Զաւէն Թաշճեան

 

Ընկեր Զաւէն Թաշճեան ծնած է Այնճար, 1944 ին: Յաճախած է Ազգային «Յառաջ» վարժարանը , ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Պատանի հասակին անդամագրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղին ու ապա ՝ Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութեան, որուն գաղափարական հնոցին մէջ կուսակցականի իր դաստիարակութիւնը ստանալէ ետք փոխանցուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը:
Մոլի ընթերցող էր ընկեր Զաւէն: Մեծ ըմբոշխնումով կը կարդար մանաւանդ բանաստեղծական գործեր: Ան բացառիկ տաղանդ ունէր ասմունքի եւ դերասանութեան: Մաս կազմած է համազգայինի թատերական ներկայացումներուն եւ մեծ յաջողութեամբ մարմնաւորած է Պէպոյի կերպարը:
Լիբանանեան տագնապէն առաջ իսկ՝ ընկեր Զաւէն մաս կը կազմէր տեղւոյն Հ.Յ.Դ.«Կարմիր լեռ» կոմիտէին: 1980-էն մինչեւ նահատակութիւնը , վեց տարի շարունակ կը վարէր անոր ներկայացուցիչի պատասխանատու պաշտօնը:
3 Մարտ 1986 ին , ընկեր Զաւէն Թաշճեան զոհ գնաց դաւադիր ոճիրի մը իր վաճառատան մէջ : Անծանօթ մը մուտք գործելով վաճառատուն, ձայնարգել զէնքով մը երկու փամփուշտ արձակեց այդ պահուն առանձին գտնուող ընկերոջ վրայ եւ յաջողեցաւ խոյս տալ:

Ընկեր Զաւէն եղաւ ամէն տեղ եւ իր համակ կեանքը նուիրեց իր գիւղին , ժողովուրդին , կուսակցութեան եւ ազգին մինչեւ որ նահատակ ինկաւ հայանուն վարձկանի մը ձեռքով արձակուած փամփուշտէն:

Comments

comments