
«Այլեւս ամչցէ՛ք…» Գրուած 29 սեպտեմբեր 2009-ին (բայց մինչ օրս ուժի մէջ)
Այլեւս ամչցէ՛ք… Այո ժողովուրդ, բառին բուն իմաստով՝ թող ամչնան: Թող ամչնան, որովհետեւ իրենք՝ աշխարհասփիւռ հայութեան յոյսն ու ապաւէնը հանդիսանալու կոչուած Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները, նոյնիսկ եթէ անգիտակցաբար, բայց փաստօրէ՛ն կը նպաստեն Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան եւ անոր աջակից կ’ըլլան: