Ո՞վ է Դաշնակցականը

« Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ կրնայ ըլլալ բարոյական նկարագրի տէր եւ 18 տարեկանէն վեր ամէն անհատ, առանց սեռի խտրութեան, որ կ’ընդունի կուսակցութեան ծրագրին ու գործելակերպը, կ’ենթարկուի անոր կանոններուն եւ որոշումներուն եւ ամէն ջանք կը թափէ իրականացնելու զանոնք»

Իրենց առաջին իսկ յօդուածով, կուսակցութեան կազմակերպական կանոնները կը պայմանաւորէն անհատին ընդունէլիութիւնը՝ Դաշնակցութենէն ներս:

Կանոնագրի չորրորդ յօդուածը, կազմակերպական բնոյթի լրացումը, մաս կը կազմէ առաջինին ըսելով՝

«Ամէն դաշնակցական պարտաւորէ անդամակցիլ իր բնակած վայրի խումբին եւ կատարել կուսակցութեան կողմէ իր վրայ դրուած նիւթական եւ բարոյական բոլոր պարտականութիւնները:»

Երդման բանաձեւի վերջին մասով մանաւանդ՝ երրորդ յօդուածը զուտ կազմակերպական պարտաւորութիւններուն վրայ կ’աւելցնէ Դաշնակցութեան գաղափարական ծրագրային հանգանակը, այլ հիմնական գործերուն մէջ:

«… ծառայել Հայաստանի եւ Հայութեան ազատագրութեան դատին:»

Միեւնոյն ատեն, իր արտայայտութեան եղանակով, թելադրելով գերագոյն եւ անշահախնդիր զոհաբերութեան այն պատրաստակամութիւնը, որ դաշնակցականի բարոյական տիպարին գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը կը կազնէ:

«… բոլոր ուժերովս, իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքիս գնով…»

Կանոնագրային առաջնահերթ այս տրամադրութիւններէն արդէն իսկ կ՛արտացոլայ ուրեմն Դաշնակցական մարդու կերպարի՝ իրարմէ անջատ, բայց իրարու լրացուցիչ իր երեք երեսներով, զորս կ՛առաջադրենք պարզաբանել յաջորդաբար՝

  • Դաշնակցականը՝ իբրեւ կազմակերպութեան անդամ,
  • Դաշնակցականը՝ իբրեւ գաղափարական մարդ եւ,
  • Դաշնակցականը՝ իբրեւ բարոյական տիպարը:

Comments

comments

  • http://83.169.36.75:8000/autodj