Սահակ Նալպանտեան

(ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
1899 – 23 Յուլիս 1961

Ամէն կազմակերպութիւն ենթակայ է կրելու ներքին եւ արտաքին աւերները խորշակներու, փոթորիկներու եւ այլ մարտահրաւէրներու: Երբ ան լայնարմատ է ու հաստատուն, հեռատես ու հաւատարիմ կը հանդուրժէ այդ ամէնուն ու կը մնայ անսասան:

Այս վերահաստատումը կ՛ընենք 1960-ականներուն Սուրիոյ մէջ գործող եւ դաստիարակող անհատի մը մասին, որ իր կեանքին, իր իսկ ձեռքով վերջ տուաւ:

Այսպէս մուտք գործած է մեր մտասեւերումին մէջ Սահակ Նալպանտեան մարդը, գաղափարականը ու մանաւանդ թաքուն գործող յեղափոխաշունչ նուիրեալը:

Այստեղ նպատակը անկասկած պատմութեան անջնջելի էջերուն յանձնել է հանդարտ ու մեղմ արտաքին երեւոյթով սակայն մէջը կրակ, հաւատք, կամք գաղափարական անշիջելի հոգի ու մանաւանդ անկոտրում հետեւողականութիւն եւ դաշնակցականի վեհ գիտակցութեամբ նահատակուած հայու մը մասին, որ տէր կանգնած էր հայապահպանման ամէն տեսակի մարտահրաւէրներու դիմաց:

Սահակ Նալպանտեան ծնած էր Կիլիկիոյ Այնթապ աւանը 1899-ին:

Տարագրութիւնը ճաշակած, բարեբախտաբար փրկուած եւ հաստատուած Հալէպ:

Սահակ Նալպանտեան փոքր տարիքէն կը մտնէ ՀՄԸՄ-ի շարքերը, իսկ 1926-ին կը դառնայ հաւատաւոր անդամ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ հասակ նետեց եւ եղաւ այն խոնարհներէն, որոնք, իրենց հաւատքով, նուիրումով, ուղղամտութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ կը դառնան սիրելի դէմքեր եւ յարգանք կը ներշնչեն բոլորին: Սահակ Նալպանտեան, այս տեսակէտով, հանրածանօթ էր Հալէպի մէջ, շատ յարգուած եւ շատ սիրուած էր: Յարգուած ու սիրուած ոչ միայն իր կուսակցական ընկերներէն, այլեւ մինչեւ անգամ Դաշնակցութեան հակառակորդներէն: Զինք յարգողներու կարգին էին նաեւ սուրիացի արաբներ, որոնց մէջ ունէր բազմաթիւ բարեկամներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Բարութեան եւ անկեղծութեան մարմնացումն էր ան:

Ընկեր Սահակ Հալէպի Նոր Գիւղ արուարձանը ունէր իր սրճարանը եւ տեւական հոն էր: Արդէն ինք եղած էր հիմնադիրներէն մէկը այդ արուարձանին, որ ժամանակի ընթացքին հայկական համախմբման կեդրոն եղած է:

Ազգանուէր հայորդին, կուսակցական տիպար ղեկավարը, համեստ մարդը տարիներով վարեց կուսակցական կարեւոր պաշտօններ: Շրջապատը զինք կը ճանչնար, որպէս սակաւախօս, դատողութեամբ միշտ խոհեմ ու վճռական:

Յետնորդ սերունդներ կը վկայեն, թէ ան ճգնաժամերու կուսակցականն էր, դաշնակցական գործին ու մտքին հաւատաւոր ծառան, բայց մանաւանդ` արժանիքներու եւ անհատականութիւններու հաւատաւոր դաստիարակն ու մղիչ ուժը, որով պահեց իր կենսունակ հոգին եւ շէնշող կերպարը:

Հանրային կեանքի մէջ եղած է իր ժողովուրդին սրտանց ծառայած նուիրեալ մը, բոլորին կը հասնէր, օգնելու, բարի գործ մը տեսնելու միշտ պատրաստ:

1960-ականներուն Սուրիոյ տարածքին, տեղի կ՛ունենայ Հ Յ Դաշնակցութեան տեղւոյն կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն ձերբակալութիւնը, հակաօրինական եւ հակապետական գործունէութիւն վարելու անբաստանութեամբ: Արաբական աշխարհին մէջ տարուող հակադաշնակցական քարոզչութեան հետեւանք պետական այդ ճնշումը, իր ունեցած բացասական անդրադարձներու կողքին, յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ եկաւ մէկանգամընդմիշտ յստակացնելու արաբական հանրային կարծիքին համար, թէ Հ Յ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն պայքար չի տանիր հայ ժողովուրդի հանդէպ հիւրընկալութեան այնքա՜ն եղբայրական վերաբերում ցուցաբերած արաբ ժողովուրդին դէմ, այլեւ ամէն գնով զօրավիգ կանգնած է արաբական արդար դատերուն:

Յուզումով կը թերթատենք եւ կ՛ուսումնասիրենք 50 տարի առաջ Սուրիոյ մէջ պատահած անբաղձալի դէպքերը, որուն անմեղ զոհերէն եղան Սարգիս Պեքեարեան (Դամասկոս) Յարութ Ա. Պազարպաշեան եւ Սահակ Նալպանտեան:

Սահակ Նալպանտեան կը ձերբակալուի 1961 յուլիսի կէսերուն Հալէպի մէջ, կրած չարչարանքներուն ու խոշտանքումներուն եւ այլ խոստովանութիւններու աւելի տեղի չտալու հեռանկարով, ան, ձերբակալութենէն շաբաթ մը ետք` 1961-ի յուլիսի 23-ին իր իսկ ձեռքով վերջ կու տայ կեանքին, խոր սուգի մատնելով իր հարազատները, կուսակիցներն ու սիրելիները:

Թաղման սրտաճմլիկ արարողութեամբ մը վերջին հանգստարանը եղած է Հալէպի Ազգային գերեզմանատունը, ուր գիշերով եւ գողունի թաղուած է գաղափարակից Սահակ Նալպանտեանը, 5 կամ 6 յուղարկաւոր ունենալով իբր “գերեզմանափոր“ դագաղին:

Այսպէս պատմութեան մէջ կ՛արձանագրուի, որ 23 յուլիս 1961-ին, Սփիւռքահայութեան արիւնաբաշխ սիրտը հանդիսացող Սուրիոյ հայութեան փառքի օրերու բարձրակէտին, յաւիտենական իր հանգիստը գտաւ սուրիահայութեան վաստակաշատ մեծ զաւակներէն եզակի անհատականութիւն մը, որուն անունն էր Սահակ Նալպանտեան:

Ան, պահանջատիրական պայքարի եւ հայ յեղափոխութեան սերմեր պատրաստող ներկայացուցիչներէն էր, որ ամբողջ կեանք մը անխոնջ պայքարով շնչաւորած էր` որպէս անհրաժեշտ օրերու նուաճումին, ի սպաս հայութեան ազգային¬քաղաքական կամքին, հաւաքական ուժին եւ մարտունակութեան նուիրագործումին:

Սահակ Նալպանտեան Սուրիոյ հայոց անցնող տասնամեակներու պատմութեան մէջ յիշարժան դերակատարութիւն ունեցող անհատականութիւն մը եղաւ, որ իր ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուեցաւ, շուրջ վաթսուն տարի, առանց աղմուկի, առանց պարծանքի, առանց ինքնաքարոզչութեան, այլ ընդհանրապէս քուլիսներու ետին, լուռ եւ անաղմուկ, բայց միշտ հաստատ քայլերով մնայուն եւ տեւական արդիւնքներով: Ան, անաղմուկ ապրեցաւ ու անաղմուկ մեկնեցաւ:

Այսպէս եղած է ընկ. Սահակը իր պատասխանատուութեան ճամբուն վրայ: Առնական, անտեղիտալի, առջեւէն քալող օրինակելի ղեկավարը: Այլ խօսքով յեղափոխական դաշնակցականը:

Կ՛եզրակացնենք, թէ Գաղափարի մարտիկի իր այդ եզակի ներդրումին բերմամբ` Սահակ Նալպանտեան մարմնաւորեց ազգանուէր գործիչի եւ դաշնակցական ղեկավարի ուրոյն “Նալպանտեանական“ դպրոց մը, որուն դրոշմը խորապէս զգալի եղած է մեր երեց սերունդներուն վրայ:

Սահակ Նալպանտեանի նահատակութեան 50-ամեակին առիթով թող մեզի օրինակ դառնայ անոր բարոյական արժէքներու մարմնացումը:

Այսօր, երբ 50 տարիներ անցած են անոր լուռ նահատակութենէն, մեզ կը շրջապատէ անոր բոցավառ ջահը մեր գոյապայքարի սրբազան երթին վրայ: Ան, անձնուիրութեան վառ օրինակով կը դաստիարակէ մեզ, որ խաւարի մէջ գործելով թաքուն, չափազանց օրինակելիութեամբ յատկանշուեցաւ իր վճռակամութիւնը նոյնիսկ նահատակութեան ատեն, նահատակութիւնը աչք առնելով:

Յարգա՛նք իր յիշատակին:

Comments

comments