Սահման – Խօսք՝ Մհեր Գարագաշեան

Սահման

Իմ բռունցքին մէջ տաք արցունք մը կայ
Որ հոն կաթեցաւ ամպերէն անդին
Այրած երկնքէն, ժայռերէն հսկայ
Ղարաբաղ իմ, իմ աստղի մոխիր:

Թնդայ Ղարաբա՜ղ, մրրիկի երկիր
Իմ սիրտը քեզ հետ եւ արծիւներուդ
Որոնց թեւերով կամուրջ կապեցիր
Բերիր քու լոյսդ արեւին մեր մութ:

Լսեցիք արդեօք, լսեցիք ձայներ
Սէգ նժոյքներէն թեւատ մորթուող
Ձայներէն այդ քամին, սրտիս է զարկել
Եւ ճիչ մայրերուդ, ճիչեր՜ն ոտնակոխ:

Խօսք՝ Մհեր Գարագաշեան
Երաժշտութիւն՝ Գօգօ Հայիթեան

Comments

comments