Յօդուածներ

Զօրավար Գարեգին Նժդեհ եւ խմբապետ Ղազար Քոչարեան (Քաչալ Ղազար)

Նկարի կեդրոնը, Զօրավար Գարեգին Նժդեհի կողքին խմբապետ Ղազար Քոչարեան (Քաչալ Ղազար): Գողթնի վրայ ձեռնարկուած մարտական գործողութիւնն իր անտիպ յուշերում ներկայացնում է նաեւ Ղազար Քոչարեանը, որը 1920 թ. Ղափուջուղ լերան վրայով…

ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ – Hamo Ohandjanian

ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ Հայաստանի անկախացման հերոսամարտներու օրերուն, Համօ իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցաւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին, որու ընթացքին զոհուեցաւ իր Մոնիկ որդին։ 1919-ին անկախ Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9-րդ Ընդհանուր Ժողովին ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ….

ՄԵՐ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Հայութեան Քաղաքական եւ Կազմակերպական Որակի Բարձրացում Ազգի մը յառաջդիմութիւնը, քանակական եւ որակական առումով, կ’իրականանայ (պէ՛տք է իրականանայ) կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ անոր ներդաշնակ, բազմակողմանի զարգացումով: Հոն, ուր այդ զարգացումը միակողմանի…

ԿԱՐՄԻՐ ԿԱՊՈՒՅՏ ՆԱՐՆՋԱԳՈՒՅՆ ԴՐՈՇԱԿ

ԿԱՐՄԻՐ ԿԱՊՈՒՅՏ ՆԱՐՆՋԱԳՈՒՅՆ ԴՐՈՇԱԿ Կարմիր, կապույտ, նարնջագույն դրոշակ,Դու սասնա տան պես կանգնած ես մեր փառքին,Մարտե ի մարտ հաղթանակից հաղթանակ,Մասի գլխին պիտ վերծանաս արևից : Արամազդյան աստվածային դրոշակով,Դաշնակցության մեր բանակը արշավեց,Եվ…

1922 – Հատուած Սիմոն Վրացեանի գրութիւնից, որ իրականում զեկուցում է՝ ներկայացուած ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանի 29-րդ Պատգամավորական ժողովին:

Հատուած Սիմոն Վրացեանի գրութիւնից, որ իրականում զեկուցում է՝ ներկայացուած ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանի 29-րդ Պատգամավորական ժողովին: Այս գրութիւնը տեղ է գտել ՀՅԴ Բոստոնի ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրի առաջին համարում՝ Ա տարի, թիւ 1,…

Ո՞վ է Դաշնակցականը

Ո՞վ է Դաշնակցականը « Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ կրնայ ըլլալ բարոյական նկարագրի տէր եւ 18 տարեկանէն վեր ամէն անհատ, առանց սեռի խտրութեան, որ կ’ընդունի կուսակցութեան ծրագրին ու գործելակերպը, կ’ենթարկուի անոր…

«Պարոնայք, այո՛, կան նոր ճանապարհներ» Սագօ Արեան – Հարցազրոյց «Ռատիօ Եան»ի հիմնադիրի հետ

Ականատես կ՚ըլլանք մեծ եւ արագ փոփոխութիւններու։ Երկար ժամանակէ ի վեր մեր տուները «ներխուժած» համացանցը հազար ձեւ ու մարմին կը փոխէ, անշուշտ, նպատակ ունենալով դառնալ աւելի վստահելի եւ «միահեծան» տեղեկութեան աղբիւր։…

ԸՆԿ. ՀՐԱՆԴԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Մտիկ ըրի ընկ. Հրանդ Մարգարեանի արտասանած խօսքը եւ դիմատետրի վրայ կարդացի շատերու ատայայտած գնահատականները այդ խօսքի նկատմամբ, որոնք ընդհանուր առմամբ դրական են եւ երբեմն գոհացած ու խանդավառ: Նկատի ունենալով որ…

《Եւ սա ժողովրդավարութիւն է։ Եւ ժողովրդավարութեան հիմքը՝ քաղաքացիի ազատ եւ արդար քուէն է։》 Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէն ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿԸ ՍԿՍԻ ՈՒ ԿԸ ՎԵՐՋԱՆԱՅ ԱԶԱՏ ՔԱՂԱՔԱՑԻԻ ԱՐԴԱՐ ՔՈՒԷՈՎ Մի քանի օրէն պաշտօնապէս պիտի սկսի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւը, այսպէս ըսուած campaign-ը։ Անպաշտօն ընտրապայքարը սկսած էր…

《Մենք այս կետէն սկսինք, թէկուզ ըլլալով առաջին խրփոները:》Վիգէն Յովսէփեան

Ճանչցողները գիտեն որ վերջին երկու-երեք տարիներուն, որքան մտահոգ եղած եմ մեր ազգային-քաղաքական իրականութեան մէջ բանականութեան վրայ հիմնուած խօսքի արձանագրած նահանջին ուղղութեամբ: Մտահոգութիւնս եղած է այն որ քաղաքական բանավէճներուն և տարբերութիւններուն արտայայտութեան որակն ու ձևը սկսած են փոխուիլ, կեղտոտիլ, և նոյնիսկ` չարանալ:

«Ինքզինք ընկերվարական համարող և ընկերվարութիւն ջատագովող որևէ անհատ կամ կազմակերպութիւն չի կրնար պայքարիլ տնտեսական բնագաւառի մէջ արդարութեան համար, և միաժամանակ որդեգրել պահպանողական ընկերային արժեհամակարգ մը:» Վիգէն Յովսէփեան

Վիգէն Յովսէփեան

Մեր օրերու ամէնէն սխալ ընկալուած և աղաւաղուած աշխարահայեացքը ընկերվարութիւնն է: Մասամբ զայն մերժողներուն կողմէ ծրագրուած և հետեւողական խեղաթիւրումներու պատճառով, մասամբ ալ ընկերվարութեան անուան տակ ընկերվարութենէ զատ ամէն ինչի նմանող հայեացքներու չարաշահումներուն պատճառով, շատ մը միջավայրերու մէջ անաղարտ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ըստ արժանւոյն չէ հասկցուած:

«Տեսակի Կռիւը» ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

«Տեսակի Կռիւը» ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

Պարզ է, որ ամէն մարդ նոյն ձեւով չի մտածեր, ո՛չ ալ նոյն ձեւով կը գործէ. նկարագիրները կը տարբերին, նաեւ` մտածելակերպերը, տրամադրութիւնը, ճիշդի ու սխալի ըմբռնումը, ընդունելիի եւ անընդունելիի տարբերութիւնը, սկզբունքը, անկեղծութիւնն ու անոր պակասը, եւ նոյնիսկ` ԵՍ-ի գործօնը: Հետեւաբար, որոշ զննումներէ ետք, կարելի է ընկերութեան մը մէջ եղող, ապրող ու գործողները դասակարգել տարբեր ենթաբաժանումներով:

«ԺԱՄՆ Է ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ԱՄՕԹԱԼԻ ԷՋԸ» Ռուբէն Քարաքաշեան

ԿԱՐԾԻՔ – «ԺԱՄՆ Է ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ԱՄՕԹԱԼԻ ԷՋԸ» Ռուբէն Քարաքաշեան

Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ ես դաշնակցական երդում տուած անձ եմ, բայց պայմաններու բերումով կուսակցական շարքերէն կամովին հեռացած եմ։ Կը մնամ Դաշնակցութեան համակիր մեծ ընտանիքի անդամ, եւ հաւատարիմ եմ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան եւ հպարտ եմ անոր անցեալով ու վճռորոշ դերով՝ հայ ազգի վերջին աւելի քան հարիւր տարուայ պատմութեան մէջ։ Կը հաւատամ, որ եթէ չըլլար Դաշնակցութիւնը, գոյութիւն չէր ունենար ոչ առաջին հանրապետութիւն, ոչ երկրորդ եւ ոչ ալ երրորդ։

«Բոպիկ Քաղաքական Միտքի Հերթական Դրսեւորումները» ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Վերջերս Ազդակի մէջ լոյս տեսան երկու յօդուածներ՝ “Ի՞նչ Կրնան Ըլլալ Հակադաշնակցական Քարոզարշաւին Դրդապատճառները” հեղինակութեամբ Մելիք Գարագաւորեանի եւ “Բաց Նամակ` Առ Որ Անկ Է. Գաղափարը` ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրն Է «Կաղապարը»` ՀՅ Դաշնակցութեան Կանոնագիրն Է Նուիրումը` Ազգին Է Կեանքը` Հայրենիքին Է” ԱՅԲՈՒԲԷՆ գրչանունով: Այս երկու գրութիւնները նորագոյն փորձերն են հակազդելու բոլոր անոնց որոնք, ըստ յօդուածագիրներուն, կը քննադատեն Դանշակցութիւնն ու անոր գործունէութիւնը:

Արամ Արամեան (Աշոտ, Թաթուլ)

Արամ Արամեան (Աշոտ, Թաթուլ)

Դարձեալ կախաղան, դարձեալ նոր զոհ…

Օգոստոս 9/21-ին, երկուշաբթի առտու արշալուսին-գրում է Կարինից մեր ընկեր-վաշտ մը զօրքի հսկողութեամբ՝ Արամեանը բանտէն կախաղանի վայրը առաջնորդեցին: Արամը առանց մէկու մը օգնութեան, հաստատ քայլերով պատւանդանի վրայ բարձրացաւ, վայրկենաբար հաւաքւած բազմութեանը դիմեց, քանի մը ազդու խօսքերով ձաղկեց տաճիկ կառավարութեան ոճիրները, յայտնեց թէ ինքը հանգիստ հոգով կը զոհւի իր սիրած ազգին ազատութեան համար եւ ապա «կեցցէ՜ Յեղափոխութիւնը, Vive la Revolution!» գոչելով՝ ինքն իր ձեռքով չւանը վիզն անցուց…
«Ամերկեան հիւպատոսը հոն էր եւ նահատակին լուսանկարը հանեց: Դիակը ամբողջ երկու օր կախւած մնաց հրապարակին վրայ: Թիւրք ամբոխը շարունակ կ’երթար դիտելու, հայերէն՝ ոչ ոք: Երկու օր ետք միայն ամրմինը յանձնւեցաւ առաջնորդարանին եւ հայերը խուռն բազմութեամբ ու հանդէսով փութացին իրենց վերջին տխուր պարտքը տալիւ քաջարի նահատակին»…

Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը – ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

1994-ի յուլիսի չոր ու տաք առաւօտ մըն էր: Նիկոսիոյ միակ երկնաքերին` «Ղեմա Թաուըր»-ի իններորդ յարկը գտնուող գրասենեակիս պատուհանէն կը դիտէի դիմացս բացուող տեսարանը:Կապոյտ երկինքին վրայ ոչխարներու հօտի նմանող ճերմակ ամպեր արագ կ՛անցնէին: Կղզիին ամառնային խենթ հովը ոտքերուս տակ բացուող ցորենի ոսկեգոյն դաշտերու փոշին վեր կը բարձրացնէր, որ կղզիի բաժանման գիծէն սկսելով` ոլորապտոյտ կ՛երթար կորսուիլ Քիրենիոյ լեռնաշղթայի լանջերուն:

Բոլշեւիկը Արթուն է, Սփիւռքահայը՝ Քնացած – Նամակ Երկրէն

Րաֆֆի Տուտագլեան

Բոլշեւիկը նստած է մեր մէջ: Բոլշեւիկը արթուն է: Կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ անուն ունի ան: Կարեւոր չէ, թէ ո՞ր կուսակցութեան մէջ թաքնուած է ան: Կարեւոր չէ, թէ Նժդեհի կամ Անդրանիկի անունով հանդէս կու գայ… Երկրորդական են այս հարցադրումները, քանի որ հայու բոլշեւիկ տեսակը հոգեկան հիւանդութիւն է, Սթոքհոլմեան ախտանիշի կրողը, սիրահարուած՝ զինք հալածողին, ճնշողին, բանտարկողին, իր դահիճին… Հայ բոլշեւիկ տեսակը, Նժդեհի նկարագրածով՝ տականքը, հանդէս կրնայ գալ ոեւէ անունով, որեւէ պատմուճանով…

Ամսուան Ծանր Օղս – Ասպետ Հ.

Ճիշդ է, այս անգամ եւս նշմարեցի… Ժողովուրդը, մանաւանդ երկրին կորիզը ներկայացնող երիտասարդութիւնը կ’ապրի յուսալքուած։ Հիասթափուած է որովհետեւ չունի յենարան, չունի յոյս ապագայի նկատմամբ, չի հաւատար այսօրուան ստուեր քաղաքականութեան ու այդ…

ԾՐԱԳԻՐ – ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ – 1998

ԾՐԱԳԻՐ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Հաստատուած Հ.Յ.Դ. Ի 27-րդ Ընդհանուր (Արտակարգ) Ժողովին կողմէ – 1998 Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր էութեամբ, աշխարհայեացքով եւ աւանդներով ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է: Հայ…

Ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի խօսքը՝ Փետրուար 1976ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, տեղւոյն պահակ տղոց նուիրուած ձեռնարկի մը առթիւ։

 

Փա՜ռք Ձեզի…

Կեանքի մէջ չկայ աւելի մեծ հաճոյք եւ երջանկութիւն, քան այն, որ մարդ արարք մը կը գործէ եւ ատով կը խանդավառէ իր շրջապատը: Չկայ աւելի գեղեցիկ զգացում, քան այն զգացումը, որ մարդ իր կեանքին մէջ զոհողութիւն կ՚ընէ, որպէսզի իր շրջապատին պատճառէ վայելքի այն պահը, գնահատանքի այն զգացումը, որ բոլոր գաղափարական գործերուն եւ նուիրումներուն ակունքն է: Եւ ատկէ ետք չկայ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան այն ուրախութիւնը, որ մարդիկ միասին կ՛անցնեն:

Հաց Բերողն Ու… Գաղափարական Սովը

Արդէն 17 օրէ ի վեր «Հաց բերողը» հացադուլի մէջ է: Անոր Առողջական վիճակը օրէ օր կը վատթարանայ եւ արդէն իսկ հիւանդ մարմինը կը հիւծի շատ աւելի արագ քան կարելի է պատկերացնել: Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, քաղաքական դէմքեր, մարդկային իրաւանց հարցերով զբաղող մարդիկ, իրաւաբաններ, ընկերներ, հարազատներ եւ ընտանիքի անդամներ ամէն օր կը յորդորեն «Հաց Բերող»ին, որ հրաժարի հացադուլէն, որովհետեւ իր հիւանդ մարմինը շատ երկար չի դիմանար, մահը անխուսափելի է… Բայց «Հաց Բերող»ը կը մնայ անդրդուելի:

2016ի Յուլիսին, երբ խումբ մը զինեալներ գրաւած էին Էրեբունիի ոստիկանական գունդի կեդրոնը, Արթուր Սարգսեան անունով մարդ մը իր ինքնաշարժով ճեղքեց ոստիկանական պաշարման շղթան եւ սնունդ հասցուց 10 օրէ ի վեր այնտեղ գտնուող եւ «Սասնայ Ծռեր» անունով հանդէս եկող զինեալներու խումբին: Այդ օրէն ի վեր, Արթուր Սարգսեանը ստացաւ «Հաց Բերող» անունը եւ մինչեւ այսօր կը ճանչցուի իբրեւ այդպիսին:

Լափշինը, Հաց բերողը, եւ նեղ-ազգային հռետորաբանութիւնը

Կանխաւ նշեմ, որ Լափշինի ու “հաց բերող” Արթուրի պարագաները աւելի ընդհանրական խնդրի մը շուրջ խորհրդածելու համար դիտարկուող օրինակներ են պարզապէս. քննուող հարցը չի սահմանափակուիր անոնցմով։ Հարցը կը վերաբերի սփիւռքի մէջ տիրող քաղաքական հռետորաբանութեան (discourse), որ անշուշտ ունի Հայաստանի մէջ իր հակամասը (counterpart) որմէ կը սնուի։ Պարզաբանելու եւ յառաջանալու համար անցնիմ օրինակներուն։