«Առաջ Հայաստան»… Մինչեւ ե՞րբ, Եւս 5 տարի՞:

 

Ըստ ՄԱԿ-ի ժողովրդագրական տուեալներուն,  մինչեւ 2025 թուական ընկերային ծանր պայմանները պատճառ պիտի դառնան, որ Հայաստանի բնակչութիւնը նուազի 25 առ հարիւր համեմատութեամբ:

Անկախութենէն ետք կրկնապատիկ անգամ նուազած է ծնելիութեան ու ամուսնութիւններու թիւը:

Խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն ընթացքին ծնելիութիւնը բարձրացնելու հարցը ընդգրկուած էր կարգ մը կուսակցութիւններու նախաընտրական ծրագիրներուն մէջ:

Ժողովրդագրական այս իրողութիւնը սպառնալիք է ազգային անվտանգութեան դէմ, նկատի ունենալով, որ մինչեւ 2025 թուական Ազրպէյճան պիտի ունենայ 31 տոկոս բնակչութեան աճ, իսկ Թուրքիա 43 տոկոս աճ (մասնագէտները ատիկա կը բացատրեն առկայ տուեալներով):

Հայկական ընկերա-ժողովրդագրական նախաձեռնութեան նախագահ Ռուբէն Եգանեան հետեւեալը կ՛ըսէ այս նիւթին շուրջ. «Հայաստանի հիմնական ժողովրդագրական ցուցանիշներուն արդիւնքները խիստ մտահոգիչ են: Բացի անկէ, որ ժողովուրդին թիւը կը նուազի, կը փոխուի նաեւ ժողովրդագրական կառոյցը. երիտասարդներուն թիւը կը պակսի, իսկ տարեցներուն թիւը կ՛աւելնայ, ընկերային բեռը կը մեծնայ, եւ այդ իրողութիւնը առաւել ծանր կացութիւն կը կանխատեսէ ժողովուրդին համար»: Եգանեան կ՛աւելցնէ նաեւ, որ ժողովրդագրական ցուցանիշները յոյժ կարեւոր են երկրի հետագայ տնտեսական կարելիութիւնները եւ պաշտպանութեան հարցերը հասկնալու համար:

Եթէ մինչեւ 1990-ական թուականներ Հայաստանի մէջ կը ծնէր տարեկան մօտաւորապէս 80 հազար երեխայ, ապա այսօր անոնց թիւը 37 հազար է: Հակառակ ատոր, աւելցած է մահերուն թիւը. եթէ 1990-ին գրանցուած էր 22 հազար մահուան դէպք, ապա 2011-ին այդ ցուցանիշը 27 հազար էր:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մասնագէտ Կարինէ Գույումճեանի խօսքերով, յետխորհրդային շրջանին կը նկատուի նաեւ ամուսնութիւններու ցուցանիշի կտրուկ նուազում: Եթէ 1990-ական թուականներու 3.5 միլիոն բնակչութեան պարագային` տարեկան 28 հազար ամուսնութիւն գրանցուած էր, ապա այսօր այդ թիւը 3.2 բնակչութեան պարագային` ընդամէնը 16.5-17 հազար է:

Ըստ ընկերաբան Ահարոն Ադիբեկեանի, Հայաստանի մէջ ո՛չ թէ չեն փափաքիր ամուսնանալ եւ զաւակ ունենալ, այլ չեն կրնար` ընկերային, բնակարանային հարցերու եւ արտասահման աշխատանքի մեկնելու պատճառներով: Կարեւոր հարց է նաեւ տղամարդոց թիւի պակասը:

«Ո՞վ կը հետաքրքրուի Հայաստանի ժողովրդագրական իրավիճակով: Ատոր մասին պիտի մտածեն այն ատեն, երբ անկարելի պիտի ըլլայ վերականգնել ժողովրդագրական վիճակը, եւ երբ այլեւս մանչ զաւակ չեն գտներ բանակ տանելու համար», կ՛ըսէ Ադիբեկեան:

Առայժմ ծնունդներուն թիւը 10.000-ով աւելի է` մահուան պարագաներու հետ բաղդատմամբ, սակայն ժողովրդագրագէտ Եգանեան կը կանխատեսէ, որ 5-10 տարի ետք մահացածներու թիւը պիտի գերազանցէ ծնունդներու թիւը:

Ըստ անոր, Հայաստան ժողովրդագրական քաղաքականութիւն չի վարեր եւ ատոր վատթարացման վրայ կ՛ազդեն թէ՛ ուղղակի եւ թէ՛ անուղղակի ազդակներ:

Նմանօրինակ գործօններէն մէկն է արտագաղթը, որ լուրջ ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի ժողովրդագրական իրավիճակին վրայ: Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին, ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն, արտագաղթած են մօտաւորապէս 900 հազար հայաստանցիներ, որոնց 65 տոկոսը աշխատող է եւ ճնշիչ մեծամասնութեամբ` տղամարդիկ, որոնք կրնան զաւակ ունենալ: Ահաւասիկ ասիկա պատճառ դարձած է, որ սեռերու համեմատութիւնը կտրուկ կերպով փոխուի:

Եթէ նախապէս ընդունուած էր 2-3 երեխայով ընտանեկան պատկեր մը, ապա ներկայիս միտումները կ՛առաջնորդեն դէպի մէկ, լաւագոյն պարագային երկու երեխայով ընտանիքի տարազ, որ ըստ ազգագրագէտ Հրանուշ Խառատեանի, աւանդութեան փոփոխութեան հետեւանք չէ, այլ հետեւանք է ընկերային անբարենպաստ իրավիճակի:

«Եւրոպական երկիրներու բաղդատմամբ, էապէս տակաւին չեն փոխուած աւանդական ընտանիքի պատկերացումները: Ներկայիս հայաստանցի երիտասարդներուն գերակշռող մէկ մասը կը փափաքի ամուսնանալ ու ընտանիք կազմել: Անոնք ընտանիքը կը պատկերացնեն միայն երեխաներով: Սակայն մեծամասնութիւնը վստահ չէ, թէ պիտի կարենայ պահել այդ զաւակները, վաղուան նկատմամբ հաւատք չկայ», կ՛ըսէ Խառատեան:

Ծնունդներու նուազման վրայ բարոյա-հոգեբանական մթնոլորտի ազդեցութիւնը, հոգեբան Սվեթլանա Արուտչեանի հաւաստիացումով, չափազանց կարեւոր է, սակայն այդ ազդեցութիւնը կրնայ նուազիլ, եթէ,  օրինակ, պետութիւնը տնտեսական բարեփոխումներ իրականացնէ երկրին մէջ:

«Մարդ ինքզինք անպաշտպան կը զգայ երկրին մէջ եւ բնական է, որ խուսափի երեխայ ունենալէ,  որովհետեւ չի գիտեր, թէ իր զաւակը ապահով մանկութիւն պիտի ունենա՞յ, թէ՞ ոչ: Ամէն ինչ կը սկսի ծննդատունէն. եթէ լաւ վճարում մը չկատարես բժիշկին, չես գիտեր, թէ երեխան առողջ ու առանց վնասուածքներու կը ծնի՞, թէ՞ ոչ», կ՛ըսէ Արուտչեան:

2005-ին պետութիւնը ծնունդները խրախուսելու համար կարգ մը միջոցներ ձեռնարկեց, օրէնք ընդունելով այն մասին, որ բժշկական բոլոր հիմնարկներու եւ ծննդատուներու մէջ յղիներ պէտք է օգտուին անվճար սպասարկութենէ:

Սակայն այս օրէնքը, կարգ մը այլ օրէնքներու նման, թուղթի վրայ մնաց, իսկ իրականութեան մէջ երեխայ ունենալը կը շարունակէ սուղ հաճոյք նկատուիլ: Երեւանի ծննդատուներուն մէջ երեխայ ունենալը կ՛արժէ 300-400 տոլար: Կեսարեան ծննդաբերութեան ժամանակ այդ գինը կ՛աւելնայ:

Լուրջ հարց է նաեւ բնակարաններու խնդիրը: Խորհրդային տարիներուն հերթագրումով պետութիւնը բնակարանով կ՛ապահովէր երիտասարդ ընտանիքները:

«Եթէ ընտանիքի մէջ երկու մանչ զաւակներ կան եւ անոնցմէ մէկը արդէն ամուսնացած է ու կը բնակի ծնողներուն հետ, ապա միւս զաւակը չի կրնար ամուսնանալ, քանի որ նոյն տան մէջ մեծապէս դժուար է երեք ընտանիքով ապրիլ: Այսպիսի երեւոյթներ պատճառ կը դառնան, որ ամուսնութիւններու թիւը նուազի, իսկ ամուսնալուծումներն ալ աւելնան», կ՛ըսէ Ահարոն Ադիբեկեան:

ԳԱՅԵԱՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Souce: AztagDaily.Com 

Comments

comments