«Հիմա Վահանը կը վերադառնայ… վահանի վրայ:» ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

 

Շաբաթէն Կիրակի լուսցող գիշերուան ժամը 1ի մօտերը, ընկեր մը հեռաձայնիս վրայ արձանագրեց Վահան Յովհաննիսեանի մահուան բօթը: Շատերու ու իրեն պէս, ես ալ գիտէի, թէ իր կեանքին թելը մօտ է աւարտին: Կանխաւ «հաշտուած» էի, սակայն հիմա չեմ կրնար հաշտուիլ Վահան Յովհաննիսեանի մահուան հետ:

Մէկը, մեր ժողովուրդի վերջին 25 տարիներու պատմութեան ամէնէն փայլուն դէմքերէն: Իսկ փայլուն դէմքերը անոնք են, որոնք հետք կը ձգեն իրենց ետին, որոնց մասին խօսուածն ու գրուածը կրնայ գալ միայն սիրտերէն ու իմացական աշխարհէն ու ոչ թէ «յաւուր պատշաճի»ի սովորութենէն:

Փայլուն դէմքերը անոնք են, որոնց բացակայութիւնը պարապութիւն մը կը ստեղծէ: Կը բաւէ ներկայ ըլլալ իր ելոյթներուն՝ հանրային բեմերու վրայ, կամ կազմակերպական միջավայրէ ներս, խորհրդարանի ամպիոնին վրայ կամ հանրահաւաքի ընթացքին, համոզուելու համար, որ ընթացիկ, սովորական անձի մը հետ չէ մեր գործը:

Սուր միտքի տէր, չարին նկատմամբ անխնայ, թիւրին ու թերիին նկատմամբ պարոնեանական սրամտութեամբ օժտուած անհատականութիւն մը: Ճառագայթող անձնաւորութիւն մը: Յեղափոխականի հոգիով ու յեղափոխող միտքով մէկը, որ գիտցաւ արագօրէն գործի վերածել իր համոզումներն ու հաւատամքը: Իր այն հաւատամքը, որուն անբաժանելի մասը դարձաւ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհը:

Այս գաղափարի աշխարհին զինուորը եղաւ Վահան Յովհաննիսեանը ու իր այս համոզումն էր, որ զինք ուղարկեց Արցախ, ազատագրական պայքարի ամենաբուռն ժամանակաշրջանին: Հետեւաբար, ան եղաւ ոչ միայն գաղափարի զինուոր, այլեւ ազատագրական պայքարի մարտիկ: Ան հաւատաց, որ կա՛մ վահանի վրայ, կա՛մ վահանով պիտի վերադառնար: Այս գաղափարի աշխարհէն իր սորվածը իրեն թելադրած էր հետեւեալ պարզ տրամաբանութիւնը. «Հողը ազատագրե՞լ կ՛ուզէք, խնդրեմ. բայց պատրա՞ստ էք գերագոյն զոհաբերութեան»:

Վահան Յովհաննիսեան Արցախէն վերադարձաւ վահանով:

Vahan Hovhannisyan

Յետագային, գաղափարի զինուորը եղաւ նաեւ պետականութեան կառուցման մասնակից: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմիններէն կամ պետական զանազան օղակներէ ներս, Վահանը յատկանշուեցաւ քաջութեամբ ու միտքի փայլատակումներով, որովհետեւ ան իր մէջ ունէր Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհի ամբողջ զինանոցը:

Մարտահրաւէրները ճակատէն դիմագրաւող մարդը եղաւ ան, ոչ միայն Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին, այլեւ խորհրդարանէն ներս՝ յանուն աւելի արդար Հայաստանի մը կերտումին: Նոյն այս մտածողութիւնն էր զինք առաջնորդողը Եւրոպայի մէջ թէ ուրիշ տեղ, հոն ուր Հայաստանի շահերը պաշտպանելու եւ առաջ մղելու օրակարգ կար: Նոյն այս տրամաբանութեամբ էր, որ ան ստանձնեց Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը՝ իբրեւ պայքարի ուրիշ տեսակի խրամատի մարտիկ: Մինչեւ որ…
Հիմա Վահանը կը վերադառնայ… վահանի վրայ:

Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 28, 2014
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Comments

comments