Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանին
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ-Բողոքագիր
Յարգելի ՀՀ նախագահ պարոն Սերժ Սարգսեան,
Ձեր Լիբանան այցի առթիւ՝ բարի գալուստ: Արդէն իսկ պիտի մեկնիք: Կը յուսամ, որ թէ՛ Լիբանանի պետական դէմքերու հետ եւ թէ՛ Լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ձեր հանդիպումները յանգեցան լաւագոյն դրական արդիւնքներուն, բոլոր կողմերուն, բայց մանաւա՛նդ մեր հայրենիք Հայաստանի համար:
Թոյլ տուէք, որ համարձակութիւնը ունենամ այս նամակով ներկայանալու ձեզի, որպէս Լիբանանահայ երիտասարդ, ամփոփ ձեւով փոխանձելու համար Հայրենիքի առնչուած կարգ մը մտահոգութիւններ: Կը հաւատամ, որ այս նամակի կարեւորութիւնը կը կայանայ այն կէտին մէջ թէ՝ յայտնուած մտահոգութիւնները այս տողերու հեղինակինը չեն միայն, այլ գաղութի երիտասարդութեան մէջ գոնէ մասամբ տեղ գտած են անոնք: Տողերս գրողը միջնորդի դեր կը կատարէ պարզապէս: Ուստի ”Լիբանանահայ երիտասարդ մը” ստորագրութիւնը ամէնէն յարմարը պիտի ըլլայ:
Յարգելի նախագահ, պարտիմ յայտնել որ մենք ցաւով կ’իմանանք, թէ մեր շատ սիրելի Հայաստանի մէջ
Չկան իսկապէ՛ս արդար ընտրութիւններ
Կայ ահաւոր փտածութիւն
Չկայ դատական արդար համակարգ
Կայ իշխանաւորի կամայակատարութիւն
Չկայ մարդկային տարրական իրաւունքներու պահպանում
Կայ խոշտանքում, ծեծ, սպանութիւն՝ իշխանական համակարգի մեղսակցութեամբ
Չկայ գուրգուրանք Հայրենի մշակութային եւ բնական հարստութեանց հանդէպ
Կայ վայրագ դրամատիրութեան անսանձ եւ անբարոյ կիրարկում
Մենք ցաւով կը լսենք, թէ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական եւ բարոյահոգեբանական անտանելի պայմաններուն ի տես՝
Մեր հայրենակիցները կը դիմեն արտագաղթի, եթէ ոչ՝ անձնասպանութեան
Հայաստանը ամէն օր քիչ մը աւելի կը պարպուի հայութենէ
Վստահ ենք որ Հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցները կրնան հարստացնել այս ամօթալի ցանկը: Զուրկ ըլլալով քաղաքական տարազէ, եւ խօսելով պարզապէս որպէս մեր հայրենակիցներով եւ հայրենիքով մտահոգ լիբանանահայ երիտասարդ, կը բաւարարուիմ յայտնելով հայրենի ժողովուրդի՛ն առնչուող մեր մտահոգութիւնները, իսկ ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հարցադրումները կը թողեմ աւելի մասնագէտներու: Թոյլ տուէք սակայն առանձնացնել Ջաւախահայութեան պարագան. ան այլ բան չէ եթէ ոչ հայրենի ժողովուրդ: Հետեւաբար արժանի է մեր պետականութեան բծախնդի՛ր եւ պատասխանատու՛ գուրգուրանքին, ու ո՛չ մէկ ատեն կրնայ մատնուիլ մոռացութեան կամ արհամարհանքի…Ահա եւ կը պարզուի ա՛յլ մտահոգութիւն մը, որ ձեր գլխաւորած իշխանութեան պէտք է ուղել…
Եզրափակելով՝
Պէտք է յայտնել, որ կասկածէ դուրս է թէ ներկայ կացութեան վախճանը կախեալ է երկրի ներկայ իշխանական վարչակարգէն, որ նաեւ պատճառներէ՛ն մէկն է անոր: Կասկածէ դուրս է թէ հայրենի ժողովուրդին դիմաց պատասխանատու է այդ վարչակարգը:
Պէտք է անկեղծօրէն յայտնել նաեւ թէ մեր սիրելի Հայրենիքին մէջ տիրող իրավիճակին, անարդարութիւններուն եւ շահագործումներուն ի տես, մենք չենք կրնար առ յաւէտ ձեռնածալ մնալ:
Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի, Հայաստանի նախագահութեան խստապահանջ պաշտօնի վարման ընթացքին:
Յարգանքով՝
Լիբանանահայ Երիտասարդ մը