Հաղորդագրութիւն՝ Սուրիոյ Հայութեան Գործնապէս Նպաստելու Համար
Սուրիոյ տագնապը եւ անոր անմիջական հետեւանքով ստեղծուած սուրիահայութեան տագնապալի առօրեան կ՛ահազանգէ ողջ հայութիւնը՝ զայն մատնելով մտատանջութեան: Պատմութիւնը, իր ողջ էութեամբ, կը յուշէ ժողովուրդներու անցեալի ու ներկայի ճակատագիրը, իսկ անցեալի հետքերով ենթադրութիւնները կը տանին անորոշութեան ու անձկութեան գիրկը, որուն համար անմիջական հաստատակամութեամբ ու ծառայական ոգիով պէտք է դիմել գործնական քայլերու: