Մովսէս Գորգիսեան

Մովսէս Գորգիսեան
3 Դեկտեմբեր 1961 – 19 Յունուար 1990

Առաջիններէն էր, որ դուրս եկաւ պայքարի Խորհրդային միութեան դէմ։ Արցախեան շարժման առաջամարտիկներէն էր։
Առաջինն էր, որ Ազատութեան հրապարակի վրայ եռագոյնը ծածանեց:

Մովսէս Գորգիսեան ծնած է 3 Դեկտեմբեր 1961ին Երեւան:
1979ին կ’աւարտէ թիւ 158 միջնակարգ դպրոցը:
1980ին կ’ընդունուի Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական հիմնարկ:
1984ին կ’աւարտէ Երեւանի մանկավարժական հիմնարկի մշակոյթի բաժնի բեմադրութեան ճիւղը:
1984-1986թթ. ծառայած է խորհրդային բանակի մէջ:
1987 թուականէն մասնակցած է ազգային ազատագրական պայքարին` հանրահաւաքներ, ելոյթներ, ցոյցեր, երթեր:
Ազգային զարթոնքի շրջան` 1988-90թթ., Մովսէս Գորգիսեանը խմբագրած է “Հրապարակայնութիւն”, այնուհետեւ` “Հայրենիք” քաղաքական ամսագրերը, հրատարակած` “Մեղադրուում են” եւ “Ազատութեան ասպետը” ժողովածուները:
1989ին մասնակցած է «Անկախութեան բանակ» ջոկատի ձեւաւորմանը որպէս ապագայ ազգային բանակի հիմք:
Բացայայտ եւ անզիջում քաղաքական գործունէութեան համար մշտապէս հետապնդուած եւ 6 անգամ ձերբակալուած է:

Անկախութեան առաջամարտիկ Մովսէս Գորգիսեան զոհուած է 1990ին Յունուար 19ին Երասխաւանի ինքնապաշտպանական մարտերու ժամանակ:

1996ին Սեպտեմբերի 20-ին ՀՀ նախագահի հրամանագրով հետմահու արժանացած է «Հայաստանի ազգային հերոսի բարձրագոյն կոչման – «Հայրենիք» շքանշանի:

Comments

comments