ԾՐԱԳԻՐ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Հաստատուած Հ.Յ.Դ. Ի 27-րդ Ընդհանուր (Արտակարգ) Ժողովին կողմէ – 1998
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր էութեամբ, աշխարհայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ուժերով կը պայքարի հայ ազգի քաղաքական-տնտեսական, ընկերային-մշակութային բովանդակ շահերու պաշտպանութեան համար:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը կը հիմնաւորէ իր գաղափարաբանութեամբ: Ան կ’առաջադրէ անհատի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան, ընկերութեան համերաշխութեան եւ բարօրութեան ճամբով ապահովել հայ մարդու ու հայ ազգի անկաշկանդ, բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ձգտի Հայ Դատի Լուծման.- ամբողջական հայութեամբ` ամբողջական հայրենիքի կերտումին:
Հ.Յ.Դ. ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԸ
Մարդկութիւնը հասած է ներկայ հանգրուանին` ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային նուաճումներու հոլովոյթով: Մարդկութեան յառաջդիմութիւնը, սակայն, անկատար է այնքան ատեն, որ մարդկային մտքի եւ աշխատանքի նուաճումներէն իրենց բարօրութեան համար օգտուելու հաւասար հնարաւորութիւն չունին բոլոր անհատները, ընկերային հաւաքականութիւնները եւ ազգերը:
Պատմութեան ընթացքին դրսեւորուած են մարդու վրայ մարդու տիրապետութիւնը եւ աշխատանքի շահագործումը:
Տիրապետութեան եւ շահագործման տարբեր ձեւերն են դրամատիրութիւնը, կայսերապաշտութիւնը, ամբողջատիրութիւնը, գաղութատիրութիւնը, որոնք կը դրսեւորուին ռազմապաշտութեամբ, ցեղապաշտութեամբ, սակաւապետութեամբ, տնտեսական, գաղափարական եւ մշակութային ծաւալապաշտութեամբ: Անոնց հետեւանքն են` տնտեսական մենաշնորհները, ազգային իրաւունքներու ոտնակոխումները, մարդկային իրաւունքներու բռնաբարումը եւ նոյն այդ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան անունով կատարուող քաղաքական շահարկումները, կենսոլորտի եւ բնական միջավայրի աւերումները:
Բայց մարդ անհատը ընկերային հաւաքականութիւնները, ժողովուրդները եւ ազգերը ձգտած են ազատութեան ու հաւասարութեան եւ պայքարած` անոնց իրականացման ի խնդիր: Ազատագրութեան բնական ու գիտակից այդ պայքարը կ’ընթանայ մարդու եւ հասարակութեան կեանքի զարգացման զոյգ գործօններու` առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու փոխ-ներգործութեամբ:
Այդ պատմական հունին մէջ է, որ տեղ կը գտնեն ե՛ւ ազգային-ազատագրական պայքարները, ե՛ւ մարդկային ընկերութեան բնաշրջական թէ յեղափոխական յառաջընթացը դէպի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրաւունքներու հաւասարութիւնը կենսագործող արդար կարգեր:
*
* *
Ճարտարարուեստականացումն ու արհեստագիտութեան արագ զարգացումը նպաստեցին մարդկութեան յառաջդիմութեան եւ լայն հնարաւորութիւններ բացին անոր առջեւ: Սակայն, մարդակային ընկերութիւնը կը շարունակէ ենթակայ մնալ ներ-ազգային թէ ազգամիջեան մակարդակներու վրայ խտրականութեանց եւ բեւեռացումներու:
Դրամատիրութիւնը, նախաճարտարարուեստական ընկերային-տնտեսական մակարդակի վրայ գտնուող ժողովուրդները մեծ մասով կցելով համաշխարհային տնտեսական համակարգին, զանոնք վերածած է արտադրողական եւ սպառողական ազդակներու: Իսկ այլ ժողովուրդներ կը կրեն հետեւանքները ամբողջատիրական կարգերու, որոնք գաղափարախօսական եւ այլ պիտակներու տակ հաստատեցին պետական դրամատիրութիւն ու բռնատիրութիւն` ոտնակոխելով ենթակայ ժողովուրդներու ազգային-քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական ազատութիւններն ու իրաւունքները:
Փոքրամասնութեանց ձեռքը տնտեսական եւ քաղաքական իշխանութեան կեդրոնացման հետեւանքով` հասարակութեան մէջ առաջացած են դասակարգային տարբերութիւններ եւ խախտած է ընկերային համերաշխութիւնը: Տիրապետող ուժերը, միակողմանի օրէնքներու եւ կարգերու հաստատումով, ամրացուցած են իրենց իշխանութիւնը:
Մեծապետական ուժեր կամ տնտեսապէս յառաջացած համակարգեր` բազմազգեան եւ անդրազգեան ընկերութիւններ` յաւելեալ դրամագլուխ, հումք, շուկաներ ու փոխադրական ուղիներ ապահովելու համար, քաղաքականապէս կամ տնտեսապէս տիրապետած են ժողովուրդներու, ազգերու, պետութիւններու: Նոյնիսկ իրենց անկախութեան տիրացած պետութիւններէն ու ժողովուրդներէն շատերը ենթակայ մնացած են այս տիրապետութեան:
Ճարտարարուեստականացած երկիրներուն մէջ, աշխատաւորական շարժումները հասած են որոշ նուաճումներու, աշխատաւորներու ճնշումին տակ կատարուած դրամատիրական համակարգի զիջումները արտայայտուած են պետական հոգատարութեան դրութեան յառաջացումով եւ հասարակական յարաբերութիւններու որոշ բարեկարգումով: Այս բարեփոխումները, սակայն, յառաջադէմ բնոյթ ունենալով հանդերձ, կը մնան անկատար, որովհետեւ կը շարունակուին տիրապետութեան եւ աշխատանքի շահագործման երեւոյթները:
Դրամատիրութեան ներկայ հանգրուանը կը յատկանշուի տնտեսութեան համաշխարհայնացումով եւ կը բնորոշուի նորագոյն արհեստագիտութեամբ, մարդուժի որակական զարգացումով, հաղորդակցական ցանցերու եւ տեղեկութեանց ընդարձակումով:
Համաշխարհայնացումը, արհեստագիտութեան ու տեղեկութեանց փոխանակումի եւ տնտեսական որոշ զարգացումի կարելիութիւն ստեղծելով հանդերձ, այնքան չի նպաստեր ազգերու համագործակցութեան եւ փոխ-հարստացման, որքան կ’ունենայ բացասական հետեւանքներ.- ազգային տնտեսութիւններու քայքայում, աշխատուժի զանգուածային տեղաշարժ, գործազրկութեան աճ, աշխատանքի արժեզրկում, տեղեկութեանց տիրապետում եւ շահախնդիր օգտագործում, որակաւոր մարդուժի շահագործում, ազգային մշակոյթները խաթարող սպառողական կեղծ մշակոյթի կազմաւորում:
Ճարտարարուեստականացած երկիրներն ու բազմազգեան ընկերութիւնները ստեղծած են տնտեսական եւ ռազմաքաղաքական ներդրումի եւ օգնութեան այնպիսի դրութիւն մը, որ թերաճ երկիրները կը տեղադրէ դրամատիրական համակարգի տնտեսական եւ քաղաքական ծրագիրներուն ու զառմավարութեան շրջագծին մէջ եւ կը վտանգէ անոնց ինքնուրոյնութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Թերաճ երկիրներուն կը պարտադրուի որդեգրել տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութիւն մը, որ կը նուիրագործէ սանձարձակ շուկայական տնտեսութեան դրութիւնը, կը ծառայէ իշխող խաւի մը մօտ դրամագլուխի կեդրոնացումին, ինչպէս նաեւ սակաւապետական ու իշխանակեդրոն վարչակարգերու հաստատումին:
Շահագործման եւ իրաւազրկման դէմ պայքարը, հետեւաբար, կ’ենթադրէ քաղաքական ու տնտեսական ազատութեանց եւ մշակութային ինքնուրոյնութեան ձգտումը թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ:
*
* *
Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան համոզումով` ընկերվարութեան ճամբով է, որ մարդկութեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային զարգացումը կ’օժտուի արդար եւ համերաշխ յարաբերութիւններով:
Ընկերվարութիւնը կը ձգտի, ինչպէս անհատի եւ անոր աշխատանքի ազատութեան, նոյնպէս ազգերու – իբրեւ հաւաքական անհատականութիւններ – ամբողջական ազատագրութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան եւ անոնց համերաշխ համակեցութեան ու իրաւահաւասար գործակցութեան:
Այս զուգահեռ պայքարները կը մղուին ժողովրդավարական միջոցներով, իսկ ժողովրդավարութեան խափանման պարագային, նաեւ յեղափոխութեամբ:
*
* *
Հ. Յ. Դաշնակցութեան ընկերվարական իդեալն է կերտում հասարակութեան մը, ուր մարդը ազատագրուած ըլլայ ցեղային, կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն տեսակի խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ:
Ընկերվարութիւնը կ’առաջադրէ, ժողովրդավարութեան կիրարկումով, ապահովել բոլոր քաղաքացիներու մասնակցութիւնը` ընկերային համերաշխութեան ի խնդիր տնտեսական յարաբերութիւններու կանոնակարգումին:
Ազգային հարստութիւն են եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունին` մշակոյթը, հողը եւ ընդերքը, բնական միջավայրը եւ պաշարները:
Ընկերվարութիւնը կ’ընդունի բազմաձեւ սեփականատիրութիւն` պետական, հաւաքական-համագործակցական եւ մասնաւոր-անձնական:
Ընկերութեան բարգաւաճումին կը սատարէ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մէջ արդիւնաբերական, արտադրական եւ ծառայողական միջոցներու սեփհականութեան բազմաձեւութիւնը, պայմանաւ որ անոր սահմանագծումը, օգտագործումը եւ կազմակերպումը կատարուին ընկերային ուղղուածութեամբ հակակշռի սկզբունքով, շահագործումի առաջքը առնելու ձգտումով, հարստութեանց կեդրոնացումի եւ մենաշնորհներու առաջացման բացառումով:
Ճարտարարուեստը եւ երկրագործութիւնը կը կազմակերպուին աշխատաւոր ընդհանրութեան բաժնեկցութեամբ եւ արտադրութեան կառավարման մէջ ազատ եւ լիարժէք մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ` ինքնակառավարումով, տնտեսավարման ապակեդրոնացումով եւ արհմիութիւններու ազատ գործունէութեամբ:
Այս տեսլականի իրականացումը, հակադրուելով հանդերձ իշխող դասակարգերու անմիջական շահերուն, կ’իրականանայ յօգուտ ոչ միայն աշխատաւոր ընդհանրութեան, այլեւ` համայն ազգի բնականոն զարգացման:
*
* *
Հ. Յ. Դաշնակցութեան համար ազգը` իբրեւ պատմական-մշակութային, լեզուական եւ ընկերային-քաղաքական ուրոյն ամբողջութիւն, հիմնական արժէք է եւ էական գործօն` համամարդկային զարգացման ու հոգեմտաւոր բազմակողմանի հարստացման:
Ազգը մարդկային ընկերութեան զարգացման ամենակենսունակ միջավայրն է, ուր անհատը ձեռք կը բերէ հոգեմտաւոր բարգաւաճման լայն հնարաւորութիւն, լիակատար հաղորդակցութեան եւ սեփհական կարողութեանց զարգացման առաւելագոյն կարելիութիւն:
Մերժելի է սակայն ազգային բացառիկութեան ամէն գաղափար եւ ազգայնամոլութեան ամէն երեւոյթ` իբրեւ մարդկային ընկերութեան բնականոն զարգացումը արգելակող դրսեւորումներ:
Ամէն ազգի բնական եւ անկապտելի իրաւունքը կը կազմէ սեփհական հայրենիքը – իր պատմական-աշխարհագրական բննօրրանը – իբրեւ ինքնուրոյն գոյատեւման, յառաջդիմութեան եւ ստեղծագործութեան կենսական ազդակ:
Իր հայրենի տարածքին վրայ իւրաքանչիւր ազգի գոյատեւման երաշխիքը անկախ եւ իրաւական պետականութիւնն է: Ան կը մարմնաւորէ ազգի քաղաքական կամքը, կը պաշտպանէ անոր շահերը եւ կ’ապահովէ անոր ավտանգութիւնն ու ինքնուրոյն զարգացումը: Անկախ պետականութիւնը նաեւ նախապայման է ընկերութեան բնականոն յառաջընթացին: Քաղաքական որեւէ վարչակարգի եւ իշխանութեան պարտադրումը կոպիտ խախտումն է ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին, բռնատիրութիւն է եւ ըստ ամենայնի` մերժելի: Ինքնորոշման իրաւունքը անժամանցելի է եւ կը մնայ ի զօրու` նոյնիսկ երբ բռնագաղթով կամ ցեղասպանութեամբ ազգը դուրս կը մղուի իր հայրենիքէն: Ազգը բնաջնջելու ամէն փորձ յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ: Բոլոր ազգերու անժխտելի իրաւունքն է, ազգային-ազատագրական պայքարի ճամբով եւ նպատակայարմար այլ միջոցներով, տապալել ամէն կարգի բռնապետութիւն:
Ազգերը իրենց առանձնայատկութիւններով, ուրոյն եւ ինքնատիպ մշակոյթով միայն կը հարստացնեն մարդկութիւնը: Իրաւահաւասար ազգերու ներդաշնակ համակեցութեամբ է, որ կը բացառուի անոնց ձուլումը:
*
* *
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ ընկերվարութեան իդէալը անիրականանալի է` առանց ժողովրդավարութեան, իսկ ժողովրդավարութիւնը թերի է եւ սահմանափակ` առանց ընկերվարութեան:
Ժողովրդավարութիւնը կը խարսխուի մարդկային ու քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութեանց յարգումին վրայ: Ան օրէնքով կը պաշտպանէ բազմակարծութիւնը, բազմակուսակցականութիւնը եւ խօսքի, խղճի, մամուլի, ստեղծագործութեան ու աշխատանքի լիակատար ազատութիւնը:
Ժողովրդավարութիւնը կը յատկանշուի անհատի ազատ եւ հաւասար քուէի իրաւունքով եւ ազատ քաղաքացիներու օրէնքի առջեւ հաւասարութեամբ: Ան կ’ապահովէ ժողովուրդի կամքին անկաշկանդ արտայայտութիւնը եւ հաստատութենական ու ներկայացուցչական հիմունքով, ժողովուրդին ամբողջական ու լիարժէք մասնակցութիւնը` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու մշակութային կեանքին. այդպէսով արդիւնաւէտ հիմերու վրայ դնելով ժողովուրդի եւ պետութեան փոխ-յարաբերութիւնը:
Ժողովրդավարութիւնը կը պայմանաւորուի օրէնսդիր, դատական եւ գործադիր իշխանութեանց տարանջատումով եւ փոխադարձ հակակշռումով:
*
* *
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ իր գաղափարաբանութեան, իր բոլոր ուժերով կը նուիրուի բովանդակ հայ ազգի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային շահերու պաշտպանութեան` ի խնդիր Ազատ Հայու, Ազատ Քաղաքացիի եւ Ազատ Հայրենիքի կերտումին:
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄ
Հայաստան, հայ ազգի հայրենիքը. Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն հին երկիրներէն մէկն է: Տարածուած Սեւ, Կասպից եւ Միջերկրական ծովերու միջեւ. ան կը կազմէ ինքնատիպ լեռնաշխարհ մը: Այնտեղ կազմաորուած է հայ ժողովուրդը, անընդմիջաբար բնակած հազարամեակներէ ի վեր, կերտած պատմութիւն, քաղաքակրթութիւն եւ ազգային նկարագիր:
Հայաստանի աշխարհագրական դիրքն ու հայ ժողովուրդի պատմական ընթացքը, տարբեր քաղաքակրթութիւններու փոխազդեցութեան պայմաններու մէջ, նպաստած են ուրոյն` նիւթեղէն եւ հոգեւոր մշակոյթի մը զարգացման:
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կը յատկանշուի իր ազգային պետականութեան պահպանման կամ անոր անկախութեան վերականգման տեւական պայքարով:
Հայութեան ընկերային ու ազգային կեանքի բնականոն հոլովոյթը ընդհանուր շրջադարձային երեւոյթը կազմեց այն իրողութիւնը, որ յատկապէս թուրանական ներխուժողները ոչ միայն աւերեցին երկիրը, այլեւ մեծազանգուած հաստատուեցան Հայաստանի մէջ: Անոնք փոխեցին Հայկական Լեռնաշխարհի ազգային միատարր նկարագիրը, դարեր շարունակ կասեցուցին հայ մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան առաջընթացը եւ հայ զանգուածները ենթարկեցին ջարդի ու բռնագաղթի, որուն հետեւանքով յառաջացան հայկական հոծ գաղթօճախներ:
Այս ընթացքը շարունակուեցաւ օսմանեան բովանդակ տիրապետութեան շրջանին ու վճռական հետեւանք ունեցաւ հայ ժողովուրդի ճակատագրին եւ հայկական հարցի բնոյթին ու հոլովոյթին վրայ:
19րդ դարու կիսուն Հայաստանը բաժնուեցաւ օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն միջեւ: Այս իրավիճակը պատճառ դարձաւ հայութեան արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներու աւելիով տարանջատումին:
Օսմանեան բռնութիւններուն հետեւանքով եւ հայութեան զոյգ հատուածներու մտաւոր Զարթօնքով յառաջ եկաւ հայկական հարցի սկզբնական ըմբռնումը, որ կը պահանջէր հայութեան մարդկային տարրական իրաւունքերուն յարգումը: Օսմանեան պետութիւնը ոչ միայն չընդառաջեց հայ ժողովուրդի պահանջներուն, այլեւ` նոր բռնութիւններ կիրարկեց: Ինքնապաշտպանութեան տարերային մղումով բռնկեցան ապստամբութիւններ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ:
Հայ ազգային ղեկավարութեան ճիգերուն շնորհիւ եւ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ մեծ պետութիւններու հետապնդած քաղաքական ու տնտեսական շահերուն հետեւանքով` Հայկական Հարցը ստացաւ միջազգային բնոյթ: Սակայն միջ-պետական ներհակ շահերու բերումով` Հայկական Հարցի լուծման ուղղութեամբ տարուած ճիգերը մնացին ապարդիւն: Այս իրողութիւնը եւ հայութեան քաղաքական գիտակցութեան զարթօնքը ծնունդ տուին Հայ Յեղափոխութեան:
Հայ Յեղափոխութիւնը նոր նկարագրով օժտեց Հայկական Հարցը` զայն վերածելով ազատագրական սեփական պայքարով հետապդուող Դատի: Անիկա իր քաղաքական եւ ընկերային առաջադրանքներուն շուրջ փորձեց միացնել հայութեան բոլոր հատուածները` ստեղծելով իր անհատական թէ հաւաքական իրաւունքներուն ամբողջական գիտակցութեան ու նախանձախնդրութեան տէր հայը: Հայ Յեղափոխութիւնը, որ թափ առաւ 1880ական թուականներուն, ամբողջ քառասնամեակ մը հանդիսացաւ հայ քաղաքական մտքին հնոցը եւ հայ մարտական կորովին ու կամքին դարբինը:
1890ին հիմնադրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը առաջադրեց համադրել հայութեան յեղափոխական ճիգը: Շնոհիւ իր նպատատակասլաց գործունէութեան եւ նուիրեալներու զոհաբերումին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հանդիսացաւ Հայ Յեղափոխութեան փաստական դրօշակիրը:
20րդ դարու սկիզբը սաստկացան ճնշումները նաեւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ` նպատակ ունենալով փոխել Անդրկովկասի ազգային դիմագիծը ի վնաս հայութեան: Այս ճնշումներուն դէմ ծառացաւ հայ ժողովուրդը, Հ. Յ. Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ` մարդկային թէ ազգային բոլոր իրաւունքներու յարգման սկզբունքին, հիմնական առաջադրանք դարձուց Փոքր Ասիոյ եւ Անդրկովկասի ժողովուրդներուն դաշնակցային առողջ համակեցութիւնը եւ համերաշխ գործակցութիւնը:
Կրօնապետական ու ցեղապաշտ, վարդապետութիւններ դաւանող օսմանեան սուլթանական թէ իթիհատական վերնախաւը թրքական ծաւալապաշտութեան խոչընդոտ նկատեց հայ ժողովուրդը եւ զայն վերցնելու նպատակով, հրահրեց ու գործադրեց զանգուածային պարբերական ջարդեր:
Օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի առիթէն, ու պետական բծախնդիր ծրագրումով, Օսմանեան պետութիւնը ձեռնամուխ եղաւ Հայկական Հարցի արմատական լուծման` 1915ին սկսած Հայկական Ցեղասպանութեամբ: Հայութեան տեղահանութեան ու ամբողջական բնաջնջումի այս քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ մինչեւ 1923: Արեւմտահայաստանը պարպուեցաւ հայութենէն:
Համաթուրանական ծրագիրը իր լրումին չհասաւ սակայն: 1918ին, հայ ազգի մնացորդացը վճռապէս ծառացաւ թրքական արշաւող բանակներուն դէմ, կասեցուց անոնց յառաջխաղացքը եւ նուաճեց Հայաստանի անկախութիւնը: Դարերու ընդհատումէն ետք, հայաստանի փոքր մէկ հողամասին վրայ, վերականգնեցաւ հայ ազգային պետականութիւնը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ հիմնական դերակատարը եղաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան կերտումին, մեկնելով պատմական փորձէն եւ առկայ իրավիճակէն, որդեգրեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ստեղծման նպատակը:
1920ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագրով` միջազգային ճանաչում գտաւ հայ ազգին իրաւատիրութիւնը իր պատմական հայրենիքին նկատմամբ: Սակայն այս դաշնագրին Հայաստանի վերաբերեալ տրամադրութիւնները չիրականացան: Խորհրդային Ռուսիոյ եւ Քեմալական Թուրքիոյ մեղսակից յարձակումներուն ենթարկուելով` Հայաստանի Հանրապետութիւնը խորհրդայնացաւ, տեղի տալով ռուսական վերջնագրին առջեւ:
1923 թուականին, Լօզանի դաշնագրով` մեծ պետութիւնները փորձեցին թաղել Հայկական Դատը:
Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած նոր սփիւռքը հետզհետէ ստեղծեց կազմակերպ կեանք` կրթական, մշակութային կրօնական եւ ընկերային¬քաղաքական համապատասխան կառոյցներով ու կազմակերպութիւններով: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը գլխաւոր կերտիչը հանդիսացաւ վերոյիշեալ կառոյցներուն, ան անզիջող պայքար մղեց համայնավար գաղափարախօսութեան ամբողջատիրութեան եւ հայ ժողովուրդը մասնատելու անոր փորձերուն դէմ ու ծաւալեց բազմակողմանի գործունէութիւն Հայ Դատի հետապնդման մարզին մէջ:
Խոհրդային ամբողջատիրութեան շրջանին, հայ ժողովուրդն ու յատկապէս մտաւորականութիւնը ենթարկուեցան պարբերական բռնութիւններու եւ աքսորի, իսկ Հայաստանը մասնատուեցաւ` Արցախի, Նախիջեւանի եւ Ջաւախքի արուեստական անջատումով: Այսուհանդերձ, Խորհրդային Հայաստանի ժողովուրդը զարգացուց հայ մշակոյթը, արուեստներն ու գիտութիւնը, եւ վառ պահեց ազգային ինքնագիտակցութիւնը: Խորհրդային Միութեան լուծարումով, 1991ին վերանկախացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Արցախեան պահանջատիրութիւնը 1988էն ասդին ստացաւ աննախընթաց թափ ոչ միայն Արցախի մէջ, այլեւ ամբողջ հայութեան մօտ: Ան փաստօրէն յանգեցաւ ազգային-ազատագրական պայքարի, որուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մասնակցեցաւ իր բոլոր միջոցներով եւ այդ պայքարին հաղորդեց գաղափարական յստակացում:
*
* *
Հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին կը պարզուի հետեւեալ պատկերը.-
1.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կազմէ Սեւրի դաշնագրով ճանաչում ստացած եւ Ուիլսընեան իրաւարարական վճռագրով սահմանագծուած Հայաստանի միայն մէկ փոքր մասը:
2.- Հայ ազգի միայն մէկ մասը կ’ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. հայապատկան բայց Հայաստանէն անջատուած հայրենի հողերու վրայ եւ Ռուսաստանի ու նախկին խորհրդային հանրապետութեանց տարածքին ապրող հայ բազմութիւններով կազմուած է ներքին սփիւռք մը, իսկ մնացեալ մեծաթիւ հայութեամբ` բաղկացած առաւելաբար Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ հայկական հողերու բնակչութեան ժառանգորդներէն` առաջացած է Հայկական Սփիւռքը:
3.- Արցախի Հայութիւնը կը պայքարի Ատրպէճանի լուծէն ազատագրուելու եւ ազգային ինքնորոշման իր իրաւունքին միջազգային ճանաչումը ապահովելու համար:
4.- Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութիւնը դեռ չէ հատուցուած. ցեղասպանութիւնը նաեւ կը շարունակուի, որովհետեւ Սփիւռքի հայութիւնը զրկուած իր սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու հնարաւորութենէն, ենթակայ կը մնայ ձուլումի սպառնալիքին:
5.- Կը շարունակուի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերու ազգագրական պատկերին փոփոխութիւնը: Կը քանդուին կամ կոպիտ աղաւաղման կ’ենթարկուին բոլոր այն պատմական յուշարձանները, որորնք վկաներն են այդ շրջաններու հայկական պատկանելիութեան: Այս ձեւով կ’ոչնչացուի ինքնատիպ ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը:
6.- Միջազգային օրէնքը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ուխտը, եւ Մարդկային Իրաւանց Յայտարարութիւնը մասնաւորապէ՛ս ցեղասպանութեան մասին Մ.Ա.Կ.ի 1948ի համաձայնագիրը ցեղասպանական արարքները կը յայտարարեն ոճիր մարդկութեան դէմ եւ անոնց հետեւանք հանդիսացող ազգային հողամասերու իւրացումը կը նկատեն ապօրինի:
Միջազգային այդ օրէնքներն ու համաձայնագրերը անժամանցելի են եւ յետադարձ ուժ ունին. հետեւաբար` ի զօրու են հին թէ նոր բոլոր պարագաներուն: Բովանդակ մարդկութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան ի խնդիր, անոնք պէտք է գործադրուին` իրենց տառով ու ոգիով. նախ` արդարութիւն գործելու ցեղասպանութեան զոհ դարձած ազգերուն, ապա` կանխելու համար նոր ցեղասպանութիւններ եւ մարդկութեան խնայելու նոր աղէտներ:
7.- Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, որ մաս կը կազմէ Միացեալ Ազգերու Ուխտին, տրամաբանօրէն եւ իրաւականօրէն պէտք է կիրարկուի նաեւ հայ ազգին նկատմամբ: Հայ Դատի լուծումը ոչ միայն արդարութեան, Ցեղասպանութեան դատապարտումին ու պատժարկման գործնական արտայայտութիւն է, այլեւ միջազգային իրաւունքի հարց մը` ազգերու ինքնորոշման անկապտելի սկզբունքին հիման վրայ:
8.- Ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան իրաւաժառանգորդն է եւ, իբրեւ այդպիսին, օրինական իրաւատէրն է հայկական բռնագրաւեալ բոլոր հողատարածքներուն:
9.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ կոչուած է դառնալու Հայ Դատի լուծման հիմնական կռուանը, պետականութեան կայացման ներկայ հանգրուանին կը դիմագրաւէ իր անկախութիւնը ամրապնդելու, ժողովրդավարութիւն հաստատելու, ընկերային-տնտեսական ինքնուրոյն ու արդար համակարգ ձեւաւորելու եւ հայ ժողովուրդի մշակութային յառաջընթացը ապահովելու մարտահրաւէրներ:
10.- Հայ Դատը ունի պատմական, բարոյական, իրաւական եւ քաղաքական էական երեսներ ու հիմնաւորումներ, եւ կը խտանայ հետեւեալ կէտերուն մէջ.
ա.- Ամբողջական Հայաստանի ստեղծում` արեւմըտեան եւ արեւելեան Հայաստանի հողամասերուն վրայ: Արցախի հարցի արդար լուծումը կը հանդիսանայ Հայ Դատի հանգրուաններէն մէկը:
բ.- Սփիւռքի տարագիր հայութեան համախմբում` իր հայրենի հողերուն վրայ:
գ.- Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտում:
ՆՊԱՏԱԿ
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը նպատակադրէ.-
Ա.- Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտում: Միացեալ Հայաստանի սահմաններուն մէջ պիտի մտնեն Սեւրի դաշնագրով նախատեսուած հայկական հողերը. ինչպէս նաեւ` Արցախի, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի երկրամսերը:
Բ.- Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած եւ ցարդ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային դատապարտում, բռնագրաւեալ հողերու վերադարձ եւ վնասուց հատուցում հայ ազգին:
Գ.- Տարագիր ու աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբում ամբողջական Հայաստանի հողին վրայ:
Դ.- Հայաստանի պետականութեան հզօրացում, ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան նուիրագործում, ժողովուրդի բարօրութեան ապահովում եւ ընկերային արդարութեան հաստատում:
ՔԱՂԱՔԱԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐ
Մեկնելով վերոյիշեալ նպատակներէն` Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը հետապնդէ հետեւեալ քաղաքական առաջադրանքները.-
1.- Ապահովել Արցախեան պայքարի յաղթական ելքը, իբրեւ Հայ Դատի լուծման առաջնահերթ հանգրուան:
2.- Հիմնական նկատել, Հայաստանի պետական ռազմավարութեան կազմաւորման մէջ, Հայ Դատի առանցքային դերը:
3.- Ամրապնդել Սփիւռքի ազգային ինքնութիւնը եւ կազմակերպել քաղաքական դերակատարութիւնը, անոր կարողականութիւնները ուղղելու համար դէպի Հայաստանի պետականութեան հզօրացում եւ Հայ Դատի հետապնդում:
4.- Ապահովել իւրաքանչիւր հայ անհատի Հայաստանի քաղաքացի դառնալու իրաւունքը:
5.- Հայաստանի օրէնքները պէտք է ներառնեն հետեւեալ հիմնական սկզբունքները.
– Հաւասարութիւն օրէնքի առջեւ բոլոր քաղաքացիներուն:
– Ազատութիւն մտքի, խօսքի, ստեղծագործութեան, մամուլի, հրատարակութեան եւ արտայայտութեան այլ միջոցներու, խղճի, քաղաքական եւ այլ կազմակերպութիւններու գործունէութեան, հաւաքներու եւ տեղափոխութեան:
– Իրաւունք գործադուլի եւ ցոյցերու:
– Անձի, բնակարանի, սեփհականութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու անձեռնմխելիութիւն:
– Ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքներու յարգում:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ-ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՆԵՐ
Մեկնելով իր գաղափարաբանութենէն եւ ընդհանրապէս Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական յառաջդիմութիւնը ապահովելու նպատակէն, ինչպէս նաեւ` նկատի առնելով համաշխարհային տնտեսական զարգացումներու ուղղութիւնները, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կ’առաջադրէ վարել լիարժէք ընկերային արդարութեան ձգտող եւ, միաժամանակ, Հայաստանի տնտեսական հզօրացումը ապահովող ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւն, որ կը հիմնուի հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ.-
1.- Ձեւաւորել արդիւնաւէտ, մրցունակ, ընկերային արդարութեան եւ պետական կարգաւորումներով հաւասարակշռուած տնտեսական համակարգ, որ հիմնուած պիտի ըլլայ երկրի ու ժողովուրդի նիւթական, արհեստագիտական, մշակութային եւ մտաւոր ներուժի առանձնայատկութիւններուն վրայ:
2.- Առաջադրուած տնտեսական համակարգը պէտք է յատկանշուի արդարութեամբ եւ առաջքը առնէ ընկերային բեւեռացումին: Ընկերային արդարութեան տնտեսական անհրաժեշտ յատկանիշներներն են` անհատի աշխատանքի իրաւունքին երաշխաւորումը եւ եկամուտներու արդար բաշխումը, միշտ ի մտի ունենալով հաւաքականութեան տնտեսական բնականոն զարգացումը:
3.- Քաջալերել պետութեան հովանաւորութիւնը եւ հսկողութիւնը` ի խնդիր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արտադրական ճիւղերու զարգացումին, բնութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին, աշխատանքի ապահովումին, ինչպէս նաեւ` բնակչութեան ժամանակակից չափանիշերով անհրաժեշտ կարիքներու բաւարարումին:
4.- Մասնակցիլ միջազգային տնտեսութեան այն գործընթացներուն, որոնք կ’առնչուին Հայաստանի տնտեսական զարգացման խնդիրներուն: Տարածաշրջանային եւ համաշխարհային տնտեսութեան հետ համարկումը պէտք է իրականացուի այնպէս, որ չվնասուին ազգային շահերը, հայ ժողովուրդի մշակութային նկարագիրն ու ինքնատիպութիւնը:
5.- Հայաստանի տնտեսութեան բարգաւաճումը եւ ազգային ինքնուրոյն զարգացումը ապահովելու համար կարեւոր երաշխիք է աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի ներուժին լիարժէք օգտագործումը:
6.- Կրթական համակարգը, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ հոգեմտաւոր զարգացման հիմնահարցերը դարձնել պետական քաղաքականութեան առանցքային բնագաւառներէն մէկը: Զարկ տալ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ընտանիքի դերին` ազգային դիմագիծի պահպանման գործին մէջ:
-ՎԵՐՋ-
Փետրվար 1998