9 Նոյեմբեր 1901ին, Վենետիկի մէջ, 81 տարեկանին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստան Աշխարհի պաշտամունքը համազգային ապրումի, մտածողութեան, վարքագծի եւ երգի վերածած անբասիր եկեղեցականն ու ներհուն բանաստեղծը։
Հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներու փաղանգին մէջ իր պայծառ դէմքով ու վսեմ ճակատով կ’առանձնանայ վաստակը «Մեծ Ալիշան»ին, ինչպէս որ մահուան առիթով զինք անուանած էր Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը՝ շեշտելով, որ հայոց «Նահապետ»ը «կրօնք մ’ունէր՝ Հայաստանը, եւ իտէալ մը՝ անոր ազատութիւնը եւ փառքը»։
Բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով կրօն մը եղաւ Հայաստանը «Նահապետ» գրչանունով անմահացած Ղեւոնդ Ալիշանի համար, որ ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ Հաւատքի Մարդ էր. ապրեցաւ եւ գործեց Հայ Եկեղեցականի ոգեշնչող վարքով ու մեծ ներդրում ունեցաւ ոչ միայն որոշապէս Մխիթարեան Միաբանութեան ազգային դիմագծի պայծառակերտման, այլեւ ընդհանրապէս՝ 19րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքի հոգեմտաւոր շղթայազերծման մէջ։
Հակառակ գրաբարախառն իր հայերէնին, Հայր Ղեւոնդ Ալիշան նաեւ դրօշակիրներէն եղաւ մեր Մայրենիի աշխարհաբար մշակման ու բիւրեղացման պայքարին։ Իր առաջին բանաստեղծութիւններով իսկ հայոց միջնադարեան ռամիկ, այլեւ գրական հայերէնը վերակենդանացուց եւ յառաջապահը դարձաւ սեփական ժողովուրդին հասկնալի ու սրտամօտ հայերէնով ստեղծագործելու Զարթօնքի շարժումին։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ստեղծեց ու հայոց սերունդներուն ժառանգ կտակեց ըստ ամենայնի Կոթողական հարստութիւն մը հոգեմտաւոր արժէքներու, որոնք ներշնչման աղբիւր դարձան 19րդ դարու ազգային մեր զարթօնքը իր բարձրակէտին առաջնորդած հայ ազգային-ազատագրական պայքարին համար։
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ ներգործութիւնը բանաստեղծ Նահապետի, որ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս հաստատաքայլ մուտք գործեց երգելով՝
«Մանկտիք, զիս հայոց հողն ու ջուրն սնուցել,
Ես այն հող ու ջուր սրտով եմ սիրել.
Հայրենեաց հարուստ է հողն, ջուրն անուշ,
Քանց օտար զարդ, քաղցր հայրենեացն փուշ»…
«Հայրենիքի փուշ»ն անգամ «օտար զարդ»էն աւելի «քաղցր» նկատելու եւ նախընտրելու այս հաւատամքին դրօշակիրը եղաւ Մեծն Ալիշան։
Եւ հայ յեղափոխական շարժման բանբեր «Դրօշակ»ը թարգմանը կը հանդիսանար Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի Անձին ու Գործին վայելած համազգային ու անխառն գնահատանքին, երբ 110 տարի առաջ, Ազգի եւ Հայրենիքի մեծ կորուստին առիթով՝ կը վկայէր.
– «Ալիշան ամբողջ ազգինն է, Հայաստանի անցեալին ու ապագային, որուն նուիրուած էր իր բոլոր էութիւնով։ Ոչ մէկը կրցած է անոր պէս հզօր եւ օլիմպեան կերպով մարմնացնել մեր ազգին տրոփող ու ազատասէր ոգին։ Ոչ ոք հոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ այնքան աշխարհական եղաւ եւ աւելի բանապաշտ, եւ ոչ ոք պատերազմի շեփորը այնքան լայնօրէն հնչեցուց, որքան նահապետն հայոց։
«Ալիշան յեղափոխութեան կը պատկանի, մեր ազգային շարժման մեծ մուսան եղաւ։ Բոլոր ստրուկ ազգերը իրենց երգիչները ունեցան, որոնք բոցաշունչ տողերու մէջ հայրենասիրական ոգիին թափ տուին։ Մենք ունեցանք Ալիշանը, որ եղաւ «Աւարայրի պլպուլը», երգեց «Կարմիր Վարդանը»։ Իր տաղերը հանգուշն ու մեղմ՝ երազանքը, մրմունջը կամ անուշ տենչանքի մը պղատոնական զգայնութիւնը չեն տար միայն, այլ բարկաճայթ վրիժագոռ, սալասմբակ ճախրանք մը ունին, արիւնը մտրակող եւ գործի մղող… հապօ՜ն յառաջ։
«Ան լսելի ըրաւ, առաջին անգամ, «Բամբ Որոտանը»՝ Մարսէյէզի մը չափ հրաբորբոք, անոր չափ սրտոտ՝ «Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, օ՜ն անդր յառաջ»։
Եւ ահա՛ Ալիշանեան բանաձեւումը մինչեւ մեր օրերը ազգային-հայրենասիրական երգի իր թելադրականութիւնը պահպանող եւ վերանորոգող «Բամբ Որոտան»ի.-
Բա՛մբ, որոտան բարձուստ բամբիւնք
յԱյրարատեան դաշտն ի վայր,
Արի արանց արիւնք՝ յեռանդ առատանան ի հրազայր,
Հրաւէր հայրենեաց հըռչակի նդհանուր,
Հոգիք Հայկազանց բորբոքին ի հուր,
Որք երկնաւորին պսակին էք կարօտ,
Որք երկնաւորին փառաց երկնայորդ։
Հապ’օ՜ն արի արանց մանկունք,
Հայրենավրէժքըդ Հայկազունք,
Հապ’օ՜ն ի զէ՛ն գունդագունդ
Յեռեալ ի պար թունդ ի թունդ,
Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, օ՜ն անդր յառաջ,
Ի զէ՛ն, ի վրէ՛ժ, մի՛ ձախ մի՛ յաջ,
Իր այս շունչով ու թռիչքով էր, որ Ալիշան հայոց Հաւատքին խորանը բարձրացուց եւ աստուածահաճոյ դարձուց Հայաստանի ու հայկականութեան սէրն ու պաշտամունքը։
Հաւատաց եւ հաւատացուց՝
«Մի՛ ուրանար զերկիրդ եւ զազգդ սիրուն,
Ծառն արմատով է ծառ՝ տունն հիմամբ է տուն»:
Մարտունակութիւն քարոզեց եւ կամքեր կռանեց՝ շարունակ յորդորելով, որ «Թշնամւոյն ջախջախելու համար հարուած եւ հանճար է պէտք»:
Որովհետեւ կը հաւատար, թէ՝
«Արծիւ միտքը արծուոյ թեւ ալ կþուզէ»:
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ծնած էր 1820 թուի Յուլիս 6ին, Պոլսոյ մէջ, հնահաւաք ու դրամագէտ Պետրոս-Մարգար Ալիշանեանի ընտանեկան յարկին տակ։ Մկրտուած էր Քերովբէ։ Պոլսոյ «Չալըխեան» նախակրթարանը հազիւ աւարտած՝ 12 տարեկան Քերովբէն ղրկուեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարի վանքը եւ յանձնուեցաւ Մխիթարեաններու դաստիարակութեան։ Վանքի Ընծայարանն ու «Մուրատ Ռափայէլեան» բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց 1841ին՝ արդէն կուսակրօն վարդապետ ձեռնադրուած։ Անմիջապէս նուիրուեցաւ նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչութեան՝ միաժամանակ աշխատակցելով 1843ին կեանքի կոչուած «Բազմավէպ» հանդէսին։ Այս շրջանին լոյս տեսան իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք գրաբարով գրուած էին եւ կը կրէին Մխիթարեաններու դասական դպրոցին շեշտակի կնիքը։
1848ին նշանակուեցաւ «Ռափայէլեան» վարժարանի տեսուչ՝ միաժամանակ ստանձնելով «Բազմավէպ»ի խմբագրութիւնը (1849-1851)։
Ամբողջ Եւրոպան ցնցող յեղափոխական պոռթկումներու ժամանակներ էին. իսկ Իտալիոյ տարածքին ազգային միաւորման ու ազատագրութեան յեղափոխական շարժումները իրենց բարձրակէտին հասած էին։ Այդ խմորումները անտարբեր չձգեցին երիտասարդ Ալիշանին, որ «Բազմավէպ»ի էջերուն լոյս ընծայեց «Նահապետ» ստորագրութեամբ իր ազգային¬յեղափոխաշունչ բանաստեղծութիւնները։ «Պլպուլն Աւարարայրի», «Հայոց Աշխարհիկ», «Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոց», «Բամբ Որոտան» եւ «Նուագք» շարքի միւս բանաստեղծութիւններով՝ Ալիշանի «Նահապետի երգերը» ոչ միայն նոր ուղի բացին Մխիթարեաններու դասական քերթողութեան առջեւ, այլեւ՝ ընդհանրապէս արդի հայ գրականութիւնը թարմացուցին ու յառաջ մղեցին վիպապաշտ (ռոմանթիք) դպրոցի հունով։ Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական զարթօնքին կրակը վառեցին ժամանակի հայ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան մէջ՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ Պոլիս ու Վան, մինչեւ Թիֆլիս ու Մոսկուա։
Պերճախօս է վկայութիւնը Ալիշանի կրտսեր ժամանակակից եւ հայոց ազգային ու յեղափոխական զարթօնքին մէջ իր կարգին մեծակշիռ ներդրում կատարած Միքայէլ Նալբանդեանի, որ օրին ողջունելով «Նահապետ ստորագրութեամբ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանեանց արժանաւոր վարդապետի հրատարակած հոյակապ քերթուածքը՝ «Պլպուլն Աւարայրի», չվարանեցաւ յայտարարելու, թէ «չափաբերական քերթուածոց մէջ արժանաւոր վարդապետը ախոյեան չունի»…
1849ին բռնկած իտալեւաւստրիական պատերազմին հետեւանքով՝ «Մուրատ Ռափայէլեան» վարժարանի դասաւանդութիւնները կþառկախուին։ 1850ին, Մխիթարեաններու Աբբահայր Գ. Հիւրմիւզի հետ, Ալիշան կþանցնի Վատիկան, ուրկէ տարի մը ետք – Մուրատ Ռաֆայէլեանի կտակին հետ կապուած հարցերու լուծման առաքելութեամբ – կ’ուղարկուի Լոնտոն։ Ալիշան կþերկարաձգէ Լոնտոն իր կեցութիւնը, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ եւ ուսումնասիրէ Քեմպրիճի համալսարանին ու Օքսֆորտի մատենադարանին հին ձեռագիրներու աշխարհահռչակ հաւաքածոն։ Ալիշան ոչ միայն մանրամասն կը քննէ, այլեւ՝ կը ցանկագրէ իր գտած հայկական բոլոր ձեռագիրները։ Լոնտոնէն ետք, ուսումնասիրական եւ ինքնազարգացման նպատակներով, կը շրջի եւրոպական գլխաւոր կեդրոնները՝ յաջորդաբար Պերլին, Վիեննա, Փարիզ եւ Կանտ (Պելճիքա)։ Վենետիկ կը վերադառնայ 1853ին։
Համաշխարհային մշակոյթի ու մտքի մեծ կեդրոններուն հետ մօտէն շփումի ծառայած այդ տարիները հիմնական շրջադարձ առաջացուցին Ալիշանի հետագայ գործունէութեան մէջ։ Գրաբարով ստեղծագործող Բանաստեղծն ու Բանասէրը, Ալիշանի մէջ, վերաճեցան ազգային շունչով, աշխարհաբարով եւ յառաջդիմական մտածողութեամբ սերունդ հասցնող Դաստիարակի եւ, միեւնոյն առաջադրանքով, բանասիրական ու պատմագիտական բնագաւառներու մէջ կոթողական աշխատասիրութիւններ իրագործող Գիտաշխատողի եւ գաղափարական շարժում հունաւորող Մտաւորականին։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մանկավարժական գործունէութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 1872 թուականը, երբ որոշեց ամբողջութեամբ նուիրուիլ գիտական աշխատութեանց։ Այդ շրջանին, «Մուրատ Ռափայէլեան»ի տեսչութեան կողքին, Ալիշան 1859էն 1861 դասաւանդեց նաեւ Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, մինչեւ իր վախճանումը 9 Նոյեմբեր 1901ին, Հայկեան Հանճարին վեհաշուք Նահապետը փակուեցաւ Ս. Ղազարի վանքի իր աշխասենեակին մէջ եւ ստեղծեց աւելի քան յիսուն հատոր հայագիտական պատկառելի երկեր, որոնք փառքը կը կազմեն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան։
Ինչպէս իր բանաստեղծութեանց, նոյնպէս եւ բանասիրական թէ պատմագիտական իր աշխատասիրութեանց մէջ, Ալիշան միեւնոյն մեծ ու խորին պատգամը փոխանցեց հայ ժողովուրդի զաւակներուն.- Պաշտելու աստիճան սիրել եւ պահպանել հայոց լեզուն ու հայրենի հողը, հայն ու իր մշակոյթը, որոնք ծաղկումի եւ ճառագայթումի առաջնորդեցին հայկեան հանճարը՝ դարաւոր ստրկութեան մէջ անգամ։ Հայաստանի եւ հայութեան նիւթեղէն ու ոգեղէն այդ արժէքներուն փարելով է, որ մեր սերունդները ի վիճակի պիտի ըլլան խաւարի ու անկումի ժամանակներուն դէմ օժտուելու ինքնապահպանման եւ վերականգնումի հզօրագոյն զէնքերով։
Հայկականին ու հայրենականին պաշտամունքը Ալիշան յաւերժացուց նախ իր բանաստեղծութեամբ։ 1850ականներու վերջերուն, «Նուագք» ընդհանուր անունին տակ ի մի բերելով համեմատաբար երիտասարդ տարիքին գրուած իր քերթուածները, Ալիշան 1857ին եւ 1858ին յաջորդաբար լոյս ընծայեց «Մանկունի», «Մաղթունի», «Խոհունի», «Բնունի», «Հայրունի», «Տէրունի» եւ «Տխրունի» խորագրուած գրքոյկները, որոնք մէկ կողմէ մարդկային անսահման բարութեան, մարդկայնապաշտ ապրումներու եւ խոհերու, ինչպէս եւ քրիստոնէական հաւատքի վերահաստատման նորօրեայ աւետարաններ եղան, իսկ միւս կողմէ սրտերուն եւ մտքերուն մէջ վառեցին խարոյկը հայոց փառապանծ անցեալի ոգեկոչման, հայրենի բնութեան պաշտամունքին, հայրենի հողին՝ քարին ու ջուրին ոգեշնչման եւ, մանաւանդ, Հայկեան Հանճարի շղթայազերծման։
Հաւատքի՛ մարդու, ազգայի՛ն գործիչի եւ տաղանդաշատ գրողի իր մեծ պատգամը Ալիշան թուղթին յանձնեց նաեւ արձակ էջերով, որոնք 1871ին լոյս տեսան «Խորհրդածութիւնք՝ ընդ եղեւնեաւ» հատորով։ Իսկ հայագիտական աշխատասիրութեանց իր կոթողական վաստակով՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան պատրաստեց, բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով, հանրագիտարանը Հայաստան Աշխարհին եւ ստեղծագործ Հայուն։ Հակառակ որ բնաւ չտեսաւ աշխարհը հայոց եւ չունեցաւ հնարաւորութիւնը ուղղակիօրէն ճանչնալու իր պաշտած ժողովուրդը, Ալիշան գաւառ առ գաւառ եւ գիւղ առ գիւղ մանրամասնօրէն ներկայացուց պատմական Հայաստանը՝ իր թէ՛ նիւթեղէն, թէ՛ ոգեղէն բնութագրով, իր հողով ու բոյսերով, իւրաքանչիւր աւանի կապուած պատմական ու ազգային յիշողութեամբ, հայերէնի ժողովրդային ու բարբառային ճոխութեամբ եւ հարստութեամբ, այլեւ ու մանաւանդ հայակերտ կոթողներով, կանգուն մնացած ու պահպանուած ըլլան անոնք, թէ ոսոխներու կողմէ քարուքանդ եղած…
Իր «Յուշիկք Հայրենեաց Հայոց», «Տեղագիր հայոց մեծաց», «Նշմարք եւ նշխարք Հայաստանի», «Շիրակ», «Սիսուան», «Այրարատ», «Սիսական», «Հին հաւատք հայոց», «Արշալոյս Քրիստոնէութեան Հայոց», «Հայապատում», «Շնորհալի եւ պարագայ իւր», «Հայ բուսակ» եւ միւս գործերով, Ալիշան ոչ միայն հայագիտութեան ընծայաբերեց գիտելիքի հսկայական պաշար, այլեւ սկզնաղբիւր դարձաւ պատմագիտութեան եւ լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան եւ բուսագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։
Հայ գրականութեան եւ հայ մտքի նոր ժամանակներու անզուգական Նահապետին վախճանման 110ամեակին նուիրուած այս էջը կþարժէ պսակել «ՀԱՅ ՀԱՆՃԱՐ» խորագրուած Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի քերթուածով ու պատգամով՝
Ո՞ւր ես հայ հանճար,- անցե՜ր ես, անցեր…
Հին եւ երկայն դարք այլեւայլ բախտով
Մեր հայ հայրենեաց վրայէն սահելով,
Սեւ ու սըպիտակ քողերով պատեր
Զաղուորն այն ծածկեր, Անցե՜ր են, անցեր։
Այն աշխարհ, որ շատ աշխարհաց մայր էր,
Որ սփռեց զազգեր մինչ ի ծայր երկրի,
Արդեամբք իր հողուն, մատամբք ճարտարի
Լեցուն գրկերով տաներ ու բերեր
Զանազան բերքեր, Անցե՜ր է, անցեր։
Այն, որ զառաջին շինուածն է կանգնէր,
Սարերըն ծակէր հանց փտտած տախտակ,
Պատերով պատէր ըզծովուն յատակ,
Բերդի տակ, լերան գըլուխ գետ քաշէր,
Զանդունդ կամըրջէր, Անցե՜ր է, անցեր։
Հայրենեաց պաշտպան՝ զէնքով զէնք քըշէր,
Հիւսսի, հարաւոյ դէմ դընէր վահան,
Վազէր յարեւմուտս, յԱթէնս հմտական,
Հելլէն հանճարոյն դէմ ըզհայն հանէր՝
Անյաղթ հռչակէր, Անցե՜ր է, անցեր…
Կþերդնու Նահապետ, կանչէ ձեզ, Հայե՜ր,
Հանճարն է մեզ կեանք, ըզնա վառեցէք,
Մեծ, պզտիկ՝ այտոր սիրով վառուեցէք։…
Ծագէ՜, հայ հանճար, փայլէ՛ բիւր բոցեր,
Իմանան ազգեր՝ Թէ Հայք չե՛ն անցեր։