Հրաչ Տասնապետեան
1928 – 16 Մարտ 2001
Ան ծնած էր Հալէպ, 1928ին: Յաճախած է Հալէպի Հայկազեան մանկապարտէզը, ապա նախակրթարանը: Տարի մը Մխիթարեան վարժարան յաճախելէ ետք, անցած է Հալէպի ֆրանսական Լիսէն, որուն փակումէն ետք` երկրորդական ուսման վերջին երկու տարիները ամբողջացուցած է Պէյրութի ֆրանսական Լիսէին մէջ: Տարի մը հետեւած է Պէյրութի ուսողութեան եւ բնագիտութեան կեդրոնի դասընթացքներուն, ապա մեկնած է Լիոն (Ֆրանսա): Ստանալէ ետք բնագիտութեան տիտղոսը, երկու տարի աշակերտած է ճարտարարուեստական Քիմիագիտութեան Բարձրագոյն դպրոցին, ուրկէ վկայուած է իբրեւ քիմիագէտևճարտարագէտ: Թեկնածու դառնալով տոքթորական աւարտաճառի, տարի մը փորձագիտական աշխատանքի ընդունուած է Փեշինէ ընկերութեան մէջ: 1953ի ամառը, Համազգայինի ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեան Հրաչ Տասնապետեանը հրաւիրած է Ճեմարան, իբրեւ գիտական նիւթերու ուսուցիչ: 1953ի Հոկտեմբերին հաստատուելով Պէյրութ, մինչեւ իր մահը Հրաչ Տասնապետեանի կեանքը կապուեցաւ Նշան Փալանճեան, ապա Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարաններուն:
1968ի ամառը Հրաչ Տասնապետեան նշանակուեցաւ Ճեմարանի տնօրէն: Գիտութեան բազմատաղանդ ուսուցիչը, 32 տարի Համազգայինի ի սպաս դրաւ իր մտաւորական ու վարչական կարողութիւնները: Դպրոցի ուսումնական վերելքին, տնտեսական հաւասարակշռութեան ապահովման, աշակերտութեան թուական աճին ու ճեմարանի ճառագայթումին ի նպաստ ճիգերը արդիւնաւորուեցան ըստ ամենայնի: Ճեմարանը անխափան շարունակեց իր առաքելութիւնը, լիբանանեան քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմի թոհուբոհին մէջ, կայքէ կայք տեղափոխուելով երբեմն, վերիվայրումներով ու բազմապիսի դժուարութիւններով, բայց միշտ աներեր: Այդ նոյն շրջանին կառուցուեցան Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի եւ Նորսիկեան մանկապարտէզի շէնքերը:
Հրաչ Տասնապետեանի հասարակական կեանքը առաւելաբար կապուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան հետ: Հասակ առած դաշնակցական ընտանիքի մէջ, ան յատկապէս կրած է ազդեցութիւնը իր հօրեղբօր` կուսակցական գործիչ Յակոբ Սիմոնիի: Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ Ռուբէն Տէր Մինասեանի, իսկ աւելի ուշ Սիմոն Վրացեանի հետ մտերմութեան մէջ կազմաւորուած է ու արմատացած դաշնակցական Հրաչ Տասնապետեանի գաղափարական աշխարհը, որ միշտ դրսեւորուեցաւ ազգային արժէքներու պաշտամունքով, հայութեան եւ Հայաստանի իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, դաշնակցական խիզախութեամբ ու կարգապահութեամբ:
Ճեմարանի տնօրէն նշանակուելէն առաջ, Հրաչ Տասնապետեան անդամակցած է Լիբանանի թեմի Ուսումնական Խորհուրդին: Այդ նոյն շրջանին կազմած է գիտութեան դասագիրքերու շարք մը, որ երկար տարիներ գործածուեցաւ Ճեմարանի թէ Ազգային վարժարաններու մէջ:
Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան վարչութենէն ետք` քանի մը շրջան Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, Հրաչ Տասնապետեան առաջին անգամ մասնակցեցաւ 1967ի Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովին, ուր ընտրուեցաւՀ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ: Յաջորդական ընտրութիւններով ան Բիւրոյի անդամ մնաց մինչեւ Դեկտեմբեր 1999, վերջին երկու տարիներուն դառնալով Բիւրոյի ներկայացուցիչ:
Հայ Դատի հետապնդման, ազգային առաջադրանքներու դրսեւորման ասպարէզներուն մէջ:
’’Դաշնակցականութիւնը, իր զանազան առաքինութիւններով, հաւաքական աւանդն է բոլորին, համապարփակ գումարը բոլորի՛ նկարագրային շեշտուած գիծերուն: Մթնոլորտ է ան, որ պիտի աշխատինք վառ պահել` իբրեւ ներշնչարան: Բարոյական իւրայատուկ դիմագծութիւն է ան, որուն աստիճանական իւրացման պիտի ձգտինք` հաղորդութեան եւ անխարդախ կիրարկումի ճամբով: Եւ արժանի ըլլալու համար լրիւ ու իրա՛ւ դաշնակցական մարդու դժուար կոչումին, Դաշնակցութեա՛ն համար, անոր հետապնդած նպատակներուն համար` որոնց հաւա՛տքը ունինք, ամէն օր քիչ մը աւելի պիտի դաշնակցականանա՛նք’’, կը յայտնէր ան:
Ուշագրաւ եղաւ յատկապէս Հրաչ Տասնապետեանի դերը յարաբերական աշխատանքներու մէջ, հայ բայց յատկապէս օտար շրջանակներու հետ յարաբերութիւններու մարզին մէջ:
Հրաչ Տասնապետեան հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրական քանի մը աշխատանքներ հրատարակելէ ետք, ամբողջովին նուիրուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարական ու կազմակերպական խնդիրներու գիտական ուսումնասիրութեան:
1970ական թուականներուն, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի որոշումով 4 կամ 5 ամառներ զբաղած է Պոսթընի Հ.Յ.Դ. արխիւներու դասաւորման, ցուցակագրման ու պատճէնահանման գործով, այնուհետեւ միշտ մնալով այդ արխիւներու բծախնդիր ուսումնասիրող մը: Իր խմբագրումով կամ իր գրչի արգասիքով հատորով հրատարակուեցան շուրջ քսան աշխատութիւններ, առանց հաշուելու մամուլի մէջ տպուած առաւել կամ նուազ ընդարձակ յօդուածներն ու յօդուածաշարքերը:
Մարտ 16, 2001-ին Հրաչ Տասնապետեանի մահով Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, Համազգայինի Հայ Մշակութային ու Կրթական Միութիւնը, ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր բազմատաղանդ անձնաւորութիւն մը, որ ամբողջ յիսնամեակ մը, իբրեւ ուսուցիչ, տնօրէն, մտաւորական, հրապարակագիր, հայ արուեստի ու ազատագրական շարժման պատմութեան հետազօտող, ազգայինևհասարակական գործիչ իր բացառիկ կարողութիւնները ի սպաս դրաւ հայութեան եւ Հայաստանին, իր անունը միացնելով դաշնակցական երախտաւորներու անմահ փաղանգին: