրացուց…

Սակայն այս երկրորդ ռազմավարութեան տկար կողմը այն է, որ հայ ժողովուրդը կ՛ենթարկուի սպիտակ ջարդի ու ձուլումի, երբ ան օտար հողի վրայ է: Այս մտահոգութիւնը դանդաղեցնելու համար պէտք է որդեգրենք նոր միջոցներ, որովհետեւ նախապէս օգտագործուածները 21-րդ դարու չեն նկատուիր: Այլ խօսքով, պահպանողական ըլլալը` հայկական արժէքներն ու մշակոյթը պահել փորձելը եւ համաշխարհայնացման դէմ պայքարիլը բաւարար չեն, այլ պէտք է անցնիլ յարձակողականի եւ օգտագործել համաշխարհայնացումը` ի նպաստ մեր Դատին, որովհետեւ լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողականն է: Այսինքն չի բաւեր սորվիլ հայոց լեզուն, այլ պէտք է նաեւ զայն սորվեցնել օտարներուն, չի բաւեր լսել հայկական երաժշտութիւն, այլ պէտք է զայն լսելի դարձնել օտարին, չի բաւեր մերժել թրքական արտադրութիւնները, այլ պէտք է զօրացնենք հայկական տնտեսութիւնը, եւ մեր արտադրութիւնները պէտք է մրցին ու փայլին ներքին ու միջազգային շուկաներուն մէջ: Հայ ժողովուրդը օժտուած է մեծ հարստութեամբ, որ կը կոչուի հայկական մշակոյթ, զոր պէտք է ծանօթացնենք բոլոր ժողովուրդներուն եւ օգտուինք մեր ծաւալուն եւ տարածուն սփիւռքի գոյութենէն: Ուստի, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛աշխատի տարածել մեր արժէքները, արդէն բնականաբար պահպանած կ՛ըլլայ զանոնք ձուլումի սպառնալիքէն:

Ինչպէս վերը նշեցինք, 21-րդ դարուն պէտք է դուրս գանք ժամանակավրէպ միջոցներէ եւ մեր «Դէպի Երկիր» ծրագիրը օժտել նոր ռազմավարութեամբ մը, որ հիմնուած է դիւանագիտութեան եւ հեռատեսութեան վրայ: Սակայն այս մէկը իրագործելու համար պէտք է պատրաստել միտքերն ու մարդուժը: Այլ խօսքով, պէտք է պատրաստել երիտասարդութիւնը, որ դառնայ նախաձեռնող ուժ` սրբազան ծրագիրներու, եւ ջահակիր` մեծ աշխատանքներու: Այսօր, ինչպէս միշտ, երիտասարդութեան դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ շատ մեծ է, ինչպէս մտաւորական ընկեր մը կ՛ըսէ. «Արդարեւ, երիտասարդութիւնը բոլոր ժամանակներուն եւ ամէն տեղ պայքարի ջահը բարձր պահող խաւն է ժողովուրդին: Սխալն ու անընդունելին մերժելու ու զանոնք ճիշդով ու ընդունելիով փոխարինելու գործին մէջ երիտասարդները միշտ յառաջատար դիրքի վրայ են, քանի իրենք են ազնիւ ու իտէալական մղումներու, պատմութիւնը յառաջ մղող, ազատութիւնն ու արդարութիւնը ջատագովող մտքերու պարունակը»:

ԽԱԺԱԿ ԿԷՕՔՃԵԱՆ

(1) «Առաջին քայլեր», «Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան» Ա. հատոր, 1934, Պոսթըն, էջ 91 – Source: AztagDaily

Comments

comments