
《Մենք այս կետէն սկսինք, թէկուզ ըլլալով առաջին խրփոները:》Վիգէն Յովսէփեան
Ճանչցողները գիտեն որ վերջին երկու-երեք տարիներուն, որքան մտահոգ եղած եմ մեր ազգային-քաղաքական իրականութեան մէջ բանականութեան վրայ հիմնուած խօսքի արձանագրած նահանջին ուղղութեամբ: Մտահոգութիւնս եղած է այն որ քաղաքական բանավէճներուն և տարբերութիւններուն արտայայտութեան որակն ու ձևը սկսած են փոխուիլ, կեղտոտիլ, և նոյնիսկ` չարանալ: