Հրայր Մարուխեան Ղեկավարը – ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
1994-ի յուլիսի չոր ու տաք առաւօտ մըն էր: Նիկոսիոյ միակ երկնաքերին` «Ղեմա Թաուըր»-ի իններորդ յարկը գտնուող գրասենեակիս պատուհանէն կը դիտէի դիմացս բացուող տեսարանը:Կապոյտ երկինքին վրայ ոչխարներու հօտի նմանող ճերմակ ամպեր արագ կ՛անցնէին: Կղզիին ամառնային խենթ հովը ոտքերուս տակ բացուող ցորենի ոսկեգոյն դաշտերու փոշին վեր կը բարձրացնէր, որ կղզիի բաժանման գիծէն սկսելով` ոլորապտոյտ կ՛երթար կորսուիլ Քիրենիոյ Read More …