«Իշխանացած Անմահ Ընկեր»
29 Դեկտեմբեր 1982 – Առեւանգում Աբրահամ Աշճեանի
Ընկ. Աբօ ուղակի շառաւիղն էր Դրաստամատ Կանայեանի՝ Դրոյի, թողած աւանդին: Դրոյի կողմէ կազմուած, անոր շունջին տակ դաստիարակուած ու կազմաւորուած էր: Ընկ. Աբօ անկողմնակալ պայքարող մըն էր, որ ունէր փոթորկոտ հոգի «ազատութիւն կամ մահ» հասկացողութեան նկատմամբ ամուր հաւատք եւ վճռական մօտեցում:
Դաշնակցականի մարտական խիզախութիւնն ու անսպառ կորովը, խստապահանջ կարգապահութիւնը եւ անխարդախ նուիրումը եղան ընկ. Աբոյի ցայտուն յատկանիշները:
Ինչպէս իր կենդանութեան, նոյնպէս եւ իր առյաւէտ բացակայութեան պայմաններուն մէջ, խորհրդաւորութիւնը կը շարունակէ պարուրել մեր մեծ ընկերոջ անձն ու գործը: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ բեմերէ եւ լուսարձակներէ միշտ հեռու՝ լուռ անձնուիրութեան եւ արթուն պահակի առաքելութեան կոչուած, տքնաջան աշխատանքի վարպետ Գործիչն էր ի վերջոյ Աբօ Աշճեան: Աւելի քան քառորդ դար անդադար եւ անվեհեր վազք մը եղաւ ընկեր Աբոյի կեանքը: Ընկ. Աբօ կը մարմնաւորէր արդարադատ բազուկը 1970ական թուականներուն ծաւալած Հայ Դատի ուժական պայքարին:
Թէեւ դաշնակցութեան կազմակերպական աւանդներուն անյարիր է անփոխարինելի կորուստներու գաղափարը այսուհանդերձ, ընկ. Աբոյի առեւանգումով դաշնակցական ուրոյն դպրոցի մը ամէնէն տիրական դէմքը ընդմիշտ կը հեռացուէր հայ ազատագրական շարժման պայքարի բեմէն:
Ընկ. Աբօ կը պատկանէր ՀՅ Դաշնակցութեան սփիւռքեան այն հաւատաւոր սերունդին, որ մեծ ներդրում ունեցաւ կուսակցութեան յեղափոխական աւանդները երիտասարդութեան միտքին ու հոգիին մէջ վերանորոգելու իմաստով: Իր բովանդակ կեանքին ընթացքին ընկեր Աբօ տիրական ազդեցութեամբ կլանեց Դաշնակցութեան եկող եւ Հայ Դատին համար պայքարի դաշտ նետուելու պատրաստ երիտասարդները…