«Չեմ Մտածեր Մեր Կատարած Գործին Մասին…» ԱՐԻ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

Նախքան խողովակներու զետեղումը

Նախքան խողովակներու զետեղումը

Արդէն անցած է երկու ամիս: Մոշաթաղի դէպքերն ու դէմքերը երազի նման կու գան աչքիս առջեւ: Կարծէք դեռ երէկ էր, երբ հանդէսէն ետք երեխաներուն հետ համբուրուեցանք եւ փաթթուեցանք: Կը յիշեմ իրենց արցունքոտ աչքերը. «Խոստացէ’ք, թէ գալու էք կրկին»: Այդ 17 օրերու ընթացքին բաւական կապուած էին մեզի, մենք ալ` իրենց:

Գուրծուղումի աւարտէն չորս օր առաջ էր, երբ առաջին բահը մտաւ հող: Շինարարական աշխատանքը հասած էր իր վերջին հանգրուանին՝ փորել, խողովակները զետեղել ու հողով ծածկել: Մենք ալ գիւղացիներուն կողքին անցանք այդ գործին: Այդ վայրկեանին ուրախ էի, քանի որ գործը լաւ ընթացքի մէջ էր: Գիշերը տուն գալէն ետք էր, որ տարբեր զգացում մը ունեցայ: Այս անգամ հայրենիքի ծառայելը տարբեր ձեւի տակ էր, ունէր իւրայատուկ նշանակութիւն: Այս անգամ Արցախի համար դրամահաւաքի չէի մասնակցեր, ոչ ալ` Արցախի մասին քարոզչական աշխատանքի մը: Այս անգամ Արցախի գիւղացիին կողքին կ՛աշխատէի, հող եւ քրտինք իրարու կը խառնէի, որպէսզի այդ գիւղացին ըմպելի մաքուր ջուր ունենայ, որպէսզի այդ գիւղացիին զաւակը չհիւանդանայ աղտոտ ջուրէն: Իսկապէս տարբեր ու աննկարագրելի զգացում մըն էր: Ա՛լ ուր մնաց կարենամ  նկարագրել զգացումներս, երբ նոր խողովակին ծայրէն հոսեցաւ մաքուր ջուրը…

Սակայն, երբ Մոշաթաղի կամ ընդհանրապէս գործուղումին մասին յիշեմ, շատ մը ուրիշ բաներ ալ կու գան միտքս: Միտքս կու գան բերդիկցի Արցախն ու Արմանը. երկու հետաքրքրական երեխաներ, որոնք ընդհանրապէս շատ լուռ էին ու ամչկոտ: Կը յիշեմ այդ անծանօթ երեխան, որուն խայթած էր օձը մեր ժամանումէն քանի մը շաբաթ առաջ: Կը յիշեմ Կրեթթան. այդ բազմատաղանդ ու խելացի երեխան, որ իր սքանչելի ձայնով, դերասանութիւններով եւ նոյնիսկ գրաւիչ դէմքով գրաւած էր մեր երեքին սրտերը: Կը յիշեմ միրիկցի Արթուրը, որ օր մը, կէսօրուան ընդմիջումէն ետք, չմիացաւ մեզի: Կը յիշեմ նաեւ Տանձուտ գիւղի նախկին գիւղապետը,  որուն հանդիպեցանք Մոշաթաղի մէջ. ան տեսնելով մեր կատարած շինարարական աշխատանքը` անմիջապէս գանգատելու սկսաւ ու բացատրեց, որ թէկուզ այս խողովակները փտած էին եւ փոխուելու կարիք ունէին, սակայն իր գիւղը բացարձակապէս ջուրի խողովակներ  չունէր եւ գիւղացիները ստիպուած` կուժերով կ՛երթային աղբիւր ջուր ունենալու համար: Սակայն արդէն ուշ էր, եւ չէինք կրնար Տանձուտը ներառել մեր աշխատանքին մէջ:

Այս բոլորը յիշելէ ետք կը նստիմ ու կը մտածեմ. որքա՞ն դժուար ձմեռ մը պիտի անցընեն բերդիկցի Արմանն ու Արցախը, որոնց տունը նոյնիսկ առաստաղ  չունի: Կը մտածեմ այդ անծանօթ երեխային մասին, որ մահացած էր օձի խայթոցէն, քանի ամենամօտ հիւանդանոցը կը գտնուի 2-3 ժամ հեռու: Կը յուսամ, թէ ուրիշ երեխայ մը նոյն ճակատագիրը չ՛ունենայ, Կրեթթան արդեօք պիտի կարենա՞յ իր տաղանդները զարգացնել: Կը մտածեմ միրիկցի Արթուրին մասին` յուսալով, որ իր կովը տակաւին ողջ ու կթան է, հետեւաբար տակաւին ունին ապրուստ: Կը մտածեմ Տանձուտ գիւղին մասին, որուն մէջ կը բնակէր եօթանասուն ընտանիք, սակայն նոյն այդ ջուրի խնդիրին պատճառով ներկայիս մնացած է միայն երեսուն ընտանիք…

Այս բոլորը յիշելէ ետք չեմ մտածեր երեխաներուն արցունքոտ աչքերուն մասին, երբ կը փաթթուէին մեզի հետ, հանդէսէն ետք: Չեմ մտածեր այն գիշերներուն մասին, որոնց ընթացքին ներքին բաւարարութիւն կը զգայի շինարարական երկար աշխատանքային օրերէ ետք: Չեմ յիշեր, թէ  Մոշաթաղի գիւղացիները որքան շնորհակալութիւն յայտնեցին, սակայն կը մտածեմ մեր տուած պատասխանին մասին. «Սա մեր պա՜րտքն է»:

Այս բոլորը յիշելէ ետք, կը մտածեմ, թէ որքա’ն պարտական եմ տակաւին: Կ՛երազեմ, որ ամէն սփիւռքահայ երիտասարդ փոքր ներդրում մը ունենայ Արցախի մէջ, ամէն ամառ:

Այս բոլորը յիշելէ ետք, չեմ մտածեր մեր կատարած գործին մասին: Կը մտածեմ, թէ որքա’ն ընելիք ունիմ տակաւին…

Մոշաթաղի փտած խողովակներէն

Մոշաթաղի փտած խողովակներէն

ԱՐԻ ԳԱԶԱԶԵԱՆ
Source: Aztag Daily Zavarianagan

Comments

comments