Ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի խօսքը՝ Փետրուար 1976ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, տեղւոյն պահակ տղոց նուիրուած ձեռնարկի մը առթիւ։

 

Փա՜ռք Ձեզի…

Կեանքի մէջ չկայ աւելի մեծ հաճոյք եւ երջանկութիւն, քան այն, որ մարդ արարք մը կը գործէ եւ ատով կը խանդավառէ իր շրջապատը: Չկայ աւելի գեղեցիկ զգացում, քան այն զգացումը, որ մարդ իր կեանքին մէջ զոհողութիւն կ՚ընէ, որպէսզի իր շրջապատին պատճառէ վայելքի այն պահը, գնահատանքի այն զգացումը, որ բոլոր գաղափարական գործերուն եւ նուիրումներուն ակունքն է: Եւ ատկէ ետք չկայ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան այն ուրախութիւնը, որ մարդիկ միասին կ՛անցնեն:

Միասի՛ն ըլլալ, միասի՛ն պայքարիլ, միասի՛ն յոգնիլ, միասի՛ն տխրիլ եւ միասի՛ն հրճուիլ. մէ՛կ զգալ տասնեակ հազարներու մէջ եւ տասնեակ հազար անգամ զօրաւոր զգալ իւրաքանչիւր անձի մէջ: Չկայ աւելի մեծ զգացում, մարդկային հոգիին ստեղծագործ հանճարին թռիչք ու թափ տուող զգացում, քան այն զգացումը, երբ կը նկատես, որ երբ կը հարուածես, քու բազուկիդ հետ կը հարուածեն տասնեակ հազարներ, երբ ճակատդ կը բարձրացնես, քեզի հետ իրենց ճակատը բարձր կը պահեն տասնեակ հազարներ: Չկայ աւելի վսեմ զգացում, քան այն զգացումը, որ երբ դուն արիւն կու տաս երակներէդ, արդէն տասնեակ հազարներու արցունքը կը սրբես, երբ դողացող մանկան վախի սարսափի դողը ուրախութեան ժպիտի կը վերածես ընտանեկան յարկին մէջ, երբ քու ժողովուրդիդ նուաստացած ճակատը մէկ վայրկեանէն միւսը հպարտութեան փայլատակումի կը վերածես ազնուական քու մէկ զոհաբերութեանդ իբրեւ հետեւանք: Այսպէ՛ս կÿապրին ազգերը, այսպէ՛ս կը մեծնան անհատները, ամէնէն պարզերէն սկսեալ, երբ անբաժանելի մէկ մասնիկը կը զգան ազգին. եւ այսպէս ազգերը կը յաւերժանան, երբ գիտեն անձին մէջ ամբողջ ազգը դնել եւ ազգին մէջ անհատը ամբողջ իր բովանդակ ուժով արտայայտել: Եւ մենք ահաւասիկ մեր երիտասարդներուն հետ, այսինքն մենք մեզի հետ, այսինքն մենք մեր խղճմտանքին հետ, այսինքն մենք եւ մեր ազգային արժանապատուութիւնը դէմ յանդիման, այսինքն՝ ուրիշ խօսքով մենք եւ մեր պատմութիւնը մեր մեռելներուն գերեզմանին առջեւ կեցած հիմա կÿըսենք. Մասն ենք հայ ժողովուրդին, մաս կը կազմենք հայոց պատմութեան յաւիտենական օղակին: Հայ ժողովուրդը հպարտ զգալու այդ հաւաքական զգացումը ունեցաւ կամ կ՚ունենայ, երբ մեզի կը նայի աշխարհի չորս կողմերէն, մեր մեռելները իրենց գերեզմաններուն մէջ անգամ կÿունենան աննիւթական զգացումը, թէ իրենք չեն մեռած, որովհետեւ մենք կÿապրինք իրենց իտէալներով, իրենց արեամբ եւ իրենց զոհաբերութեան գերագոյն ոգիով: Եթէ մենք այո՛ պատասխանենք, ուրեմն այն ատեն մենք մաս կը կազմենք հայոց պատմութեան եւ հայոց ժողովուրդին անբաժանելի գանձը կը կազմենք:

Հիմա աչքիս դիմաց կը տողանցէ մեր տղոց ընթացքը հայկական մեր բոլոր թաղերուն մէջ, ազգային եւ կուսակցական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, եւ ինծի կը թուի, թէ չկար հայ մը, չկար մանուկ մը եւ ծեր մը, չկար ո՛չ մէկ հայ մարդ, առանց կուսակցական, դաւանական որեւէ խտրութեան, որ մեր տղաքը տեսաւ եւ չըսաւ. Հոս հայութիւն կա՛յ, հոս հայկականութիւն կա՛յ, հոս յեղափոխութիւն կա՛յ, հոս Դաշնակցութիւն կա՛յ եւ, հոս, մեր տղոց մէջ եւ մեր տղոց միջոցով, ամբողջ ազգը կայ: Եւ իրականին մէջ իւրաքանչիւր զէնքի, իւրաքանչիւր երիտասարդի մէջ ամբողջ ազգը կար եւ այդ ազգը յաւերժական հայ ժողովուրդն էր իր յաղթական երթով: Եւ ահաւասիկ մեզի հիմա յիսնամեակ մը, հարիւրամեակ մը նոր թափով եւ արիւնով նոր ուժ ամբարեցինք հպարտութեամբ քալելու համար հայոց պատմութեան ճամբէն: Բովանդակ սփիւռքը ձեզի նայելով, տղա՛ք, հարիւր տարիով երկարաձգեց իր կեանքը, որովհետեւ դուք իբրեւ մեր ժողովուրդի հոգիին հարազատ պատկերը՝ թոյլ չտուիք, հոն, ուր հնարաւորէր, որ մեր ծերունիները դողան սարսափի տակ, որ մեր մայրերն ու քոյրերը արցունքոտ աչքերով նային իրենց զաւակներուն, որ դո՛ւք ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առիք, որպէսզի ձեր անունը, հայ ժողովուրդի անունը, ձեր գաղափարական մաքրութիւնն ու մաքրակրօնութիւնը որեւէ բիծի եւ որեւէ նուաստացումի չենթարկուին:

sarkis zeytlian

Փա՜ռք ձեզի:

Փա՜ռք այս երիտասարդութիւնը ծնող ժողովուրդին, ճա¯ռք այս երիտասարդութիւնը դաստիարակող եւ գործի նետող կազմակերպութեանց. եւ որովհետեւ մենք, իբրեւ ժողովուրդ, արժանի ենք այս փառքին, իբրեւ կազմակերպութիւն արժանի ենք 85ամեայ մեր փառքին, մեր միակ պատասխանը, միակ հակազդեցութիւնը այսուհետեւ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ մէկ բառ է միայն. Մի՛շտ պատրաստ այս ժողովուրդին ծառայելու եւ մի՛շտ պատրաստ մեր ժողովուրդին միութիւնը, միասնականութիւնը, ամբողջութիւնը կրանիթեայ ամրութեամբ պահպանելու, որպէսզի անիկա յաղթական քայլերով ընթանայ դէպի յաւերժութիւն:

Ազգերը մեծ գաղափարներով կը մեծնան: Ինչպէս մեղուները, իրենց թագուհի մեղուին հետ, ուր որ երթան, կը համախմբուին եւ կը դառնան փեթակ ու կը ստեղծեն բարիք, այնպէս ալ ազգերը, այնքան ատեն որ իրենց մայր գաղափարներուն շուրջ գիտեն փեթակներ ստեղծել՝ աշխարհի բոլոր ծաղիկներուն բոլոր թանկագին հիւթերը հաւաքելով, այդ պարագային այդ փեթակները կը դառնան ազգին յաւերժութեան հիմնական կռուանները, եւ այդ մեծ գաղափարներն են ահաւասիկ, որ մեզ պիտի առաջնորդեն մի՛շտ: Մէկ հայրենիքի գաղափարը, ամբողջական, անբաժանելի, յաւերժական հայրենիքի գաղափարը, ազգի՛ գաղափարը՝ անոր միութեան, յաւերժութեան, մարդկային ընտանիքի մեծագոյն եւ ընտիր անդամներէն մէկը ըլլալու անոր հանգամանքին իսկ մէջէն: Այնուհետեւ, հայոց հայրենքի եւ հայոց ժողովուրդին անկախութեան գաղափարը, որովհետեւ համախումբ կեանքը, միութիւնը, փրկութեան միակ բանալին է ազգերուն համար: Միութենէն դուրս, համախումբ կեանքէ դուրս ազգ գոյութիւն չունի, եւ դուք ուշադրութիւն ըրէք, մեծագոյն դասը, որ լիբանանեան պատմութեան այս մեծ փորձութեան ընթացքին մենք կրնանք քաղել. Ո՞ւր հայութիւնը հայութիւն զգաց, հո՛ն, ուր համախումբ կեանք ունէր, հո՛ն, ուր հայը հայուն կառչած էր, հո՛ն, ուր մենք դարձած էինք փեթակ: Իսկ հակառակ անոր որ թիւով աւելի մեծ բազմութիւններ ունէինք այլուր, ցրուած, անոնք որեւէ արժէք եւ նշանակութիւն չբերին, չկրցան, չէին կրնար, որովհետեւ համախումբ կեանքի մէջ է մեր ուժը, մեր հանճարը, ապրելու արուեստը, այլապէս այնքան ատեն որ ցրուինք, այնքան ատեն որ բաժանբաժան ըլլանք, այնքան ատեն որ տարտղնուինք, սառոյցի կտորներու պէս արեւուն տակ պիտի հալինք, այնքան ատեն որ կեդրոնանանք, կողքկողքի ըլլանք, միանանք, համախմբուինք եւ հայութեան միութիւնը պահպանենք բոլոր պայմաններու մէջ եւ ի գին բոլոր զոհաբերութեանց, մենք այն ատեն պիտի ապրի՛նք, պիտի ապրեցնենք հայրենիքի գաղափարը, Հայաստանը պիտի ապրի մեր մէջ եւ մենք Հայաստանի մէջ, եւ օր մը պիտի իրականանայ մեր ազգային մեծագոյն երազը. այն երազը, որ մեր լինելութեան աղբիւրն իսկ է: Ահաւասիկ այս հաւատքով ես կը նայիմ մեր ժողովուրդի ապագային, ի տես այն երիտասարդութեան, որ ինծի հպարտութիւն ներշնչեց. վստահ եմ, որ չկար մանուկ մը, ծեր մը եւ հայ մը, ոչ միայն մեր գաղութին, այլեւ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, որ այս տղոց մասին լսելով՝ հպարտ չզգաց իբրեւ հայ, յաղթական չզգաց իբրեւ հայ, եւ իր ուժերը չտասնապատկեց ու չհարիւրապատկեց իբրեւ հա՛յ ապրելու, տոկալու ու յաղթանակելու համար:

Ապրի՛ք, դուք եւ ձեզի հետ մեր ժողովուրդը՝ հայրենիքի անկախութեան, միութեան եւ հայ ազգի միութեան ու անմահութեան վեհ գաղափարներուն իբրեւ դրօշ:

Comments

comments