
Սահման – Խօսք՝ Մհեր Գարագաշեան
Սահման Իմ բռունցքին մէջ տաք արցունք մը կայ Որ հոն կաթեցաւ ամպերէն անդին Այրած երկնքէն, ժայռերէն հսկայ Ղարաբաղ իմ, իմ աստղի մոխիր: Թնդայ Ղարաբա՜ղ, մրրիկի երկիր Իմ սիրտը քեզ հետ եւ արծիւներուդ Որոնց թեւերով կամուրջ կապեցիր Բերիր քու լոյսդ արեւին մեր մութ: Լսեցիք արդեօք, լսեցիք ձայներ Սէգ նժոյքներէն թեւատ մորթուող Ձայներէն այդ քամին, սրտիս է Read More …