Յարութիւն Քեպապճեան էր անուն-ազգանունով, քիչեր գիտէին իր բուն անունը, կը ճանչցուէր պարզապէս ընկեր Կայծակ անունով, որ դաշնակցական ըլլալու իր տիտղոսն էր:
Սեբաստացի իր ծնողքին միակ որդին էր: Հայրը չէր ճանչցած գրեթէ, որովհետեւ, գիտէք, թուրքը կը սիրէր ջարդել, որբացնել, այրիացնել, կամ` բոլորովին սպանդի ենթարկել: Սեբաստիա ծնած երեխան մօրը գրկին` տարագրութեան ճամբաները կտրելով, հասած էր Լիբանան, Պուրճ Համուտ: Նոր Մարաշի մէջ տուն մը ունեցան մայր ու որդի: Յարութիւն յաճախեց Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը, նախակրթարանի շրջանաւարտ եղաւ 1939-ին: Այս մանրամասնութիւնները գիտեմ, որովհետեւ եղբօրս` Տիգրանին դասընկերն էր: Կ՛ըսէին, թէ տաքարիւն աշակերտ եղած էր, վառվռուն, յանդուգն: ՀՅ դաշնակցութեան շարքերուն անցած էր պատանի տարիքին, ու մնացած էր հոն մինչեւ իր մահը, 19 փետրուար 2012:
Նուիրեալ դաշնակցականն էր, զտարիւն յեղափոխական մը, թերեւս Սեբաստացի Մուրատին արիւնէն ժառանգութիւն մը փոխանցուած էր: Պուրճ Համուտի «ռատար»-ն էր, կը լսէր ամէն հարց, կը տեսնէր ամէն դէպք կամ պատահար: Եղաւ պաշտօնեայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: Ամուսնացած պատուական ընտանիքի մը դստեր` Արաքսի Նարկիզեանին հետ: Ունեցան երկու արու զաւակ, Նշան եւ Կարօ: Ընտանեօք նուիրուեցան ազգային գործին: Արաքսի Նարկիզեան եղաւ հիմնադիրներէն Նոր Մարաշի ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին: Ազգային արժէքներու պահպանման նուիրուած օրինակելի ընտանիք մը:
Լիբանանի պատերազմի տարիներուն ընկեր Կայծակ մնաց իր թաղին մէջ: Մէջքին ատրճանակ մը ունէր անպայման, եղաւ հսկիչը, «բաց աչքը» թաղամասի զինեալ պահակ տղոց: Բջիջային հեռաձայն չունէր, զինք փնտռողը կրնար գտնել իր կնոջ եղբօր, Հայկ Նարկիզեանի ընդարձակ գործատեղին, որ այդ անապահով եւ վտանգաւոր օրերուն եղաւ պահականոցի կէտ, նաեւ խոհանոց` յանձնուած ընկեր Կայծակին: Ան կը մատակարարէր օրուան առատ ճաշը, որպէսզի պահակ տղաքը անօթի չմնային: Այդ ԿԷՏ-էն երբեմն կը լսուէր յեղափոխական երգերու երգեցողութիւն:
Մեր տունը մօտն ըլլալով այս «պահականոց-կէտին` գիշերային ժամերուն կը լսէինք երգերը: Ընկեր Կայծակին ձայնը կ՛անջատուէր խումբին ձայնէն, որովհետեւ Կայծակ ունէր սուր, զատորոշուող ձայն մը, երբ երգը հասնէր յանկերգին. «Գարեգինը Կարնեցի»-ին: Այս յուզիչ երգը առաջին անգամ լսած եմ ընկեր Կայծակէն, եւ սորված եմ ինքնաբերաբար, պատերազմի դաժան գիշերներուն:
Դաշնակցութիւնը ամէն բանէ վեր էր ընկեր Կայծակին համար: Իր նուիրումը իբրեւ «անկեղծ զինուոր»-ի` վարակիչ էր, առանց հրամայելու` ինք կը վազէր առաջին անգամ, երբ տեղ մը օգնութեան հարց կար: Ունէր նաեւ անպաշտօն պարտականութիւն մը. իրեն կը դիմէին, երբ կնճռոտ հարց մը պէտք էր լուծուէր, դրացիներու- աղջիկ-տղու միջեւ, կամ ընտանեկան հարց ունեցողներու պարագային: Արդար դատաւորի խօսք ունէր ընկեր Կայծակ: Նոյն ատեն ան կուղպ-բերան էր, գաղտնապահ: Երբ ոեւէ մէկը հարցումներ ուղղէր իրեն գիշերային պոռչտուքի մը մասին, պատասխանը կ՛ըլլար. «Գործիդ գնա՛, պապա, բան մըն է եղաւ-անցաւ»…
Կորսնցուցինք այս քաջ, նոյն ատեն շատ բարի, վստահելի, արդար ու նուիրեալ մարդը, դաշնակցականի տիպարը, որ իր յստակ տեղն ունէր Նոր Մարաշի մէջ, «Սարդարապատ» ակումբին շուրջը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական շրջապատին մէջ: Կը ճանչնար թաղամասին բոլոր բնակիչները, ներկայ կ՛ըլլար մեր ազգային ու բարեսիրական հանդիսութիւններուն: Ոչինչ ունէր Լիւքս ըսուելիք, միշտ պարզ ու մտախոհ, կը քալէր գլուխը վար: Վերջին քանի մը տարիներուն, տարիքի բերումով, աչքերու տկարութիւն ունեցաւ, բայց մնաց անսասան, չուզեց հաւատալ, որ ֆիզիքական թուլութիւն ունէր: Ուրախացողին հետ ուրախ, ցաւողին հետ ցաւակից, միշտ` մխիթարողի դերին մէջ: Ներկայութիւն հոն, ուր առանց կանչուելու կ՛երթար, օգնութեան փութալու: Ո՛չ ինքնաշարժ, ո՛չ այլ դիւրութիւն: Ոտքերուն կու տար իր ուժը: Բնաւ չէր հիւանդացած, մնաց ոտքի, ու մեռաւ «ոտքի վրայ», ինչպէս որ կը մեռնին ծառերը:
Յիշատակդ անթառամ մնայ, ընկեր Կայծակ:
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ – Aztagdaily