Սուրիոյ տագնապը եւ անոր անմիջական հետեւանքով ստեղծուած սուրիահայութեան տագնապալի առօրեան կ՛ահազանգէ ողջ հայութիւնը՝ զայն մատնելով մտատանջութեան:
Պատմութիւնը, իր ողջ էութեամբ, կը յուշէ ժողովուրդներու անցեալի ու ներկայի ճակատագիրը, իսկ անցեալի հետքերով ենթադրութիւնները կը տանին անորոշութեան ու անձկութեան գիրկը, որուն համար անմիջական հաստատակամութեամբ ու ծառայական ոգիով պէտք է դիմել գործնական քայլերու:
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայկական գաղութի երեք յարանուանութեանց, կուսակցութեանց եւ բարեսիրական միութեանց ներկայացուցիչները, ըլլալով արթուն հովիւն ու պահակը շրջանի հայութեան՝ սրբազան դերով մը համախմբուեցան եւ որոշեցին յառաջացնել «Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմին» մը, որպէսզի կազմակերպչական եւ անմիջական դրամահաւաքի աշխատանքներով գաղութը լծուի գործի՝ շուտափոյթ կերպով տեղ հասցնելու համար հանգանակուած գումարները, որոնք պիտի ծառայեն կեանքեր փրկելու եւ բարոյական ու հոգեկան ապահովութիւն ներշնչելու Սուրիոյ տարածքին դժուարին պայմաններու մէջ ապրող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ազգային հաստատութիւններուն:
Սուրիահայութեան օժանդակութէան գործադիր մարմինը կազմուեցաւ հետեւեալ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներով, ու դիւանական պաշտօններու բաժանումով.
– Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ՝ տիար Զաւէն Խանճեան՝ ատենապետ
– ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ներկայացուցիչ՝ տիկին Սոնա Մատարեան՝ ատենադպրուհի
– Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) ներկայացուցիչ՝ տիար Հէրի Պալեան՝ փոխատենապետ
– Արեւմտեան թեմի Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչ՝ տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան՝ գանձապահ
– Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութենէն՝ տիար Խաժակ Տիքիճեան
– Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի ներկայացուցիչ՝ տիար Պարգեւ Համալեան
– Հայ Կաթողիկէ համայնքի ներայացուցիչ՝ տիար Արա Արոյեան
– Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) ներկայացուցիչ՝ տիար Խաչիկ Ճանոյեան
– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) ներկայացուցիչ՝ տիար Վարդգէս Նալպանտեան
– Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) ներկայացուցիչ՝ տիար Յարութ Ֆագճեան:
Վերոյիշեալ Մարմինի անդամները անմիջական կապերով ու աշխատանքներով պիտի հասնին մեր ազգի նուիրաբերող զաւակներուն, այն վստահութեամբ, որ անոնք հայավայել հաւատարմութեամբ պիտի չզլանան իրենց օժանդակութիւնները, որպէսզի անկարելին կարելի դարձնենք եւ օգնութեան ձեռք երկարենք, ի խնդիր սուրիահայութեան փրկութեան:
Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմինը հայրական իր օրհնութիւնը ստացաւ ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի զոյգ Առաջնորդներէն՝ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանէն եւ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանէն, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետ. յարանուանութեանց հոգեւոր Առաջնորդներէն, եւ արդէն անցած է գործնական առաջին քայլերուն:
Արդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի ազնիւ զաւակներուն՝ հետեւելու հրապարակուած լուրերուն, մամուլի էջերէն, հայկական պատկերասփիւռի կայաններէն, եւ յատկապէս՝ Գործադիր մարմինի յատուկ կայքէջէն՝ www.syrianarmenianrelieffund.org, եւ ըստ կարելւոյն՝ փոխանցել ձեր առատաձեռն նպաստը:
Նիւթական օժանդակութիւնները կարելի է յղել հետեւէալ հասցէին.
SYRIAN ARMENIAN RELIEF FUND
www.syrianarmenianrelief fund.org
POBox 1948
Glendale, CA 91209-1948
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
Source: Tert.AM