
«Ինքզինք ընկերվարական համարող և ընկերվարութիւն ջատագովող որևէ անհատ կամ կազմակերպութիւն չի կրնար պայքարիլ տնտեսական բնագաւառի մէջ արդարութեան համար, և միաժամանակ որդեգրել պահպանողական ընկերային արժեհամակարգ մը:» Վիգէն Յովսէփեան
Վիգէն Յովսէփեան Մեր օրերու ամէնէն սխալ ընկալուած և աղաւաղուած աշխարահայեացքը ընկերվարութիւնն է: Մասամբ զայն մերժողներուն կողմէ ծրագրուած և հետեւողական խեղաթիւրումներու պատճառով, մասամբ ալ ընկերվարութեան անուան տակ ընկերվարութենէ զատ ամէն ինչի նմանող հայեացքներու չարաշահումներուն պատճառով, շատ մը միջավայրերու մէջ անաղարտ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը ըստ արժանւոյն չէ հասկցուած: