Խրիմեան Հայրիկ

Խրիմեան Հայրիկ (1820 – 11 Նոյեմբեր 1907)

Ծնած է 4 Ապրիլ 1820-ին, Վան, նախնական կրթութիւնը ստացած է Վասպուրականի Լիմ եւ Կտուց անապատներու վանական դպրոցներուն մէջ:
1842-ին կը հաստատուի Կ. Պոլիս:
1848–1850-ին ուսուցչութեամբ կը զբաղի Կ. Պոլսի Խասգիւղ թաղամասի իգական դպրոցի մէջ:
1851-ին Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հանձնարարությամբ կը մկնի Կիլիկիա՝ կրթական գործի զարգացմանը նպաստելու եւ տեղի հայութեան կեանքն ուսումնասիրելու նպատակով:
1854-ին կը ձեռնադրոուի վարդապետ:
1855-ի Յունիսից 1856-ի Յունիսը Կ. Պոլսոյ մէջ կը հրատարակէ «Արծուի Վասպուրական» ամսագիրը:
1856-ի Յունիսին վերադառնալով Վան՝ սուլթանի ֆերմանով եւ Կ. Պոլսի հայոց պատրիարքի կոնդակով կը ստանձնէ Վարագավանքի վանահայրութիւնը:
1857-ին վանքին մէջ կը հիմնադրէ հոգեւոր ժառանգաւորաց վարժարան, իսկ 1858-ին կը վերսկսի «Արծուի Վասպուրական»-ի հրատարակութիւնը:
1860-ին կը մեկնի Արլ. Հայաստան, կը շրջի Երեւան, Էջմիածին, Սիւնեաց աշխարհ, Արցախ, Թիֆլիս:
1862-ին Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը անոր կը յանձնէ Տարոնի հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը եւ Ս. Կարապետ վանքի վանահայրութիւնը:

Տարոնի մէջ հիմնադրէ նոր հոգեւոր ժառանգաւորաց վարժարան եւ կը հրատարակէ (1863–65) «Արծուիկ Տարոնոյ» երկշաբաթաթերթը՝ Գարեգին Սրուանձտեանցի խմբագրութեամբ:

1868-ին Էջմիածնի մէջ կ’օծուի եպիսկոպոս, 1869-ին Կ. Պոլսոյ Ազգային ժողովի կողմէ կ’ընտրուի Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք:
Անոր նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի գաւառահայութեան հարստահարութիւնները քննող յանձնաժողով, որու կազմած տեղեկագիրը Ազգային ժողովը 1872-ին կը ներկայացնէ Բ. Դռան: Այդ գործունէութիւնը պատճառած է թուրքական կառավարութեան եւ Կ. Պոլսոյ հայ մեծահարուստներու դժգոհութիւնը, որոնց գործադրած սադրանքներու պատճառով ան 1873-ի Օգոստոսին կը հրաժարի պատրիարքութենէն:

Իբրեւ 1878-ի Պեռլինի վեհաժողովի հայկական պատվիրակութեան ղեկավար նախապէս այցելած է եւրոպական մեծ տերութիւններու (Իտալիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա) պետական պաշտօնեաներուն, պատրիարքարանի կազմած տեղեկագիրը ներկայացուցած Պեռլինի վեհաժողովին՝ յոյս ունենալով դիւանագիտութեան Ճանապարհով լուծել Հայկական հարցը: Հիասթափուած անոր արդիւնքներէն՝ շրջադարձ կատարած է դէպի ազգային-ազատագրական պայքար:

1879-ին կ’ընտրուի Վասպուրականի հոգեւոր առաջնորդ, եռանդուն գործունէութիւն կը ծաւալէ, կ’օժանդակէ Վանի «Սեւ խաչ» եւ Կարինի «Պաշտպան հայրենեաց» ազգային-ազատագրական գաղտնի կազմակերպութիւններու ստեղծման ու գործունէութեան:

1892-ի մայիսին կ’ընտրուի Ամենայն հայոց կաթողիկոս, սակայն սուլթանը չի համաձայնիր անոր թուրքահպատակութենէն ազատել, եւ միայն 13 ամիս ետք ռուսական ցարի միջնորդութեամբ անոր կը թոյլատրուի երթալ Էջմիածին:
1893-ի Սեպտեմբեր 26-ին կ’օծուի Ամենայն հայոց կաթողիկոս: Հայկական հարցը ռուսական Արքունիքի մէջ ներկայացնելու նպատակով 1895-ին կը մեկնի Բեդերպուրկ:

Կը բողոքէ 1894–96-ի համիտեան ջարդերու դէմ, ցարական Արքունիքին յղած տարբեր խնդրագրերով ապահովել հանգանակութիւններու իրականացումը ռուսական կայսրութեան հայաբնակ տարածքներու մէջ: Ան մեծ ջանքեր կը ներդրէ կոտորածներէ մազապուրծ գաղթականութեան ֆիզիքական Գոյութիւնն ապահովելու եւ վերստին երկիր վերադարձնելու համար:

Եռանդուն պայքար կը մղէ հայ եկեղեցապատկան կալուածքները բռնագրաւելու մասին ցարական կառավարութեան 1903-ի Յունիսի 12-ի օրէնքի կենսագործման դէմ, կը հրամայէ հոգեւոր թեմակալ առաջնորդներուն՝ չենթարկուիլ այդ որոշումին եւ խոչընդոտել անոր իրագործման:

Comments

comments