Ռուբէն Տէր Մինասեան «Ռուբէն փաշա»

Ռուբէն Տէր Մինասեան «Ռուբէն փաշա»
1882 – 27 Նոյեմբեր 1951

Հայկական Ազատամարտի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ռուբէնը՝ Ռուբէն Տէր Մինասեան կամ Ռուբէն փաշան։ Հերոսութիւններով ու բազմաչարչար մաքառումներով լեցուն է այս հայորդիին կեանքը։ Ռուբէն այն անհատներէն էր, որուն համար հայրենիքի ազատութիւնը եւ բարօրութիւնը գերագոյն նպատակ էր։ Ան հայ յեղափոխական այն սերունդէն էր, որ մաքառեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան համար եւ մասնակից դարձաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման։

Ռուբէն ծնած է 1882 թուականին՝ Ախալքալաք: Իր նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ մեկնած է Էջմիածին եւ ուսումը շարունակած «Գէորգեան» ճեմարանին մէջ: Պատանի տարիքէն Ռուբէնը կ’երազէր «Հայաստան» երթալ: Ան կրցած էր հասկնալ, թէ բուն Հայաստանը ռուսական սահմանի միւս կողմն է, այսինքն՝ Տաճկահայաստանը:
Քսան տարեկանին կը մտնէ ռուսական բանակին մէջ՝ պահեստի սպայի աստիճանով: Ապա կ’անցնի Մոսկուա, որպէս «Լազարեան» ճեմարանի բարձրագոյն դասընթացի ուսանող: Մոսկուայի մէջ եղած ժամանակ կը մասնակցի յեղափոխական ուսանողներու խմբակներուն եւ անոնց ծաւալած գործունէութեան. կ’անդամագրուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, առաջին իսկ օրէն, Ռուբէն կրցաւ աչքառու դէմք դառնալ՝ իր ստանձնած կուսակցական պատասխանատուութիւններու իրագործման առումով:
1903ին Մոսկուայէն կու գայ Թիֆլիս՝ Երկիր անցնելու որոշումով: Այդ օրերուն հայ յեղափոխականները երկու հնոցներ ունէին. Սասուն եւ Պաթում, Ռուբէն կը նախընտրէ Սասունը: Իր առաջին գործունէութեան փորձառական դաշտը եղաւ Կարսը՝ Արամի շունչի տակ, որ այդ օրերուն Կարսի կեդրոնական դէմքն էր. Ռուբէն ազդուեցաւ անոր յեղափոխական գաղափարներէն:
1905ին աւելի փորձուած ու յեղափոխութեան հնոցին մէջ դարբնուած՝ Ռուբէն կը մեկնի Վան, ուր Իշխանի հետ կը զբաղի Լեռնապարի շրջանի կազմակերպութեամբ: Արամ կ’անցնի Վան, իսկ Ռուբէն՝ Վարդան Շահպազի մօտ՝ լեռները, հոն սորվելու համար ֆետայական կեանքը:
Ռուբէնի յեղափոխական կեանքը կամաւոր նահատակութիւն էր, ան կը գործէր սուրբ գաղափարի համար, նախնտրեց անցնիլ Սասուն ու Տարօն եւ իր մասնակցութիւնը բերել իր հարազատ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարին: Տարօնի մէջ ան նշանակուեցաւ յեղափոխական գործունէութեան ղեկավար: Գէորգ Չաւուշի հետ անցնելով շրջանի մարտական ուժերու գլուխը՝ Ռուբէն վերակազմեց ֆետայական շարժումը, մասնակցեցաւ բազմաթիւ հերոսական կռիւներու, որոնց գլխաւորներէն էր Սուլուխի կռիւը, որու ընթացքին նահատակուեցաւ Սասնոյ արծիւ Գէորգ Չաւուշը:
1907ի Մայիս 27ին, Գէորգ Չաւուշ եւ Ռուբէն իրենց զինուորներով գաղտնի գործով հաւաքուած էին Սուլուխ: Երկու ժամ անց գիւղը շրջապատուեցաւ թուրք զինուորներու կողմէ: Սուլուխի կռիւը սկսաւ նոյն օրը եւ տեւեց մինչեւ Մայիս 28ի առաւօտը:
1908ին հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը եւ հայ յեղափոխական գործունէութիւնը դադրեցաւ: Սակայն Ռուբէն՝ համոզուած ըլլալով, որ Թուրքիոյ կառավարութեան կարելի չէ վստահիլ, շարունակեց զբաղիլ կուսակցական կազմակերպչական գործունէութեամբ:
1909ին Ռուբէն անցաւ Վառնա եւ մասնակցեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 5րդ Ընդհանուր ժողովին: Ժողովի աւարտէն ետք, ուսումը շարունակելու նպատակով, ան անցաւ Ժընեւ՝ քիմիաբանութիւն ուսանելու համար եւ հոն մնաց մինչեւ 1913: Նոյն թուականին, կուսակցութեան հրահանգով անաւարտ ձգելով ուսումը, Ռուբէն վերադարձաւ Տարօն եւ լծուեցաւ կազմակերպչական աշխատանքի: Ռուբէն ընդհանուր պատասխանատուն էր Տարօն աշխարհի Հ.Յ.Դ. Դուրան-Բարձրաւանդակի կեդրոնական Կոմիտէութեան:
1914ին պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, որմէ «օգտուելով» թրքական պետութիւնը 1915ին ձեռնարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան: Տարօնի հայութիւնը, զոհ չդառնալու համար, Ռուբէնի գլխաւորութեամբ դիմեց ինքնապաշտպանութեան: Հերոսամարտը տեւեց եօթը ամիս, որմէ ետք շրջանի հայութիւնը, Ռուբէնի առաջնորդութեամբ, զանգուածային գաղթ կատարեց դէպի Արեւելահայաստան:
1917ին տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի մեծ յեղափոխութիւնը: Կազմուեցաւ Անդրկովկասի կառավարման համար Սէյմը: Ռուբէն եւս մասնակցեցաւ Սէյմի աշխատանքներուն եւ անդամակցեցաւ Հայոց Ազգային Խորհուրդին:
1918ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն յետոյ, Ռուբէն ընտրուեցաւ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին կառավարութեան՝ վարչապետ Քաջազնունիի դահլիճին մէջ Ռուբէն եղաւ ռազմական նախարար զօր. Արարատեանի օգնական, իսկ 1920ի Մայիսին՝ վարչապետ Համօ Օհանջանեանի Բիւրօ-կառավարութեան ներքին գործոց ու ռազմական նախարարը: Իբրեւ այդպիսին Ռուբէն ոչ միայն հիմը դրաւ հայկական պետական բանակին ու կազմակերպեց զայն, այլեւ մասնաւորաբար մեծ եւ անչափելի եղաւ անոր դերը թէ՛ Հայաստանի ներքին կայունացումին եւ թէ մեր հայրենիքի հայացման դժուար գործին մէջ։
2 Դեկտեմբեր 1920ին Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Ռուբէն Լեւոն Քալանթարեանի հետ միասին հիմնական դեր ունեցաւ Բաշ Գեառնին ըմբոստացման մղելու եւ Յեղկոմի լուծը տապալելու գործին կազմակերպման մէջ: Հոնկէ անցաւ Սիւնիք ու ստանձնեց նախագահութիւնը ինքնավար Սիւնիքի կառավարութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն յետոյ՝ Ռուբէն անցաւ Իրան, ապա՝ Ֆրանսա, Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս:
Երեսուն տարի անընդմէջ Ռուբէն ընտրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ: Ռուբէն կատարեալ մասնագէտ էր՝ միջազգային դիւանագիտական խնդիրներու, նաեւ Միջին Արեւելեան տարածաշրջանի քաղաքական հարցերուն ընկալման առումով։
Վտարանդի կեանք վարելով սփիւռքեան տարբեր հայօճախներու մէջ՝ Ռուբէն միշտ հաւատարիմ մնաց Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարներուն ու ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին ու յեղափոխական կազմակերպման գործերուն: 1948ին վերադառնալով Ֆրանսա, Ռուբէն վախճանեցաւ 1951ի Նոյեմբեր 27ին:
Ռուբէնի կեանքն ու գործունէութիւնը ընդհանուր լուսարձակի տակ առնելով՝ անվարան կարելի է զինք որակել ռազմական ու կուսակցական բացառիկ գործիչ, քաղաքագէտ եւ պետականակերտ անձնաւորութիւն։ Ռազմական գործիչի առումով՝ ան անցած է շարքային ֆետայիէն մինչեւ ռազմական նախարարի ճանապարհը։ Կուսակցական գործիչի առումով՝ գաւառական կուսակցական պատասխանատուի դիրքէն հասած է մինչեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամութեան։ Իսկ որպէս պետականակերտ անձնաւորութիւն՝ պէտք է արժեւորել յատկապէս անոր դերը Հայաստանի մէջ, 1917-1920 թուականներուն, թուրք-թաթարական խռովութիւններու ճնշման եւ հայ գաղթականներու վերաբնակեցման գործին մէջ, որուն արդիւնքով հնարաւոր եղաւ ստեղծել ազգային տեսանկիւնէ համեմատաբար միատարր պետութիւն։
Ռուբէն եղաւ տաղանդաւոր քաղաքագէտ. ան ազգային գաղափարախօսութեան, երկրառազմավարութեան խոշոր տեսաբան էր։
Սփիւռքի մէջ, կուսակցական-կազմակերպական գործին զուգահեռ, Ռուբէն Տէր¬Մինասեան տասնամեակներ շարունակ սիրով եւ նուիրումով գրեց իր յուշերը՝ «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», լաւագոյնս ներկայացնելով պատմութիւնը այն փառաւոր սերունդին, որ «…մէկ անգամ միայն ծնաւ մեր կեանքին մէջ եւ երկրորդ անգամ այլեւս աշխարհ չտեսաւ» ։ Իր յուշերուն մէջ Ռուբէն մեզի կը ներկայանայ տաղանդաւոր գրողի յատուկ դիտելու կարողութեամբ ու գրական ճաշակով, խոր վերլուծութիւններ ընելու բացառիկ կարողութեամբ, պատմելու անկաշկանդ ոճով եւ հարուստ լեզուով։ Իրաւամբ պէտք է ըսել, որ Ռուբէնի «Յիշատակներուն մէջ» յարութիւն կ’առնէ ֆետայական շարժման ողջ դիւցազներգութիւնը, հերոսութեան եւ մարտնչումի փառաւոր պատմութիւնը։ Իր յուշերուն մէջ Ռուբէնը լաւագոյն վերլուծութեան կþենթարկէ հայ ժողովուրդի հոգեբանական գիծերը։ Ռուբէնի յուշերը նաեւ կարելի է համարել ինքնաքննադատութեան փորձ։
Ռուբէնի յուշերը՝ «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» 7 հատորով, մեր ազատագրական պայքարի պատմագրութեան եւ յեղափոխական գրականութեան մէջ բացառիկ արժէք կը ներկայացնէ՝ թէ՛ որպէս փաստացի վկայութիւն դէպքերու եւ դէմքերու, թէ՛ որպէս յեղափոխական մտքերու հաւաքածոյ:

Եթէ սկսինք Ռուբէնի «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԻ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐԸ» եօթը հատոր շարքի ամփոփ ներկայացումով, ապա անհրաժեշտ է ըսել, որ հեղինակը առաջին հատորով կը ներկայացնէ ԿԱՐՍԻ ՀՆՈՑԻՆ ՄԷՋ (1904) ժամանակահատուածը: Իր բովանդակութեամբ, իրականութեամբ, պարզ ու հրապուրիչ լեզուով գրուած այս յիշատակները ազգային-յեղափոխական փիլիսոփայութեան, ինչպէս նաեւ ներշնչման ու տեղեկութիւններու աղբիւր են հայ պատանիին, երիտասարդին եւ մտաւորականին համար: Երկրորդով՝ Ռուբէն կը ներկայացնէ ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ կատարուած  յեղափոխական գործունէութիւնը, գլխաւորաբար Վանի, Լեռնապարի եւ Տարօնի շրջաններուն մէջ: Այս հատորին մէջ եւս պարզ ու հրապուրիչ լեզուով ներկայացուած են ազգային-յեղափոխական գործունէութեան յիշատակները: Երրորդը կը ներկայացնէ, հեղինակին իսկ բառերով, «19րդ դարու կէսերէն սկսեալ մինչեւ 1906ի Յուլիս ամսուան Տարօնի յեղափոխական անցեալը»: Վեցերորդը՝ յեղափոխական գործունէութեան ժամանակագրական շարունակութիւնն է հինգերորդ հատորին եւ կը ներկայացնէ 1909 ժամանակաշրջանը՝ ԿԱՐՍԷՆ ՊՈԼԻՍ: Եօթներորդը կազմուած է երեք մասերէ, որոնք իրարմէ անջատ են եւ շատ տարբեր: Առաջինը՝ արտասահմանի մէջ 1909ին: Երկրորդը՝ սասունցի խմբապետ Մուշեղին կատարած պատումը 1913-1919 տարիներու փոթորիկին մասին: Իսկ երրորդը՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, մասնաւորապէս Նոյեմբեր 1919էն Ապրիլ 1920 շրջանը:

Առանձին ուշադրութեան արժանի են քեմալական Թուրքիոյ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Ռուբէնի աշխատութիւնները։
Այս առումով իւրայատուկ փորձ է «Հայ-թրքական կնճիռը» աշխատութիւնը։
Աշխատութեան սկիզբը Ռուբէն կ’անդրադառնայ թուրք մտաւորականութեան յայտնած այն կարծիքին, թէ հայերը եւ թուրքերը սկիզբը իրարու հետ հաշտ եղած են։ Թուրքերը կը մեղադրեն, որ հետագային հայերը ըմբոստացած են, որուն համար ալ կոտորուած են (նաեւ թուրքերը)։ Թուրքերու միւս մեղադրանքը այն է, թէ իբր «հայկական յեղափոխութիւնը բնական հետեւանքը չէ տաճիկ կառավարութեան եւ իսլամութեան հալածանքներու ու բռնութիւններու, ոչ ալ հայ ժողովուրդի ինքնագիտակցութեան արդիւնք է, այլ անիկա արհեստականօրէն մտած է հայ ժողովուրդի մէջ արտաքին գրգռման շնորհիւ, գլխաւորապէս ցարական Ռուսիոյ եւ յատկապէս ռուսական եւ պարսկական հայերու միջոցով» ։
Որպէս պատասխան թուրք ղեկավարներու այն մեղադրանքին, որ իբր թէ հայերը պատճառ դարձած են Թուրքիոյ ներքին գործերուն Ռուսաստանի եւ եւրոպական պետութիւններու միջամտութեան եւ այդպիսով քայքայած են Օսմանեան պետութիւնը, Ռուբէնը մասնաւորապէս կը նշէ. «… հայկական շարժումներու նպատակը այն չէր, որ Կիպրոսը անգլիացիին տրուի, երկաթուղիները՝ ռուսին, մենաշնորհները՝ օտարին, որոնք այդ բոլորը պիտի ստանային, պիտի չօգտագործէին կամ պիտի օգտագործէին յօգուտ իրենց շահերուն։ Այդ շարժումներու նպատակն էր, որ ինքը՝ հայ ժողովուրդը, իր բուն հայրենիքի մէջ մարդկային իրաւունքներու տիրանայ, որ Արեւելքը քունէն արթննայ, որ արեւելքցիները եւ ոչ թէ օտարները ստանան ու վայելեն իրենց հայրենիքի բարիքները» ։
Այս առումով Ռուբէն այն եզրակացութեան կը յանգի, որ ժողովուրդներու բնաջընջումով կարելի չէ ուժեղ եւ ազատ Թուրքիա ստեղծել։ Կարելի չէ Հայաստանի խորտակման գնով Թուրքիան քայքայող ու մասնատող Ռուսաստանի եւ եւրոպական պետութիւններու միջամտութեանց պատճառները վերցնել։ Այդ միջամտութեանց համար Հայաստանի գործօնը կրնար չըլլալ, սակայն միշտ ալ կ’ըլլան եւ կը գտնուին յայտնի ու անյայտ շատ  միջոցներ, քանի դեռ չէ  գտնուած այն արդար հիմունքը, որուն «վրայ պիտի կառուցուի բոլոր արեւելքցիներու համար ստեղծուած Արեւելքի ազատագրութեան հրաշակերտ շէնքը» ։ Աշխատութեան մէջ Ռուբէն կը մատնանշէ, իր կարծիքով, Թուրքիոյ անդամահատութեան եւ բարոյական ու տնտեսական անկման եւ կազմալուծման իսկական՝ հիմնակա՛ն պատճառները.
1.- տիրող ազգի գերիշխանութիւնը,
2.- համաիսլամութիւնը (փանիսլամիզմ) իբրեւ պետութեան հիմք,
3.- համաօսմանցիութիւն (փանօսմանիզմ),
4.- համաթուրանականութիւն (փանթուրանիզմ) ։
Վերջապէս, անդրադառնալով հայ-թուրք յարաբերութիւններու ապագային, Ռուբէնը անխուսափելի անհրաժեշտութիւն կը համարէ դասեր քաղել անցեալի սխալներէն եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկել։ Որպէսզի հնարաւոր դառնայ հայերու եւ թուրքերու համատեղ ու հաշտ գոյութիւնը, ըստ Ռուբէնի, թուրքերը պէտք է հրաժարին «տիրող ժողովուրդ» ըլլալու սկզբունքէն, պետութեան յառաջդիմութիւնը կասեցնող համաիսլամական գաղափարներէ, պետութիւնը պառակտող համաօսմանցիութեան գաղափարներէ, պետութիւնը արկածախնդրութեան զոհ դարձնող համաթուրանական գաղափարներէ, ինչպէս նաեւ Քեմալի որդեգրած փանթուրքական գաղափարներէ ։
Ուշադրութեան արժանի է նաեւ «Հայրենիք» ամսագրի մէջ հրապարակուած Ռուբէնի «Նորագոյն Թուրքիան եւ իր ձեւափոխումները» յօդուածը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ քեմալական բարեփոխումներուն։ Յօդուածագիրը նախ կը փորձէ ներկայացնել Մուսթաֆա Քեմալի կողմէ կատարուած փոփոխութիւններու հիմնական նպատակները.
ա.- Թուրքիոյ մէջ ջնջել ապազգային իսլամ օթթոման  հասկացողութիւնը եւ զայն փոխարինել թուրք ազգային ոգիով,
բ.- ջնջել օսմանեան առաձգական, անշօշափելի հայրենիքի գաղափարը եւ զայն փոխարինել թուրք ազգային հայրենիքի գաղափարով,
գ.- Անատոլիան դարձնել Թուրքիա, իսկ թուրքը դարձնել արդիական ազգ՝ յառաջդիմած կեանքի բոլոր ճիւղերուն մէջ, ընդունակ՝ ինքնուրոյն ապրելու, առանց զգալու ուրիշներու օգնութեան կարիքը,
դ.- թուրք ազգը հզօրացնել թիւով, որակով, ուժով՝ իր գոյութիւնը անկախ պահելու եւ զգալի դարձնելու համար աշխարհին ։
Յօդուածին մէջ Ռուբէն կ’արձանագրէ այն փաստը, որ քեմալական կամ փանթուրանական ղեկավարներու մեծ մասը թրքական ծագում չունին, աւելին՝ անոնց հայրերը կամ մեծ հայրերը «նոյնիսկ ծանօթ չեն թուրք լեզուին եւ գաղափարին» ։ Հեղինակը կը հետեւցնէ, որ երբ այլ ծագումով մարդիկ են թրքութեան գաղափարն առաջ մղողները, այստեղ «կարելի չէ որոնել ցեղային արեան ձայնի արձագանգը, այլ ուրիշ բան մը»։

Ըստ Ռուբէնի՝ քեմալական Թուրքիոյ «թուրք» ազգային մտածելակերպը հեռու է զուտ ազգային, ցեղային, ինքնամփոփ գաղափար ըլլալէ։ Ռուբէն կը գրէ. «Ըստ էութեան, քեմալական «թուրք» հասկացողութիւնը նոյնքան հաւաքական, ընդհանուր անուն է, որքան Սուլթան Համիտի «իսլամ» կամ Միդհատ փաշայի «օթթոման», «օսմանցի» գաղափարաբանութիւնը, միայն այն տարբերութեամբ, որ Սուլթան Համիտը երեսը դարձուցած էր դէպի Մէքքէ, Քէմալն ալ երեսը դարձուցած է դէպի Թաւրիզ, Սամարղանտ» ։
Կարելի է ըսել, որ այսպիսով Ռուբէն ցոյց կու տայ հետեւեալը. Քեմալի բարեփոխումները աւելի շուտ փանթուրքիզմի ուժեղացումին նպատակաուղղուած էին, եւ ոչ թէ Թուրքիան եւրոպականացնելուն, ինչպէս կը նշեն թուրքերը։
«Հայ-թրքական կնճիռը» եւ «Նորագոյն Թուրքիան եւ իր ձեւափոխումները» աշխատութեանց տրամաբանական շարունակութիւնը կարելի է համարել Ռուբէնի «Ո՞ւր կ’երթայ Թուրքիան»  աշխատութիւնը։ Այս վերջինը գրուած է նախորդներու ոգիով, սակայն այստեղ հեղինակը կը կատարէ նոր եւ չափազանց ուշագրաւ ընդհանրացումներ։
Այլ յօդուածի մը մէջ «Իրան եւ Թուրան կամ արիական ճակատը թուրանական վտանգի հանդէպ», Ռուբէն նախ կը խօսի հայերու եւ պարսիկներու դարերու խորքէն եկող բարեկամութեան մասին, որ կը բխի երկու ժողովուրդներու փոխադարձ վստահութնէն։ Այդ փոխադարձ վստահութիւնը, ըստ Ռուբէնի, ոչ այդքան քաղաքական շահերու, որքան երկու արիական ժողովուրդներու ցեղային բնազդի հետեւանք է։ Իրանի եւ Թուրքիոյ միչեւ եղած հակամարտութիւնը Ռուբէն կը պայմանաւորէ Թուրքիոյ որդեգրած փանթուրանիզմի գաղափարախօսութեամբ, որու իրականացման ճանապարհին մեծագոյն խոչընդոտ է Իրանը։ Իրանն ալ իր հերթին պատրաստ է դիմագրաւելու թուրանականութեան նետած մարտահրաւէրը։
Փանթուրքիզմի վտանգի հրատապութեան առումով կարեւոր է, նաեւ, Ռուբէնի «Հայաստան եւ Ատրպէյճան» յօդուածը։ Ռուբէն Ուտիք եւ Աղուանք երկիրները Ատրպէյճան կոչելու թիւրիմացութիւնը տգիտութեան հետեւանք չի համարեր, այլ՝ մտածուած որոշ քաղաքական ձգտումներու։ Ատրպէյճան բառը ըստ էութեան միայն անուն չէ, այլ բնորոշումը քաղաքական ծրագրի մը ։ Հակառակ, աղուանից եւ ուտեաց ժողովուրդներու աւելի փոքրաթիւ ըլլալուն, հայերը յարգանքով մօտեցած են անոնց ինքնուրոյնութեան։ Այս երկիրները շատ անգամ զօրքով օգնած են իրարու՝ ելլելով հաւաքական ապահովութեան անհրաժեշտութենէ։ Այս ժողովուրդներու համակեցութիւնը նպատակայարմար եղած է նաեւ տնտեսական տեսակետէ։
Սակայն այլ վիճակ է «Ատրպէյճանի» ի յայտ գալէն յետոյ։ Այսօր ալ, այլ է Ատրպէյճանի նախընտրած ուղին։ Ռուբէնի բնորոշումով՝ «մեր հիւսիսի կողմը ստեղծուած է ժողովրդական զանգուած մը, որ իր քաղաքական օրիենտացիայով բոլորովին տարբեր է Աղուանէ եւ Ուտեացի ուղղութիւններէն, եւ թէ այս նոր օրիենտացիան հիմնապէս դէմ է հայերու շահերուն եւ նոյնիսկ գոյութեան» ։ Այս ուղղութեամբ ձգտում կայ Հայաստանի վրայէն միանալու թուրքերուն։ Որպէս եզրակացութիւն՝ Ռուբէն Ատրպէյճանը կը համարէ փանթուրքիզմի առաջապահը, որ վտանգ է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար։ Իսկ հայ ժողովուրդին նպատակը պէտք է ըլլայ Հայաստանին միացնել անոր անբաժան մասերը, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ ։
Ռուբէնի յաջորդ յօդուածը՝ «Իրանի եւ Թուրանի բարենորոգումներու զուգակշիռը» համեմատութեան մէջ կը դնէ Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ իրականացուող բարենորոգումները։ Այստեղ Ռուբէնի նկատած ամենակարեւոր հանգամանքը այն է, որ մինչ Թուրքիոյ մէջ փորձ կը կատարուի վերէն վար բարենորոգումներ կատարելու, Իրանի մէջ ընդհակառակը վարէն, ժողովրդական խաւերէն են, որ բարենորոգումները կը թելադրուի դէպի վեր ։
«Հայրենիք» ամսագրի 1931ի Մարտի թիւին մէջ լոյս տեսած «Սիոնական աշխարհի մէջ» յօդուածով, Ռուբէն կը նկարագրէ Պաղեստինի տարածութիւնը եւ ազգաբնակչութիւնը, հրեայ սիոնականներու հողային պահանջները։
Իր հրապարակագրութեան մէջ Ռուբէն տեղ յատկացուցած է նաեւ արաբներուն ։ «Արաբական աշխարհի մէջ», «Սուրիան եւ արաբները» յօդուածներուն մէջ, ան կը վերլուծէ արաբ ժողովուրդներու անցած պատմական ուղին, անոնց մղած պայքարը Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, այդ պայքարի շահարկումը եւրոպական մեծ պետութիւններու կողմէ։ Ռուբէն կը ներկայացնէ նաեւ արաբ ժողովուրդի միասնականութեան գաղափարախօսութիւնը։
Ըստ Ռուբէնի՝ հայերու համար ուսանելին այն է, որ ըլլալով դրացի արաբ ժողովուրդին, պէտք է ճշդեն իրենց վերաբերմունքը դէպի այդ ժողովուրդը եւ երկիրները, ուր ապրող հազարաւոր հայորդիներ իրենց գոյութեան համար երախտապարտ են արաբներուն։ Ռուբէն կը գրէ.¬ «Մեր պատմութեան մէջ պիտի գտնենք ուսանելի կէտեր, եւ երբ Բագրատունիներու ճկունութեան տիրանանք, լաւ հարեւաններ պիտի գտնենք յանձինս արաբներու, եւ գուցէ շահակից դառնանք այդ խնդիրներուն մէջ, որոնք կը սպառնան հայ ու արաբ ժողովուրդներուն նոյն ատեն» ։
Այստեղ լուսարձակի տակ կ’առնենք Ռուբէնի հրապարակագրութեան այն մասը, որ կը վերաբերի յատկապէս Հայաստանին, անոր կորսնցուցած տարածքներուն, անոնց նշանակութեան, Միացեալ Հայաստանի գաղափարին, Հայաստանի ռազմավարական դիրքին։
Քաղաքագէտ-վերլուծաբանը Հայաստանի համար Նախիջեւանի ունեցած կարեւոր նշանակութեան մասին կը խօսի. «Շարուր-Նախիջեւան եւ թուրք-թաթարական քաղաքականութիւնը»  եւ «Նախկրայը եւ անոր նշանակութիւնը Հայաստանի համար»  յօդուածին մէջ։ Ռուբէն Շարուր-Նախիջեւանի մէջ եղած կռիւներու հիմնական պատճառը կը համարէ այն, որ «թուրքերը եւ թաթարները ամէն գնով կը ճգնին այդ գաւառները խարիսխ դարձնել համաիսլամական եւ համաթուրանական գաղափարներու» ։ Նախկրայի (Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն) ստեղծումի պատճառը Ռուբէն կը գտնէ Նախիջեւան գաւառի աշխարհագրական դիրքին մէջ։ Ասիկա այն տարածքն է, ուր խաչմերուկի կը հանդիպին Ատրպէյճանէն, Պարսկաստանէն, Թուրքիայէն եւ Ռուսաստանէն եկող ճանապարհները։
«Նախկրայը եւ անոր նշանակութիւնը Հայաստանի համար» յօդուածին մէջ Ռուբէն վիճակագրական փաստերով ցոյց կու տայ Նախիջեւանի Հայաստանին միացման անհրաժեշտութիւնը թէ՛ տնտեսական, թէ՛ աշխարհագրական առումով։ Այդ մեծ ազդակ կը համարէ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումին, բնակչութեան համաչափ տեղաբաշխման եւ սփիւռքահայութեան հայրենիք վերադարձին։
Նախիջեւանի միացումը Հայաստանին՝ Ռուբէն կարեւոր կը համարէ նաեւ ժողովուրդի անվտանգութեան տեսակէտէն, խնդիր՝ որ այսօր ալ առկայ է եւ ինքնին մեծ հրատապութիւն կը ներկայացնէ։
Շատ ուշագրաւ են, նոյնպէս, Ռուբէնի «Գանձակ-Ղարաբաղի վէճը» , «Հայաստանը Անդրկովկասեան Դաշնակցութեան մէջ» , «Զանգեզուրի պայքարը»  եւ «Ախալքալաքի պայքարը»  յօդուածները։
Վերոնշեալ յօդուածները, ամէն մէկը առանձին առանձին, զուտ վերլուծական եւ լուրջ հիմնաւորումներով կը բացատրեն, որպէս աշխարհագրական, քաղաքական, հայկական հողամաս ու մանաւանդ տարածաշրջան։ թէ՛ վրացիներու (համայնավարներու) եւ թէ թուրք-թաթարներու վարած հայալած քաղաքականութիւնը։
Իսկ «Միացեալ Հայաստանը»  յօդուածին մէջ Ռուբէն կը խօսի Միացեալ Հայաստանի ծրագրի գաղափարի մասին։ Միացեալ Հայաստանի ծրագիրը ըստ Ռուբէնի կը բխի հետեւեալ հիմնական պատճառներէն.
1.- հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի պատմութենէն,
2.- հայկական յեղափոխական շարժման հետեւողական ընթացքէն,
3.- հայ ժողովուրդի եւ սերունդներու անապաստան, հայրենազուրկ վիճակէն,
4.- ներկայ Հայաստանի անվտանգութեան պահանջէն,
5.- Հայաստանի աշխարհագրական եւ տնտեսական ամբողջութիւն կազմելու ձգտումէն,
6.-Առաջաւոր Ասիոյ մէջ վերջնականօրէն խաղաղութիւն հաստատելու եւ ամէն գոյնի աշխարհակալութիւններուն եւ խաղերուն վերջ տալու պահանջներէն։
Իսկ «Վասպուրականը իբրեւ անկիւնաքար Միացեալ Հայաստանի»  յօդուածին մէջ, Ռուբէն կը փորձէ թանձրացնել, շօշափելի ձեւով պատկերացնել Միացեալ Հայաստանի գաղափարը եւ հիմնաւորել զայն՝ սերունդներու ուժի ու կարողութիւններու տուեալներով։
Ռուբէն Հայաստանի գրաւած աշխարհագրական դիրքի կարեւորութեան մասին կը խօսի «Հայաստանի արեւելքը (Բագրեւանդ եւ Սուրմալու)»  յօդուածին մէջ։ Ռուբէն այս յօդուածին մէջ անգամ մը եւս կը փաստէ, որ Հայաստան երկիրը բնաւ չէ զլացած իր զաւակներու պաշտպանութեան համար եւ իր զաւակներն են, որ տգիտօրէն չեն ըմբռնած Հայաստան երկրի յարմարութիւնները։ Ռուբէն հիմնականին մէջ կþընդգծէ Հայկական լեռնաշխարհի կեդրոնը, Մասիսի երկու փէշերուն ինկած Սուրմալու եւ Բագրեւանդ գաւառներու ռազմավարական նշանակութիւնը, կը նշէ, որ ճիշդ այս երկու շրջանները միշտ ալ կռուախնձոր եղած են Օսմանեան Կայսրութեան եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Այսօր Թուրքիան այդ շրջանները կը պահէ իր ձեռքին մէջ, որովհետեւ շատ կարեւոր դեր կը խաղան մասնաւորապէս առեւտրական, ինքնապաշտպանական, յարձակողական եւ յատկապէս թուրանական աշխարհակալական նպատակներու համար։
Ռուբէնի յօդուածներն ու գիրքերը կը փակենք՝ անդրադառնալով այսօր ալ իր այժմէականութիւնը չկորսնցուցած եւ Ռուբէնի քաղաքագիտական-վերլուծական աշխատութիւններու գագաթնակէտին հասած «Հայաստան միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ»  հիմնական աշխատութեան։
Այս հատորին մէջ, Ռուբէն կը ներկայացնէ իր կատարած ուսումնասիրութիւններէն երկուքը: Առաջինը՝ «Հայաստան միջ-ցամաքային ուղիներու վրայ», իսկ երկրորդը՝ «Մ. Արեւելքի ժողովուրդներ եւ երկիրներ», որ իր կարգին բաղկացած է՝ «Սեմական ժողովուրդները», «Արաբական աշխարհի մէջ» եւ «Սիոնական աշխարհի մէջ» բաժիններէն:
Այս աշխատութեամբ Ռուբէն ցոյց կու տայ, որ համաշխարհային քաղաքական կեանքի տեղաշարժերը պատմական-հասարակական զարգացման, ուժերու յարաբերութիւններու եւ աշխարհագրական պայմաններու արդիւնք են։ Ըստ Ռուբէնի, մարդկային պատմութեան ընթացքը կը բնորոշուի Արեւմուտքը եւ Արեւելքը կապող ուղիներու գոյութեամբ։ Այդ հիմնական ուղիները երեք են.
1.- Մոսկուա-Վոլկա-Հեռաւոր Արեւելք, որու մէկ ծայրը կը հասնի մինչեւ Սախալին, Ճափոն, իսկ միւսը՝ Փեքին, Հոնք-գոնկ ։
2.- Լոնտոն-Սուէզ-Թեհրան-Հնդկաստան, որու մէկ ծայրը կը հասնի Զելանտիա, միւսը Փեքին եւ Հոնք-գոնկ ։
3.- Պոլիս-Էրզրում-Թեհրան-Հնդկաստան, որ Ռուբէն կþանուանէ նաեւ Մոնկոլապոլսական ճանապարհ։
Ռուբէն իր աշխատութեան վերջաւորութեան կ’եզրակացնէ, թէ Հայաստանը պէտք է բաւականաչափ ուժեղ ըլլայ՝ որպէս քաղաքական գործօն հետաքրքրելու համար մեծ պետութիւնները։ Անոր համար Ռուբէն կþառաջարկէ շարժիլ «Առ եւ տուր»ի եւ ոչ թէ «Տուր եւ առ»ի ուղիով, որ հնարաւորութիւն կու տայ շղթայազերծ ընելու «Թանկագին Էրզրումը», որպէսզի Հայաստանը կարենայ կատարել «իր միջազգային դերը» ։
Վերջապէս, ուսումնասիրելով Ռուբէնի «Հայաստան՝ միջ¬ցամաքային ուղիներու վրայ» գիտաշխատութիւնը, «Հայ-թրքական կնճիռը», «Հ.Յ.Դ. կազմակերպութիւնը» եւ միւս անկորնչելի գործերը, կը տեսնենք, որ անոնք այժմէական հնչեղութիւն ունին եւ Ռուբէնի քաղաքագիտական մտածումները մեծապէս օգտակար կրնան ըլլալ հայոց ազգային գաղափարախօսութեան եւ անվտանգութեան հայեցակարգի մշակման գործին մէջ։
Հետեւաբար, մեծ ու անգնահատելի է Հ. Յ. Դաշնակցութեան մարտիրոսացած սերունդին պատկանող Ռուբէն Տէր-Մինասեանի սխրալի գործունէութիւնը՝ հայ ազատագրական պայքարին մէջ, իսկ միւս կողմէ, անոր քաղաքական գիտաշխատութիւնները, պահպանելով իրենց այժմէականութիւնը մեր ժողովուրդի եւ հայկական հողատարածքներու մասին, ուսանելի եւ զգօնութեան հրաւիրող աշխատանքներ են:

Comments

comments