Հերոս Վիգէն Զաքարեան

(15 Մարտ 1969 – 8 Մայիս 1992)

Ծնած է Պէյրութ 1969ին Մարտ 15ին: Շրջանաւարտ Համազգայինի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանէն, 1988 տարեշրջանին: Հետեւած է Հայկազեան համալսարանի առեւտրական ճիւղի կարգ մը դասընթացքներուն: Անդամակցած է ՀՄԸՄին նախ իբրեւ տարազաւոր գայլիկ, ապա սկաուտ, երէց: Աւելի ուշ մասնակցած է ՀՄԸՄի հեծելարշաւի խումբին: Կ՛անդամակցի ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ), որուն շարքերէն ներս կը վարէ պատասխանատու բազմաթիւ պաշտօններ: Իբրեւ մշակութասէր, կը միանայ նաեւ Համազգայինի պարախումբի միաւորին: Սորված է ոսկերչութեան արհեստը, կեանքը ապահովելու համար: 17 Ապրիլ 1992ին կը մեկնի Հայաստան անցնելու համար Արցախ: Կը մասնակցի Շուշիի ազատագրման կռիւներուն: Կը նահատակուի Լիսագորի բարձունքներուն դիմաց՝ 1992 Մայիս 8ին: Կը թաղուի Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը, Երեւան:

 

0511vikenzakarian

Comments

comments