«Ո՛չ ոք իրաւունք ունի նման շուկայիկ ենթադրութիւններով վիրաւորանք հասցնելու տարբեր երկիրներու մէջ հանգանակութիւն կատարող մարմիններուն։» Ս.Մ
Սփիւռքի նախարարութեան կայքէջին վրայ 22 Հոկտեմբերին տեղադրուած է կոչ-յայտարարութիւն մը, որուն առաջին բաժինը եթէ անխառն ուրախութիւն կը պատճառէ, աւելի վար տեղ գտած արտայայտութիւն մը անխառն զայրոյթի ու ընդվզումի աղբիւր է։