Յարութիւն Լեւոնեան (Անդրանիկ Պողոսեան) եւ Րաֆֆի Էլպէքեան

‎9 Մարտ 1983ի կէսօրին, Եուկոսլաւիոյ մօտ թուրքիոյ դեսպան Կալիփ Պայքալ կ’ահաբեկուի Պէլկրատի Կեդրոնական շրջանին մէջ, «Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»ուն կողմէ:

Ահաբեկման գործողութիւնը կը կատարուի ժամը 11:55ին (Պէյրութի ժամով), Պէլկրատի կեդրոնը, թրքական դեսպանատունեն 400 մեթր հեռավորութեան վրայ, այն պահուն, երբ դեսպանին ինքնաշարժը կանգ առած կ’ըլլայ երթեւեկի կարմիր լոյսի մը առջեւ: Ականատեսներու համաձայն, երկու անծանօթներ կրակ կը բանան ինքնաշարժին ուղղութեամբ, ինքնաշարժին ապակիները կը փշրուին, դեսպանն ու անոր թիկնապահ-վարորդը կը վիրաւորուին եւ հիվանդանոց կը փոխադրուին, ուր շատ չանցած դեսպանը կը մահանայ:
Յարձակումէն ետք, զինեալ փախում մը տեղի կ’ունենայ ահաբեկիչներուն եւ դէպքին վայրը գտնուող Եուկոսլաւ գաղտնի ոստիկաններուն միջեւ: Արդարեւ, ոստիկանները կրակ կը բանան ահաբեկիչներուն վրայ, վիրաւորուելով անոնցմէ մէկը, որ հիւանդանոց կը փոխադրուի: Ոստիկանութեան փամփուշտներուն կը վիրաւորուի նաեւ ուսանող մը (որ աւելի ուշ կը մեռնի) եւ եկրորդ անցորդ մը, որոնք փորձած էին բռնել ահաբեկիչները: Եկրորդ ահաբեկիչը կը յաջողի խոյս տալ կին վարորդ մը ունեցող (Ալֆա-ռոմէօ) ինքնաշարժով մը, որ աւելի ուշ, լքուած կը գտնուի Պէլկրատի այլ փողոցի մը մէջ:
Դէպքէն ետք, «Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»ը Աթէնքէն, Փարիզէն, Պէյրութէն կը ստանձնեն ահաբեկման պատասխանատուոթիւնը:
Երեկոյեան, Եուկոսլաւիոյ լրատու գործակալութիւնը՝ (Թանիուկ) կը յայտնէ, որ թուրք դիւանագէտին ահաբեկիչներն են` Յարութիւն Գրիգոր Լեւոնեան(որ վիրաւորուած եւ հիվանդանոց փոխադրուած է) եւ Րաֆֆի Ալեքսանդր Էլպէքեան:
Այսուհետեւ, 8 ժամուան հետապնդումներէն ետք, Եուկոսլաւիոյ ոստիկանութիւնը կը յաջողի ձերբակալել նաեւ Րաֆֆի Էլպէքեանը, Նովի Սատ կայարանին մէջ, երբ ան շոգեկառք կը սպասէր, դէպի Ռումանիոյ սահմանակից շրջան մը մեկնելու համար:

Հինգշաբթի, 10 Մարտ 1983ին, ԱՖՓին ուղղուած հաղորդագրութեամբ մը, «Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»ը կը յայտնեն, որ «Յեղափոխական մեր գործունէութիւնը սկսաւ Հոկտեմբեր 1975ին, Վիեննայի եւ Փարիզի թուրք դեսպաններուն միաժամանակ ահաբեկումով:»
«Հայրենիքի իրաւունքը ձեռք բերելու նպատակով աւանդական միջոցառումներէն յուսախաբուած, մենք ութ տարիէ ի վեր հեռացած մեր քաղաքական կուսակցութեանց խաղաղ գործելակերպէն» կը շեշտեն «Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներ»ը եւ կ’աւելցնեն, «Մեր Պայքարը դադար պիտի չի ունենայ, մեր Պայքարը ուղղուած է միայն թուրք պետութեան դէմ:»

9 մարտ 1984-ին երկու երիտասարդները կը դատապարտուին 20 տարուայ բանտարկութեան: Լեւոնեանն ազատ կ’արձակուի չորս տարի անց, իսկ Էլպեքեանը բանտ կը մնայ եօթ տարի:

Յարգանք ձեզ ընկերներ՝
Յարութիւն Լեւոնեան (Անդրանիկ Պողոսեան)
Րաֆֆի Էլպէքեան

Comments

comments