Յայտարարութիւն – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐՈՒԴԻ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԿՈՄԻՏԷ

stat.gov.wa@haybachdban.org ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐՈՒԴԻ   ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ  ԿՈՄԻՏԷ Comité Suisse du Conseil National de l’Arménie Occidentale Ժընեւ 09.02.2015 Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Զուիցերիոյ կոմիտէն պարտականութիւն ունի ձեզ հաղորդելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւրքի միացեալ յայտարարութիւնը օսմանեան կայսրութեան կողմէ մէր ազգի հանդէպ գործադրուած Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով:

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ/Բողոքագիր Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին Լիբանանահայ Երիտասարդի մը կողմէ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ-Բողոքագիր Յարգելի ՀՀ նախագահ պարոն Սերժ Սարգսեան, Ձեր Լիբանան այցի առթիւ՝ բարի գալուստ: Արդէն իսկ պիտի մեկնիք: Կը յուսամ, որ թէ՛ Լիբանանի պետական դէմքերու հետ եւ թէ՛ Լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ձեր հանդիպումները յանգեցան լաւագոյն դրական արդիւնքներուն, բոլոր կողմերուն, բայց մանաւա՛նդ մեր հայրենիք Հայաստանի համար:

Շնորհաւոր Տարեդարձդ՝ Ռատիո Եան:

4 Փետրուար 2011, հարազատ ու ընտիր համացանցային Ռատիո-ի մը հիմնադրման օր՝ որ Հայկականութիւն ներշնչեց հայ ժողովուրդին աշխարհով մէկ: Կը Շնորհաւորենք ձեր բոլորին այս օրուայ կապակցութեամբ: Երիտասարդ ընկերներու նախաձեռնութիւն մըն էր, որ իր համեստ պայմաններով կրցաւ բարգաւաճիլ եւ հասնիլ ամեն մէկ գաղութ սփիւռս աշխարհի՝ շնորհիւ բոլորին քաջալերանքներուն ու դրամական օգնութեան: Սրտանց շնորհակալենք ձեր բոլորին: Այս մէկ Read More …

Նախընտրական Խամաճիկներ

Ինչ-ինչ պատճառներով վերջերս Հայաստանի մէջ իշխանութիւն ձեռք բերած ՀՀԿ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը,  ՀՀԿ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի պարագլուխով, ասդին-անդին վազվզելով (մեծամասամբ հեւալով ), Ռատիոներն ու հեռուստացոյցները ՀՀԿ-ականներ լեցնելով, աչ ու ձախ ասուլիսներ հրաւիրելով, բերկրանքով կը հաստատեն եւ կը շնորհաւորեն  իրենց կուսակցութեան ու նախագահի քաղաքականութեան յաղթանակներէն մին՝ Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող Read More …