Սօսէ Մայրիկ

1868 – 9 Փետրուար 1953

Սօսէ Մայրիկ ծնած է 1868 թուականին, Նեմրութի փէշերուն տակ, Թեղուտ գիւղին մէջ: Հօրը անունը Մարգար էր, մօր անունը՝ Ալտուզ: Ընտանիքը կը կոչուէր Դրօ-Աստանտուրի տուն: Ունէր հինգ եղբայր եւ երեք քոյր:
Սօսէն մեծցած է մեծ նահապետական տան մէջ, ուր շատ սիրուած աղջիկն էր: Որքան կ’աւելնար իր համարձակութիւնն ու ճարպիկութիւնը, այնքան աւելի սիրելի կը դառնար իր տան մէջ:

Հազիւ պարմանուհի, 13 տարեկանին, Սասնոյ հայերու աւանդութեան համաձայն, ծնողքը ուզեց ամուսնացնել Սօսէին։ Բարձրահասակ եւ գեղադէմ՝ Սօսէ ըմբոստացման իր առաջին եւ բախտորոշ քայլը կատարեց, երբ ծնողքին առաջարկած թեկնածուները մերժելով ուզեց իր կեանքը կապել Խչէենց Սերոբի հետ, որուն անձնուիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ներշնչման աղբիւր եղած էր յեղափոխական հայուհիին համար։

Սօսէի ամուսնութենէն ետք, մինչեւ Օգոստոսի կէսերը Սերոբ կը մնայ գիւղը: Ան Նեմրութ որսի կ’երթայ: Օր մըն ալ, երբ Նեմրութ կը գտնուէր, աւազակներ կը մտնեն գիւղը, եւ ոչխարները առնելով կը քշեն ու կը տանին:
Երբ լուրը կը հասնի, թէ աւազակներ ոչխարները կը թալլեն, Սօսէ հրացանը ուսին կը վազէ Սերոբի մօտ: Սերոբ երբ կը տեսնէ, որ Սօսէն զինուած է, կը շուարի: Սօսէն հեռուէն կը պոռայ. «Սերո՛բ, ժամանակ մի՛ կորսնցներ, ոչխարները կը տանին աւազակները: Թէ որ պատրաստ չես, ես կ’երթամ անոնց ետեւէն»:
Սերոբ ապշած կը մնայ: «Սօսէ՛, կ’ըսէ, շո՛ւտ զէնքերը քակէ, ես պիտի երթամ» ու կ’առնէ Սօսէի զէնքը: Սօսէ կը համբուրէ Սերոբի ճակատը, եւ կ’ըսէ. «Սերո՛բ, կամ թալան պիտի գայ, կամ քէս ճանդակ»: Սերոբ կ’երթայ:
Սերոբ շուտով կը հասնի քիւրտերուն ետեւէն եւ քարի մը ետին դիրք բռնելով, կը կանչէ. «Հէ՜յ, թալան ձգէք»: Նշան կ’առնէ եւ ձի մի գետին կը գլորէ, ձիաւորը քիւրտերու պէկերէն մէկն էր: Աւազակները կը փախին թալանը թողնելով: Սերոբ շուտով կը վերադառնայ գիւղ, թալանը բերելով:
Նոյն իրիկունը 5-6 ոստիկաններ գիւղէն ներս կը մտնեն Սերոբը փնտռելու: Սերոբ գիւղէն կը հեռանայ, կ’երթայ Պոլիս, ապա Ռումանիա:
Սօսէ Մայրիկ մինչեւ Սերոբի վերադարձը կը մնայ Սերոբի տունը:
1895-ին Սերոբ ետ կուգայ գիւղը փոքր խումբերով մը:
Սերոբ անդուլ հետապնդումներէ ազատելու համար, ստիպուեցաւ ի վերջոյ թողուլ գաւառը: Ապաստանեցաւ Սասնոյ լեռներուն մէջ, ուր շատոնց արդէն տարածուեր էր իր զէնքին սխրագործութիւններու համբաւը: Իրեն ուղեկից էր իր քաջարի կինը՝ Սօսէն: Սասունի ֆետայիներու փաղանքը գուրգուրանքով ընդունեց զինքը որպէս պարագլուխ:
Սերոբ Սասուն հաստատուելով այլեւս միայն խումբի մը խմբապետը չէր, այլ կռուող Սասունի գերագոյն հրամանատարը, յեղափոխութեան ներկայացուցիչը եւ ազգին ընտրեալը:
Սերոբ շուտով իր շուրջ կը հաւաքէ Գէւորգ Չաւուշը, Անդրանիկը, Ջրից Համբարձումը, Սպաղանաց Մակարը իր խումբով:
1897-ի Բաբշէնի կռուէն ետք Սօսէն, Սերոբի եւ իրենց խումբէն փոքր մաս մը, Մշոյ դաշտէն կ’անցնի Սասուն, ուր կը հաստատուի Կելիկուզան գիւղը: Ժամանակ մը ետք Մուշ կը հասնի Գուրգէն, իսկ Հրայր անցած էր շրջանները կազմակերպելու: Սերոբի տուած հրահանգները պէտք է շուտով հասնէին անոնց, եւ այս դժուարին պարտականութիւնը ստանձնեց Առաղ գիւղացի Սեդօ Մուրատեան, որ իր անցեալով ծանօթ էր շրջաններուն, եւ անվտանգ կրնար հասցնել լուրը՝ գրաւոր եւ բերանացի:
Առիւծի սիրտ, քաղցր լեզու եւ վեհանձն բնաւորութեամբ, Սերոբը կարճ ժամանակի մէջ կը դառնայ ժողովուրդի սիրելին, իսկ թուրք եւ քիւրտ խուժանին համար կը դառնայ սարսափ եւ պատուհաս:
Այդ օրերուն ջարդի արհաւիրքը պատեր էր ամբողջ Սասնոյ շրջանները: Սերոբ եւ Սօսէ ամէն տեղ էին իրենց խումբերով՝ երկինքէն իջածի պէս: Այս առթիւ է, որ Սերոբ իր կոչերը հետեւեալ խօսքերով ուղղած է ժողովուրդին.
Ով որ քաջ է ի՞նչ կը սպասէ,
Արդէն ժամանակն է, թող գայ,
Մահ, պատերազմի օրհաս է,
Ով որ անվախ, քաջ է, թող գայ:
Այսպէս Սերոբ եւ Սօսէ գործունէութեան վայր կ’ընտրեն Բաղէշ, Ախլաթ, Մուշ, Սասուն, Պուլանըխ, ուր իրենց շուրջը կը հաւաքեն երիտասարդներ, քարոզելով անոնց հայրենասիրութիւն եւ միութիւն:

1898-ի Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Բագրեւանգի կռիւը, զինակիր խումբի մը եւ քիւրտերու միջեւ, երբ խումբը կը նշմարուի Բայազիդի Այնթար գիւղի մօտերը: Թուրք եւ քիւրտ 1500-2000 հոգի ճամբայ կ’ելլեն ֆետայիները կանգնեցնելու համար: Խումբը պաշարուած էր չորս կողմէ եւ կ’ապաստանի մօտիկ քարայրի մը մէջ, ուր կը մնան երեք օր: Քիւրտերը Բագրեւանգէն բերել կուտան Ս. Յովհաննէս վանքի վանահայրը եւ կը ստիպեն անոր անձամբ գալ ֆետայիներու մօտ եւ իրենց զէնքերը առնելով յանձնէ իրենց: Վանահայրը իրեն հետ բերած առաջարկները ներկայացնելէ ետք, կը վերադառնայ իր պատասխանը տալու քիւրտերուն, որոնք կը սպասէին վանահօրը: Երբ կը սկսին խօսիլ անոր հետ, Հայ ֆիտայիները շուտով դուրս գալով քարայրէն, կը սկսին կատաղի կռիւ մը՝ քիւրտերուն հետ: Ֆետայիները շուտով լուր կ’ուղարկեն Սերոբ Աղբիւրին, որ իրենց օգնութեան կը հասնի: Սերոբ հոն չէր, հոն էր իր քաջասիրտ կինը՝ Սօսէն, որ երբ կ’իմանայ եղելութիւնը, շուտով կը հրամայէ Սերոբի խումբի զինակիցներուն (մօտ 200 հոգի) եւ անոնց գլուխն անցնելով կը հասնի կռիւի դաշտը: Թշնամին անակնկալի մատնուելով, փախուստի կը դիմէ: Քիչ ետք, երբ Սերոբն ալ կը հասնի, կռիւը վերջ գտած էր:
Սասունի մէջ 1889-ի ամրան տեղի կ’ունենային քանի մը դէպքեր, որոնք յեղափոխականները կը սարսէին: Աղբիւր Սերոբի խումբին մէջ առնուած էին քանի մը խմբակներ, Անդրանիկ, Գէւորգ իր խումբերով, Ջրեց Համբարձումը, Սպաղանաց Մակարը իր խումբով: Սերոբ իր շէն տունը քանդած եւ ամբողջական նուիրումով ֆետայական շարժման գլուխը անցած էր: Սօսէն նոյնպէս ֆետայի մըն էր, ինչպէս իր խումբի որեւէ զինուորը: Եւ ինչո՞ւ չէ, առաւելութիւն մը մեր յեղափոխական շարժման, որուն նուիրումով կը մասնակցեր Հայ կինն ալ, Սօսէի եւ Շաքէի տիպարներ տալով հայոց արիւնալի ազատամարտին:
Սերոբի խումբը կը մնար Սասուն եւ ամբողջ ամառը (1899) խաղաղութեամբ կը պահէր Սասունը: Թրքական եւ քրտական ոտնձգութիւնները պակաս էին: Կառավարութիւնը լաւ գիտէր, թէ չի կրնար Սերոբը զգտնել, առանց պատերազմի:
Թուրք կառավարութիւնը ամէն միջոց ձեռք առնելէ ետք, կրցաւ գտնել մատնիչ սասունցի մը՝ Գեղաշէն գիւղէն Աւէն, որ Սասնոյ մէջ անցած-դարձածները կը տեղեկացնէր թշնամիին: Շեկոյի ան ցեղապետներէն Պըշարէ Խալիլը, կառավարութեան թելադրանքով՝ կրցած էր Աւէն իր ձեռքին մէջ առնել եւ դրամի ուժով զայն դաւադրութեան գործիք մը դարձնել: Պըշարէ Խալիլ յաճախ կ’երթայ Մուշ եւ կը վերադառնայ Սասուն: Թոյնը Մուշէն կը փոխադրէ եւ ծխախոտին խառնելով կը յանձնէ մատնիչ Աւէին, որ տանի Սերոբին: Սերոբ իր շրջապատով եւ գործակցող իշխաններով ոչ մէկ կասկած կրնային ունենալ ոեւէ Սասունցիի վրայ: Այդ միամտութեամբ ծխախոտը կը գնեն եւ կը ծխեն: Շատ ազդեցիկ թոյն մը եղած էր: Սերոբ կը հիւանդանայ, մազերը կը թափին, քալած ժամանակ ուժաթափ կ’իյնայ, զարմանքի մատնելով իր շրջապատը: Աւէն շուտով լուր կուտայ Պըշարէ Խալիլին, որ իր կարգին լուրը անմիջապէս կը հաղորդէ Պիթլիս Ալայ պէյին, որ շուտով գայ:
Թունաւորման յաջորդ օրը, կանուխ լուսաբացին, Բաղէշէն եւ Մուշէն 5000 զօրքերու, քիւրտ եւ պաշիպօզուքներու բազմութիւն մը, Պըշարէ Խալիլ աղայի առաջնորդութեամբ, կ’երթայ Կելիկուզան եւ կը պաշարեն Սերոբի եւ իր ընկերներու բնակած տունը: Հայդուկները (իր հետ ութ հայդուկներ ունէր այդ ատեն)Սերոբի թեւերը մտած հազիւ կրցան անոր մարմինը գիւղէն դուրս հանել: Առիւծը, որուն ոտքերուն տակ կը թնդային Մուշի դաշտերն ու սարերը, ուժ-կարողութենէ զրկուած էր, այդ վիճակին մէջ իսկ ուզեց կռուիլ եւ սուղ ծախել իր կեանքը ոճրագործ եւ նամարդ թշնամիին: Կարծես յոգնած եւ ուժատ, խնդրեց իր հաւատարիմ կնոջմէն, որ զինքը մօտակայ քարի մը առջեւ տանի – «Դրէք զիս այս քարին առաջ, իմ վերջին օրն է, եւ ջանացէք դուք գէթ ձեր կեանքը ազատել, մնա՜ք բարով»…
Զօրքերը Պըշարէ Խալիլի հետ կը հասնին նահատակին քով, երբ այլեւս ոեւէ դիմադրող չի մնար: Պըշարէ Խալիլ կը կտրէ Սերոբի գլուխը, գերի կը վերցնէ Սօսէն եւ բլուրէն վար կ’իջեցնէ, կ’ուղղուի դէպի Մուշ, տանելով Դաշնակցութեան ամենէն արի զաւակին գեղեցիկ գլուխը եւ քաջասիրտ Սօսէն, վիրաւորուած քանի մը տեղերէ, սգաւոր, բայց հպարտ:
Սօսէն քանի մը տեղերէ գնդակով եւ դաշոյնով վիրաւորուած ըլլալով՝ հրամանատար Ալի փաշան (Մշոյ թուրք զօրաց հրամանատարը) պատուաւոր տուն մը դրած եւ կառավարութեան ծախքով դարմանել տուած էր զայն: Հրամանատարը միշտ կը կրկնէր. «Այդ կինը դիւցազն է, ի՛նչ օգնութիւն որ ընէք անոր՝ արժանի է»:
Խօսքը տանք Սեւքարեցի Սաքոյի, որ այն ժամանակ Մշոյ բանտը կը գտնուէր:
«Առաւօտ Տէր Քաջը կ’երթայ եկեղեցի, ժամերգութիւն կատարելու համար, կը տեսնէ գիւղը շրջապատուած է զօրքերով: Շուտով կը վերադառնայ տուն (ուր իմ մօտ կը գտնուէր Սերոբ իր զինակիցներով ) եւ եղելութիւնը կը պատմէ Սերոբին: Բայց Սերոբը բռնուած էր սարսափելի փորհարինքով: Նոյնը կը պատահի նաեւ մեծ որդի Յակոբին եւ երկու եղբայրներուն: Սեկ Սեդրանկը, Սօսէն եւ միւս ընկերները, որ Ռէս Աւոյի բերած կերակուրներէն չէին կերած, բոլորովին արողջ էին:
Սեդրակ տեսնելով Սերոբի վիճակը, թեւը անցնելով կը սկսի կամաց-կամաց լեռը բարձրացնել զայն: Զօրքի հրամանատարը կը նկատէ այդ եւ կը հրամայէ կրակել: Սերոբը կ’ըսէ Սեդրակին. «Իմ բանս պրծաւ, դրէք մի քարի յետեւը, եւ դուք ձեր գլուխը ազատեցէք»: Եւ կարկուտի պէս տեղացող գնդակներու տակ կը մնան մեր տղաքը: Սօսէն տեսնելով ամուսնոյն ընկճուիլը, կը վերցնէ անոր հրացանը եւ կը սպաննէ երեք զինուոր: Հրամանատարը կարգադրեց, որ ողջ-ողջ բռնեն այդ քաջ Հայ կնոջ: Սօսէն վիրաւորուած՝ ինկաւ գերի: Իսկ Սեդրակը ընկերներով, հրացան արձակելով, հեռացան դէպի անտառ: Ազատուած են երեք հոգի: Սերոբի հետ սպաննուած են անոր մեծ որդին, եւ երկու եղբայրները եւ երկու զինուոր, իսկ Սօսէն վիրաւոր՝ ինկած է թշնամիին ձեռքը: Սպաննուած է Տէր Քաջը, որ կ’ուզէր իր հարացանով գնդակահարել Ռէս Աւոյին, որ Խալիլ աղայի հետ կտրեց Սերոբի գլուխը:
Միւս օր զօրքերը առնելով Սերոբի գլուխը եւ Սօսէն, կ’անցնին Մուշ: Սերոբի սպանութեան լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ ամէն կողմ: Թուրք ժողովուրդը ցնծութեան մէջ էր: Ես (Սեւքարեցի Սաքօ այն ժամանակ ձերբակալուած էր Մշոյ բանտը) կանգնած էի բանտի արեւմտեան պատուհանի առջեւ եւ հոգեկան յուզումով կը դիտէի Կելիկուզանի ճամբան: Ահա սարի ետեւէն տեսնուեցան թուրք զօրքերը: Չորս զինուորներ առջեւէն կը տանէին Սերոբին գլուխը, անցուցած երկար փայտի մը ծայրը: Անոր ետեւէն, ձիու վրայ, կը բերէին Սօսէն, երկու ոստիկաններ բռնած էին անոր թեւերը, իսկ ձիուն սանձը բռնած էր Ռէս Աւոն: Յետոյ կուգար զօրքի հրամանատարը՝ հպարտ նստած ձիու վրայ, ֆէսը ծուռ: Անոր ետեւէն կը շարժուէր զօրքը՝ յաղթական դրօշակով:
Քաղաքին որ մօտեցան, ամբոխէն մէկը մօտենալով, կը թքնէ Սերոբի գլխուն: Դատարանի առջեւ ձողը ցից կանգնեցուցին, որպէսզի ամբոխը լաւ տեսնէ գլուխը: Յաջորդ առաւօտ նոյն հանդիսաւորութեամբ տարին Բաղէշ:
Սերոբի մասին դեռ երկար կը խօսէին բանտի մէջ: Ամէնքը կը հիանային անոր հերոսութեան, մանաւանդ կը գովէին անոր վերաբերումը դէպի կինը, որ մինչեւ վերջին շունչը պաշտպանեց անոր: Ջիբրանցի Սուլէյմանը կ’ըսէր, թէ մենք ոչինչ չենք ըրած կառավարութեան դէմ, բայց դատապարտուած ենք 15 տարի տաժանակիրր աշխատանքի, իսկ մեր կանայք մնացած են լիրբ ոստիկաններու ձեռքը, եւ մեր թշնամիները կը ծիծաղին մեր վրայ: Իսկ Սերոբը տղամարդու պէս կռուեցաւ Սուլթան Համիտի դէմ ամբողջ տասը տարի եւ իր կնոջ՝ չթողուց թշնամիին ձեռքը: Ա՜յ թէ ո՛վ է քաջ տղամարդը…»:
Քիչ յետոյ Սօսէն ազատեցաւ բանտէն, իսկ Մըխէի կինը՝ քաջասիրտ Տատոն, այդ սեւ ու մահու րոպէին, Սերոբի երկամեայ որդին փախցնելով՝ ազատեց: Այս նամարդ սպաննութեան վրայ, Սուլթան Համիտ կոչուած ցածոգի բորենին շքանշաններով վարձատրեց անարգ դաւաճանութեան հեղինակները:
Սերոբի կտրուած գլուխին թաղումը կատարեց այն ժամանակուան Առաջնորդ Եղիշէ Վրդ. Չիլինկիրեան, որ յետագային այդ թաղման նուիրեց առանձին յօդուած մը:

1904-ի Սասնոյ ապստամբութենէն ետք, Սասունի եւ Մշոյ ֆետայիները խումբ-խումբ անցան դէպի Վասպուրական: Սօսէն ալ անցաւ դէպի Վան, Այգեստանի հեռաւոր թաղերը: Ֆետայիներէն մաս մը անցաւ դէպի Կովկաս, իսկ մաս մըն ալ մնաց Վանի կողմերը, չուզելով հեռանալ Վասպուրականէն, որովհետեւ իրենց տուները մօտ էին, յուսալով թէ օր մը կրկին կրնան վերադառնալ իրենց մոխրացած օճախը:
Սօսէն չէր ուզեր մեկնիլ Կովկաս, չէր ուզեր թողուլ Սերոբի անտէր գերեզմանը, եւ հոն կ’ըսէր.
-« Իմա՜լ թորկեմ հոնի՜ զիմ Սերոբի եթիմ գերեզմանը: Իմա՜լ թորկեմ տուշմընի ձեռքը… Աստուած կը վերցո՞ւ», կը կրկներ անդադար:
Սօսէն միշտ յոյսով էր, թէ օր մը պիտի վերադառնայ իր Սերոբի գերեզմանին մօտ:
Սօսէի միւս կորիւնն ալ ինկած էր Հրայրի տղոց հետ, Կարինի ջարդին: Սօսէ մինակ կը մնայ եւ վերապրողներուն հետ կը միանայ Հայ կամաւորական գունդերուն եւ կ’անցնի Կովկաս:
Բոլշեւիկեան ներխուժումէն ետք եւ հակադաշնակցական ալիքի սաստկացումին հետ անցաւ, Սօսէ կը փոխադրուի Պոլիս, ուր քանի մը ամիս մնալէ ետք, կ’անցնի Եգիպտոս՝ Աղեքսանդրիա: 1935ին անցաւ Հալէպ, եւ որոշ շրջան մը Քեսապ մնալէ ետք, վերադարձաւ Աղեքսանդրիա, ուր մնաց մինչեւ իր մահը:
Սօսէ, Սերոբ Աղբիւրի մահէն ետք, 54 տարի ապրեցաւ, միշտ հաւատարիմ անոր յիշատակին, եւ յուսալով որ յաւիտենական կեանքին մէջ անոր պիտի միանայ կրկին. «Սերոբ կը կանչէ ինձ իր մօտ, Հայկ ջան, կ’երթամ» եղած են իր վերջին խօսքերը:\

9 Փետրուար 1953ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ, խոր ծերութեան հասած՝ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի դիւցազնատիպ հայուհիներէն Աղբիւր Սօսէն։
Սօսէ Մայրիկի մահով այս աշխարհէն բաժնուեցաւ կին ֆետայիի փայլուն տիպարը, որուն անունը միշտ պիտի յիշուի Աղբիւր Սերոբի դիւցազնական անուան հետ:

Իր մահէն 45 տարի ետք, 1998ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 80ամեակին առիթով, Սօսէ Մայրիկի աճիւնները տեղափոխուեցան հայրենիք ու հայ ժողովուրդի ֆետայական շարժման կանացի՝ մայրակա՛ն ոգին իր վերջնական հանգիստը գտաւ Եռաբլուրի մէջ։

Comments

comments