Հրայր Մարուխեան ծնած է Դեկտեմբեր 19, 1928ին, Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Ան աւարտած է Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը՝ մեքենագիտական բնագաւառէն ներս:
1958ին ամուսնացած է Անահիտ Սարգսեանին հետ եւ ունեցած են չորս զաւակներ՝ Դերենիկ, Վահէ, Ալենուշ եւ Շաղիկ:
ՀՅԴ շարքերուն միացած է Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած է Պատանեկան միութեան եւ ապա անցած է կուսակցական շարքեր: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ, եղած է Թեհրանի «Արարատ» Մարզական միութեան հիմնադիրներէն եւ վարած է միութեան նախագահի պաշտօնը:
1963ին մասնակցած է ՀՅԴ 18րդ Ընդհանուր Ժողովին, իբրեւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշական էր Դաշնակցութեան վերին ղեկավարութեան մէջ իր բերելիք սերնդափոխութեամբ: Այսպէս, այդ շարժման իբրեւ արդիւնք, ընկ. Հրայր Մարուխեան կ’ընտրուի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:
1964ին ընտանեօք կը փոխադրուի Լիբանան, ուր կը գտնուէր Բիւրոյի նստավայրը: 1967ին կը վերընտրուի Բիւրոյի անդամ: Ապրիլ 1972ին, Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք, կը ստանձնէ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պարտականութիւնը:
Իր քաղաքական կեանքի այս հանգրուանին մասնակիցը ու ղեկավարողը կը հանդիսանայ Դաշնակցութեան, եւ ըստ այնմ՝ Սփիւռքի քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխականացման աշխատանքներուն:
1972ի Դեկտեմբերին կայացած 20րդ Ընդհանուր ժողովին կ’ընտրուի Բիւրոյի ներկայացուցիչ: Սոյն պաշտօնը ձեռնհասօրէն կը վարէ յաջորդող աւելի քան քսան տարիներու ընթացքին:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով, 1975ի վերջերը Հրայր Մարուխեան կը փոխադրուի Աթէնք, Յունաստան, ուրկէ Լիբանանի Կեդրոնական գրասենեակի ճամբով կը վարէ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը: 1985ին Աթէնք կը փոխադրուի նաեւ Բիւրոյի Կեդրոնական գրասենեակը:
1988ին ՀՅԴ 24րդ Ընդհ. ժողովը, Արցախեան Շարժման վաղորդայնին, Դաշնակցութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնը կը համարէ «Դէպի Երկիր» նշանաբանը եւ ընկ. Մարուխեան անձամբ կը ղեկավարէ Դաշնակցութեան վերածնունդի կազմակերպական աշխատանքները Հայաստանի մէջ:
Հրայր Մարուխեան կը դառնայ մնայուն ներկայութիւն Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ, իսկ Դաշնակցութիւնը կը վերածուի վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ, քաղաքականօրէն ամէնէն գործունեայ եւ ազատագրական շարժման հասկացողութեամբ ամէնէն մարտունակ կազմակերպութեան:
Յունիս 29, 1992ին, Հայաստանի նախագահի իր իրաւունքները չարաշահելով՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրահռչակ ելոյթով մը, ընկ. Հրայր Մարուխեանը Հայաստանի հանրապետութենէն արտաքսելու որոշումը կը յայտարարէ:
Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այդ օրերուն, երբ ատրպէյճանցի հրոսակներ սկսած էին գրաւել Շահումեանն ու Մարտակերտը, ընկ. Հրայր Մարուխեան կ’որոշէ հեռանալ երկրէն՝ առաջքը առնելով ներհայկական հաւանական զինեալ բախումներուն, որոնք իբրեւ թակարդ կը լարուէին հակահայ ուժերուն կողմէ:
Յաջորդ երկու տարիներուն ընկ. Հրայր Մարուխեան քաղաքական գետնի վրայ կը ղեկավարէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան անդուլ պայքարը:
Յուլիս 17, 1994ին, չարաբաստիկ օր մը ծովեզերքը լողացած ընթացքին, Հրայր Մարուխեան կ’ունենայ ուղեղային արիւնահոսութիւն մը եւ կը մտնէ քոմայի մէջ: Այսպէս կայծակնային կերպով վերջ կը գտնէ ընկ. Հրայր Մարուխեանի գործունէութիւնը՝ մեծ կորուստ պատճառելով Դաշնակցութեան եւ հայ քաղաքական միտքին:
Հրայր Մարուխեանի անդամալուծութենէն ետք, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հակադաշնակցական մոլուցքը կը շարունակուի եւ Դեկտեմբեր 1994ին, կ’արգիլուի Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ:
Յաջորդ չորս տարիներուն, քաղաքական դէպքերուն ընթացքը կու գայ փաստելու, որ Հրայր Մարուխեանի ղեկավարութեամբ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Ի վերջոյ հայրենաբնակ ժողովուրդի բողոքի ու քաղաքական ընդվզումի լայն ալիքի ճնշման տակ, քաղաքական բեմէն կը հեռանայ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ նորընտիր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կը վերահաստատէ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Աւա՜ղ, Հրայր Մարուխեան քոմայի մէջ ըլլալով՝ զգայազուրկ էր. ան չկրցաւ ականատեսը հանդիսանալ իր քաղաքական ուղիի յաղթանակին:
Դեկտեմբեր 21, 1998ին ընկ. Հրայր Մարուխեան կ’արձակէ իր վերջին շունչը, մայր հայրենիքէն հեռու՝ Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24ին իր անշնչացած մարմինը կը փոխադրուի Երեւան:
Դեկտեմբեր 26ին, Երեւանի սենեկային երաժշտութեան տան մէջ Հրայր Մարուխեանին հրաժեշտ տալու կու գան Հայաստանի քաղաքական աւագանին, մտաւորականութեան ներկայացուցիչները, կուսակցական իր զինակից ընկերները եւ բազմահազար ժողովուրդ:
Ժողովրդային յարգանքի արարողութենէն ետք, Հրայր Մարուխեան կը թաղուի Երեւանի Թոխմախ գերեզմանատան քաղաքային պանթիոնին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստանի անկախութեան հիմնադիրներէն՝ Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն: