ԼԵՄականներ Եւ ԶՈՄականներ Կը Խանգարեն Թրքական Համալսարաններուն Նուիրուած Հաւաք Մը:

Երէկ լիբանանեան-թրքական ընկերակցութիւնը «Օվըրսիզ Էճիւքէյշըն Էյճընսի»-ի հետ կազմակերպած էր թրքական 16 համալսարաններու հաւաք` «Մոնրօ» պանդոկին մէջ: Խումբ մը ԼԵՄ-ականներ եւ ԶՈՄ-ականներ երեկոյեան մուտք գործեցին պանդոկի ցուցասրահ եւ կոչեր ցրուեցին` իրարանցում ստեղծելով:

Կոչերուն մէջ կ՛ընդգծուէր լիբանանեան բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններուն ունեցած բարձր մակարդակը կրթական մարզին մէջ: Կը նշուէր նաեւ, որ թրքական կրթական համակարգին պատճառով ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ցեղապաշտ սերունդներ կը դաստիարակուին:

ԼԵՄ-ականները եւ ԶՈՄ-ականները իրենց կոչերուն մէջ նշեցին, որ Թուրքիա ներկայիս կը շահագործէ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ծանր տագնապը, որպէսզի լիբանանցի երիտասարդները ուսանելու համար Թուրքիա հրաւիրելով զանոնք թրքական քաղաքական եւ տնտեսական գործօնի վերածէ: Կոչ ուղղուեցաւ նաեւ լիբանանեան ազգային շահերը ամէն նկատառումէ վեր դասելու եւ զգուշանալու լիբանանցիներուն տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ թրքական ներթափանցման հետեւանքներէն:

Հաւաքին ներկայ թուրքերը չկարենալով զսպել իրենց զայրոյթը յարձակեցան ԼԵՄ-ականներուն եւ ԶՈՄ-ականներուն վրայ, ինչ որ կարճատեւ միջադէպի պատճառ դարձաւ, սակայն շուտով հարցը իր լուծումը գտաւ:

Souce: AztagDaily

Comments

comments