«Ինքզինք ընկերվարական համարող և ընկերվարութիւն ջատագովող որևէ անհատ կամ կազմակերպութիւն չի կրնար պայքարիլ տնտեսական բնագաւառի մէջ արդարութեան համար, և միաժամանակ որդեգրել պահպանողական ընկերային արժեհամակարգ մը:» Վիգէն Յովսէփեան

Վիգէն Յովսէփեան

Մեր օրերու ամէնէն սխալ ընկալուած և աղաւաղուած աշխարահայեացքը ընկերվարութիւնն է: Մասամբ զայն մերժողներուն կողմէ ծրագրուած և հետեւողական խեղաթիւրումներու պատճառով, մասամբ ալ ընկերվարութեան անուան տակ ընկերվարութենէ զատ ամէն ինչի նմանող հայեացքներու չարաշահումներուն պատճառով, շատ մը միջավայրերու մէջ անաղարտ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ըստ արժանւոյն չէ հասկցուած:


Աւելին, հանրային ընկալումներուն մէջ այս վերջինիս վերագրուած են յատկանիշներ ու հայեացքներ որոնք ոչ միայն ընկերվարութեան հետ որևէ կապ չ‘ունին, այլ մինչև իսկ անոր կողմէ մերժուած հայեացքներ, ընկալումներ են:

Այսպիսի միջավայր կայ Միացեալ Նահանգներու հանրային կարծիքի մօտ, ուր ընկերվարութիւնը խեղաթիւրուած է ու ներկայացուած որպէս սեփականութիւններու իրաւունքը մերժող, տնտեսութեան մէջ մրցակցութիւնը առհասարակ մերժող, ինչպէս նաև ազատութիւնները մերժող գաղափարախօսութիւն և տնտեսող համակարգ: Անշուշտ որ ընկերվարութեան ամենէ տարրական հասկացողութիւնն անգամ կը բաւէ հասկնալու որ ընդհակառակն, ան մարդկային ազատութիւնները և ժողովրդավարութիւնը խթանող աշխարահայեացք է, և առանց այս վերջիններուն տիրական ներկայութեան, ընկերվարական համակարգ կամ գաղափարախօսութիւն կարելի չէ պատկերացնել: Աւելին, նոյն ինքն մարդկային ազատութեանց պաշտպանութեան հաշւոյն է որ ընկերվարութիւնը միշտ ու միշտ կ‘առաջադրէ ծայրայեղ և վայրի ազատականութիւնը սահմանափակելու հրամայականը, որովհետև այս վերջինը «ազատութեան» քողին տակ կը զլանայ իրաւունքներ լայն խաւերու համար` յօգուտ շատ փոքրաթիւ մարդոց պահանջներուն և շահերուն:

Նոյնքան անհեթեթ մեկնաբանութիւն ու մօտեցում է այն, թէ ընկերվարութիւնը չոր տնտեսական գաղափարախօսութիւն է: Այդպէս չէ: Այս վերջինը Խորհրդային

Միութեան և համայնավարութեան «պարգեւ»ն է մեզի, ուր առարկայական գործընթացները տիրական եղած են ընկերութեան մէջ, և ենթակայական արժէքներու և արժեհամակարգներու կարևորութիւնը և անխուսափելի դերակատարութիւնը մինչև իսկ մերժուած են: Եւ ահա այս վերջին իրականութեան զոհը եղած է ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը նոյն ինքն Հայաստանի մերօրեայ գաղափարական ընկալումներու աշխարհին մէջ, ուր ան դիտուած է որպէս լոկ տնտեսական գաղափարախօսութիւն և համակարգ, մինչ անոր համար այնքան կենսական ընկերային արդարութիւնը առհասարակ անտեսուած է: Այսպէս, մարդկային իրաւունքներն ու մարդու ազատութիւնները նոյնքան կարևոր են ընկերվարութեան համար, որքան տնտեսական արդարութիւնը:

Հետեւաբար, իսկական ընկերվարութիւնը կը պահանջէ որ տնտեսականը և ընկերայինը անբաժան ըլլան արդարի ընկալման մէջ: Անիմաստ բան է պատկերացնել տնտեսական դաշտի մէջ արդար համակարգ ուր ընկերային արդարութիւնը կամ ժողովրդավարութիւնը կը բացակային կամ լիարժէք կերպով չեն պաշտպանուած:

Ինքզինք ընկերվարական համարող և ընկերվարութիւն ջատագովող որևէ անհատ կամ կազմակերպութիւն չի կրնար պայքարիլ տնտեսական բնագաւառի մէջ արդարութեան համար, և միաժամանակ որդեգրել պահպանողական ընկերային արժեհամակարգ մը: Այլապէս, ան կը նկատուի, և պէտք է որ նկատուի որպէս ընկերվարութիւնը չհասկցած, լիարժէք կերպով չ`որդեգրած- ու մինչև իսկ կեղծարար – ամբողջութիւն:

Ընկերվարութեան համար անսակարկ կերպով կենսական են ժողովրդավարութիւնը, և մարդու ընկերային իրաւունքները: Այս երկու բնագաւարներուն- մէկ կողմէ առարկայական/տնտեսական և միւս կողմէ ենթակայական/ընկերային/ մարդկային – ամբողջական համադրութեամբ է որ ընկերվարութիւնը կը ձգտի մարդկութեան յառաջդիմութիւնը ապահովել: Ընկերվարութիւնը կ‘ակնկալէ խղճի, արտայայտութեան, և ընկերային ազատութիւն` յանուն ազգային և մարդկային արժէքներու: Այլ կերպ, ընկերվարութիւն գոյութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Այլ կերպ, ընկերվարութիւնը կեղծիք կ`ըլլայ:

Comments

comments