《Մենք այս կետէն սկսինք, թէկուզ ըլլալով առաջին խրփոները:》Վիգէն Յովսէփեան

Ճանչցողները գիտեն որ վերջին երկու-երեք տարիներուն, որքան մտահոգ եղած եմ մեր ազգային-քաղաքական իրականութեան մէջ բանականութեան վրայ հիմնուած խօսքի արձանագրած նահանջին ուղղութեամբ: Մտահոգութիւնս եղած է այն որ քաղաքական բանավէճներուն և տարբերութիւններուն արտայայտութեան որակն ու ձևը սկսած են փոխուիլ, կեղտոտիլ, և նոյնիսկ` չարանալ:

«Ինքզինք ընկերվարական համարող և ընկերվարութիւն ջատագովող որևէ անհատ կամ կազմակերպութիւն չի կրնար պայքարիլ տնտեսական բնագաւառի մէջ արդարութեան համար, և միաժամանակ որդեգրել պահպանողական ընկերային արժեհամակարգ մը:» Վիգէն Յովսէփեան

Վիգէն Յովսէփեան Մեր օրերու ամէնէն սխալ ընկալուած և աղաւաղուած աշխարահայեացքը ընկերվարութիւնն է: Մասամբ զայն մերժողներուն կողմէ ծրագրուած և հետեւողական խեղաթիւրումներու պատճառով, մասամբ ալ ընկերվարութեան անուան տակ ընկերվարութենէ զատ ամէն ինչի նմանող հայեացքներու չարաշահումներուն պատճառով, շատ մը միջավայրերու մէջ անաղարտ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ըստ արժանւոյն չէ հասկցուած:

«Տեսակի Կռիւը» ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

«Տեսակի Կռիւը» ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ Պարզ է, որ ամէն մարդ նոյն ձեւով չի մտածեր, ո՛չ ալ նոյն ձեւով կը գործէ. նկարագիրները կը տարբերին, նաեւ` մտածելակերպերը, տրամադրութիւնը, ճիշդի ու սխալի ըմբռնումը, ընդունելիի եւ անընդունելիի տարբերութիւնը, սկզբունքը, անկեղծութիւնն ու անոր պակասը, եւ նոյնիսկ` ԵՍ-ի գործօնը: Հետեւաբար, որոշ զննումներէ ետք, կարելի է ընկերութեան մը մէջ եղող, ապրող ու գործողները Read More …

«ԺԱՄՆ Է ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ԱՄՕԹԱԼԻ ԷՋԸ» Ռուբէն Քարաքաշեան

ԿԱՐԾԻՔ – «ԺԱՄՆ Է ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ԱՄՕԹԱԼԻ ԷՋԸ» Ռուբէն Քարաքաշեան Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ ես դաշնակցական երդում տուած անձ եմ, բայց պայմաններու բերումով կուսակցական շարքերէն կամովին հեռացած եմ։ Կը մնամ Դաշնակցութեան համակիր մեծ ընտանիքի անդամ, եւ հաւատարիմ եմ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան եւ հպարտ եմ անոր անցեալով ու վճռորոշ դերով՝ հայ ազգի վերջին աւելի Read More …

«Բոպիկ Քաղաքական Միտքի Հերթական Դրսեւորումները» ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Վերջերս Ազդակի մէջ լոյս տեսան երկու յօդուածներ՝ “Ի՞նչ Կրնան Ըլլալ Հակադաշնակցական Քարոզարշաւին Դրդապատճառները” հեղինակութեամբ Մելիք Գարագաւորեանի եւ “Բաց Նամակ` Առ Որ Անկ Է. Գաղափարը` ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրն Է «Կաղապարը»` ՀՅ Դաշնակցութեան Կանոնագիրն Է Նուիրումը` Ազգին Է Կեանքը` Հայրենիքին Է” ԱՅԲՈՒԲԷՆ գրչանունով: Այս երկու գրութիւնները նորագոյն փորձերն են հակազդելու բոլոր անոնց որոնք, ըստ յօդուածագիրներուն, Read More …

Արամ Արամեան (Աշոտ, Թաթուլ)

Արամ Արամեան (Աշոտ, Թաթուլ) Դարձեալ կախաղան, դարձեալ նոր զոհ… Օգոստոս 9/21-ին, երկուշաբթի առտու արշալուսին-գրում է Կարինից մեր ընկեր-վաշտ մը զօրքի հսկողութեամբ՝ Արամեանը բանտէն կախաղանի վայրը առաջնորդեցին: Արամը առանց մէկու մը օգնութեան, հաստատ քայլերով պատւանդանի վրայ բարձրացաւ, վայրկենաբար հաւաքւած բազմութեանը դիմեց, քանի մը ազդու խօսքերով ձաղկեց տաճիկ կառավարութեան ոճիրները, յայտնեց թէ ինքը հանգիստ հոգով կը զոհւի Read More …

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը – ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

1994-ի յուլիսի չոր ու տաք առաւօտ մըն էր: Նիկոսիոյ միակ երկնաքերին` «Ղեմա Թաուըր»-ի իններորդ յարկը գտնուող գրասենեակիս պատուհանէն կը դիտէի դիմացս բացուող տեսարանը:Կապոյտ երկինքին վրայ ոչխարներու հօտի նմանող ճերմակ ամպեր արագ կ՛անցնէին: Կղզիին ամառնային խենթ հովը ոտքերուս տակ բացուող ցորենի ոսկեգոյն դաշտերու փոշին վեր կը բարձրացնէր, որ կղզիի բաժանման գիծէն սկսելով` ոլորապտոյտ կ՛երթար կորսուիլ Քիրենիոյ Read More …

Բոլշեւիկը Արթուն է, Սփիւռքահայը՝ Քնացած – Նամակ Երկրէն

Րաֆֆի Տուտագլեան Բոլշեւիկը նստած է մեր մէջ: Բոլշեւիկը արթուն է: Կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ անուն ունի ան: Կարեւոր չէ, թէ ո՞ր կուսակցութեան մէջ թաքնուած է ան: Կարեւոր չէ, թէ Նժդեհի կամ Անդրանիկի անունով հանդէս կու գայ… Երկրորդական են այս հարցադրումները, քանի որ հայու բոլշեւիկ տեսակը հոգեկան հիւանդութիւն է, Սթոքհոլմեան ախտանիշի կրողը, սիրահարուած՝ զինք հալածողին, ճնշողին, Read More …

Ամսուան Ծանր Օղս – Ասպետ Հ.

Ճիշդ է, այս անգամ եւս նշմարեցի… Ժողովուրդը, մանաւանդ երկրին կորիզը ներկայացնող երիտասարդութիւնը կ’ապրի յուսալքուած։ Հիասթափուած է որովհետեւ չունի յենարան, չունի յոյս ապագայի նկատմամբ, չի հաւատար այսօրուան ստուեր քաղաքականութեան ու այդ ճահիճը ներկայացնող բոլոր ուժերուն… Այո, բոլոր ուժերուն ԱՆԽՏԻ՛Ր… Կը հասկնամ։ Հասկնալի է որովհետեւ հիմնուած է առարկայական իրողութիւններու վրայ, զոր պէտք է դիտարկած ու դատապարտած ըլլայինք Read More …