8 Օգոստոս 1992 – Արծուաշէնի անկումին կոտտացող վէրքը

1992 Օգոստոս 8ին, Հայաստանն ու հայութիւնը կորսնցուցին հայակերտ Արծուաշէնը, որ Արցախեան Ազատամարտի ամբողջ տեւողութեան հերոսաբար մաքառած էր ազերիական ասպատակումներուն դէմ, բայց որ պատերազմի վերջին փուլին ինկաւ թշնամիի գրաւման տակ։Արծուաշէնը համեմատաբար նորակերտ գիւղ է, որ ունի 4 հազար քառակուսի քիլոմեթր մակերես եւ կը գտնուի Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի արեւելեան կողմը։ Գիւղը կառուցած են Շամշատինէն տեղափոխուած հայեր՝ 1854 թուականին։ Ժամանակի ընթացքին գիւղը զարգացման կարեւոր ճամբայ կտրած է եւ վերածուած է աւելի քան չորս հազար հայ բնակչութեամբ բարգաւաճ՝ քաղաքատիպ աւանի, ուր մինչեւ Արցախեան Ազատամարտի բռնկումը կը գործէին չորս գործարաններ։

 

Ռազմագիտական կարեւոր դիրք ունեցող Արծուաշէնի գրաւման համար ատրպէյճանական զօրքերը իրենց ասպատակումները սկսան 1989 ուականէն, բայց ամբողջ երեք տարի բախեցան արուաշէնցիներու հերոսական դիմադրութեան եւ ետ շպրտուեցան։

Հայաստանի վերանկախացման հետեւած ամիսներուն, երբ խորհրդային ամբողջատիրութեան փլուզումէն օգտուելով՝ Ատրպէյճան կը փորձէր բիրտ ուժով իր վերանկախացեալ պետութեան սահմանները ընդարձակել Հայաստանի հաշւոյն, յարձակումները սաստկացան Արծուաշէնի վրայ։ Օգոստոս 1992ի սկզբնաւորութեան արդէն դժուարացած էր գիւղին ինքնապաշտպանութիւնը եւ զանգուածային սպանդի վտանգը ստուգապէս կը սպառնար արծուաշէնցիներուն։ Այդ օրհասական պայմաններուն մէջ կայացուեցաւ Արծուաշէնը թշնամիին յանձնելու եւ հազարաւոր արծուաշէնցիներու կեանքը ստոյգ մահէ փրկելու ծանր որոշումը։
Արծուաշէնցիները հեռացան շուրջ 150ամեայ իրենց կերտած գիւղէն ու հաստատուեցան 3 քիլոմեթր հեռու գտնուող Ճամբարակի մէջ, որ հայկական զօրքերու պաշտպանութիւնը կը վայելէր։

Արծուաշէնի անկման յաջորդած քսան տարիներու ընթացքին, իրենց ձեռներէցութեան եւ աշխատունակութեան շնորհիւ, արծուաշէնցիները յաջողած են տեղահանի իրենց կեանքի պայմանները բարելաւել, բայց ունին օժանդակութեան կարիք։ Այդ դժուարութեանց անդրադառնալով՝ արծուաշէնցիներու ներկայացուցիչները դիտել կու տան.¬ «Արծուաշէնը իրաւաբանօրէն Հայաստանին է պատկանում, բայց օկուպացուած (գրաւուած) է Ադրբեջանի կողմից: Ինչ վերաբերում է արծուաշէնցիների իրաւական կարգավիճակին, ապա վերջինները համարւում են ներքին տեղահանուած եւ, ի տարբերութիւն Սումգայիթի, Բաքուի հայութեան՝ չունեն փախստականի կարգավիճակ»։Արծուաշէնէն տեղահանուածներուն 80 տոկոսը այսօր կ’ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, յատկապէս Ճամբարակի մէջ։ Մնացեալները աւելի քան 10 տոկոս, արտագաղթած են Ռուսաստանի տարբեր շրջաններ, իսկ փոքր տոկոս մըն ալ արտասահման։

Հայաստան մնացած են արծուաշէնցի 719 ընտանիքներ, որոնց 664ը Ճամբարակի, իսկ 55ը տարբեր շրջաններու մէջ։ Անոնք կը դիմագրաւեն բնակարանային դժուարութիւններ։ Օրինակ՝ Ճամբարակ հաստատուած շուրջ 1800 արծուաշէնցիները կը բնակին փայտէ տուներու մէջ։ Հ.Հ. Կառավարութեան որոշումով՝ անցեալ տարի, արծուաշէնցիներուն յատկացուեցաւ 708 միլիոն դրամ, իւրաքանչիւրին՝ 360.000 դրամ: Այդ գումարը անոնք եռապատկած են եւ փորձած են ըստ հնարաւորինս բարեկարգել իրենց բնակարանները եւ ստեղծել յարմարաւէտ պայմաններ։

Բայց արծուաշէնցիները չեն մոռցած եւ չեն կրնար մոռնալ իրենց հայրերուն կերտած Արծուաշէնը եւ այսօր ալ, ցաւով ու ընդվզումով, կը նշեն.¬
«Ժամանակին Արծուաշէնը պաշտպանելու համար պէտք էր 11.000 զինուոր, սակայն այդ ժամանակ ընթանում էր ղարաբաղեան պատերազմը եւ այդքան ուժեր հայկական կողմը չէր կարող յատկացնել Արծուաշէնի պաշտպանութեան համար, բոլոր ուժերը կենտրոնացած էին Ղարաբաղում»։

Comments

comments